Լրահոս

 Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Բաց Նամակը` Եւրոմիութեան Ներկայացուցիչ Կրոնոյին

 Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը ( բաց նամակ յղեց Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնոյին` «խոր հիասթափութիւն» յայտնելով վերջինիս մասնակցութենէն՝ Ատրպէյճանի կառավարութեան կազմակերպած դէպի բռնագրաւուած Արցախ այցելութեան:
 Բաց նամակին մէ Հ․Յ․Դ․ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան խստօրէն կը դատապարտէ եւրոպացի պաշտօնատարներուն մասնակցութիւնը Պաքուի բեմադրուած ցուցադրութեան՝ նշելով․ «Ինծի համար՝ իբրեւ ԵՄ 13 անդամ պետութիւններուն մէջ յանձնախումբեր ունեցող եւրոպական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ եւ պարզապէս իբրեւ եւրոպացի քաղաքացի, որ կը հաւատայ, թէ մարդկային արժանապատուութիւնը անձեռնմխելի է, ցաւալի էր ականատես ըլլալ, թէ ինչպէ՛ս  եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտները դարձան Պաքուի բռնապետական վարչակարգին կողմէ մանրակրկիտ մշակուած ներկայացման մասնակից»։
 Կարապետեան կ՛ընդգծէ, որ կայ տարբերութիւն դիւանագիտական կապերուն եւ պետական մակարդակով իրականացուող պատմական դէպքերու աղաւաղման հանդիսատես դառնալու միջեւ.
 «Մենք լիովին կ՛ընդունինք, որ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը պէտք է կապ հաստատէ բոլոր կողմերուն հետ, եւ որ տարածաշրջանին անմիջականօրէն ծանօթանալը կարեւոր է: Այնուամենայնիւ, էական տարբերութիւն կայ տեղւոյն վրայ իրողութիւններուն անաչառ կերպով ականատես ըլլալուն եւ Ատրպէյճանի կազմակերպած քարոզչական այցելութեան մասնակցելուն միջեւ: Կարելի է իրավիճակին ծանօթանալ` առանց վիրաւորելու արժանապատուութիւնը այն ժողովուրդին, որ ընդամէնը երեք տարի առաջ բռնի տեղահանուեցաւ` ենթարկուելով սովի եւ շրջափակման», կը նշէ Կարապետեան:
 Նամակը յատկապէս կը քննադատէ այն, թէ ի՛նչպէս նման քարոզչական միջոցառումներ Պաքուին թոյլ կու տան «Եւրոպական Միութիւնը գործիք դարձնել` իր կատարած ցեղային զտումը օրինականացնելու նպատակով»: Կարապետեան կ՛անդրադառնայ եւրոպացի պաշտօնատարներուն մտահոգիչ վարքագիծին, երբ անոնք հրճուանքով կը պարէին Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպած խնճոյքին ընդամէնը 3 տարի առաջ հայաթափուած Արցախի մէջ, եւ կը շեշտէ, որ նման վարքագիծ, անկախ անհատական դիտաւորութենէն, անխուսափելիօրէն քաղաքական կշիռ կը կրէ:
 «Ինչ կը վերաբերի տարածաշրջանի պատմութեան եւ անոր մշակութային ժառանգութեան ակունքներուն, մենք համոզուած ենք, որ զայն բացայայտելու անկեղծ փափաքի պարագային, կան բազմաթիւ անաչառ պատմական վկայութիւններ: Յոյսով ենք, որ այս առումով Ձեր կողմէ առկայ է անկեղծ հետաքրքրութիւն», կը նշուի նամակին մէջ:
 Զգուշացնելով հիմնարար սկզբունքները եւ մարդկային արժանապատուութիւնը անտեսող կարճատես քաղաքականութենէ՝ Կարապետեան կ՛եզրափակէ․ «Մենք կ՛ընդունինք, որ Եւրոպական Միութիւնը տնտեսական եւ քաղաքական շահեր ունի Ատրպէյճանի մէջ: Այնուամենայնիւ, դիւանագիտութիւնը, ուր կը զոհաբերուին ոչ միայն սկզբունքները, այլ նաեւ մարդկային արժանապատուութիւնը, արագօրէն կը վերածուի յանցակցութեան: Աւելի՛ն. տուեալ պահուն կրնայ թուիլ, թէ Ալիեւի վարչակարգին հաճոյանալը կ՛օգնէ դրուած նպատակներուն հասնելու ճամբուն վրայ: Սակայն այս մօտեցումը կարճատես է եւ յարգանք վաստակելու լաւագոյն հենքը չէ, նոյնիսկ այն կողմին մօտ, որուն կը փորձեն հաճոյանալ»:
 Հ․Յ․Դ․ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կը վերահաստատէ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեանհետ կառուցողականօրէն համագործակցելու իր պատրաստակամութիւնը, սակայն կը պնդէ, որ այցելութեան լրջութիւնն ու խորհրդանշական բնոյթը հաշուի առնելով` բաց եւ ուղղակի երկխօսութիւնը անհրաժեշտութիւն է:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button