Լրահոս

ՇՈՒՇԻԻ ՄԷՋ “ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ“Ի ԿԵԴՐՈՆ

artsakh

Ի յիշատակ իրենց հօր` Յակոբ ժամկոչեանի, Նիւեորքաբնակ տէր եւ տիկին Նուպար եւ Մելինէ Գարագաշեաններ Լիբանանի “Արցախ ֆոնտ“-ին նուիրեցին Շուշիի մէջ տուն մը, որ այսուհետեւ պիտի վերանորոգուի եւ իբրեւ կեդրոն պիտի ծառայէ ֆոնտի զանազան աշխատանքներուն: Յակոբ Ժամկոչեան եղած է Պէյրութի Հ.Յ.Դ. “Քրիստափոր“ կոմիտէութեան ընկերներէն եւ հեղինակն է յուշագրական “Յիշատակ մնացողաց“ գիրքին:

Կեդրոնը կը գտնուի Շուշիի Ամիրեան թաղամասին մէջ, Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մօտերը: Կալուածի պաշտօնական արձանագրութեան ծախսերը եւ պետական տուրքերուն վճարումը, ստանձնեց լիբանանահայ գործարար Վահան Գասարճեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button