«Հայաստան» խմբակցութեան անդամները Շուէտի, Նետերլանտներու եւ Պելճիքայի դեսպաններուն Հետ Հանդիպեցան
ԵՐԵՒԱՆ․- Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան, խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեան եւ խմբակցութեան անդամ Լեւոն Քոչարեան, Սեպտեմբեր 18-ին հանդիպեցան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Շուէտի Թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Եւա Սունտքվիսթի, Նետերլանտներու Թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարիքէ Հարիէթ Մոնրոյ-Վինթըրի եւ Պելճիքայի Թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էրիք տը Մույնքի հետ։

Խորհրդարանին մէջ ողջունելով հիւրերը՝ խմբակցութեան անդամները խօսեցան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք ընթացող ներքաղաքական զարգացումներուն մասին, անդրադառնալով նաեւ արտաքին մարտահրաւէրներուն։
Խորհրդարանականները ներկայացուցին, իրենց կարծիքով, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան նահանջին առնչուող դէպքեր, բարձրաձայնած՝ իրենց դիտարկմամբ, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ոլորտներուն մէջ արձանագրուած շարք մը խախտումներու մասին։


