ԳլխաւորՅօդուածներ

ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԷՆ ԵՏՔ ՊԻՏԻ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵ՞ՆՔ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

 

balian

Յ. Պալեան

Մայիս 20, 2015

Մենք մեզ լուրջ չենք կրնար համարել, միջազգային հանրութիւնն ալ մեզ լուրջ չի համարեր, պիտի չհամարէ, եթէ դէպի Հա-յաստան (ոչ միայն դէպի Երեւան) եւ դէպի մեր ճառերուն եւ երգե-րուն այնքա՜ն նիւթ հայթայթած ազատագրուած Արցախ, զանգուա-ծային հայրենադարձութիւն տեղի չունենայ: Ամպագորգոռ ճառեր եւ բարձրախօսներէ հնչող յուզիչ երգեր չեն կրնար վարագուրել մերկութիւնները: Այս՝ ներսը եւ դուրսը:

Ամայի եւ ամայացող հողը օր մը կը դադրի հայու հայրենիք ըլլալէ: Կ’ըլլայ ուրիշ եւ ուրիշի հայրենիք:

Advertisement Subscribe Today

Ճառերը սին են, փուչիկ, երբ անոնց առանցքին չեն գտնուիր հայրենի հողը, մշակոյթը եւ անոնց տիրութիւնը, առանց բաւարար-ուելու սիրողի, բարեսէրի եւ հանդիսատեսի յուշերու մէջ բանտար-կուած զբօսաշրջիկի անշահ դերով:

Կազմակերպութիւններու, անոնք ըլլան կուսակցութիւններ, բազմանուն միութիւններ, նաեւ նոյնինքն պետութիւնը եւ գիտու-թիւններու պարեգօտին մէջ ծուարածներու խելք բաժնողներու հա-սակը պէտք է չափել ոչ թէ աղմուկով եւ կամ բարեսիրութեամբ (այս վերջինը յաճախ լուսարձակի տակ դրուած մանր փառասիրութիւն է), այլ վերադարձի կենսագործումով: Վերադարձ՝ կենսունակ ուժերու:

Առանց ճապկումներու պէտք է ըսել, որ զբօսաշրջային հայ-րենասիրութիւնը, բախտաւոր պարագային, քաղաքական պղպջակ է, որ կը զուարճացնէ էսթէպլիշմընթը եւ հոն հասնելու ցանկութիւն ունեցողները, հիւրանոցային բաւարարութեամբ, որ արտածման կը ծառայէ՝ տեղական-տեղայնական շահերու եւ լուսապսակի համար: Պէտք է ըսել, որ խաչքարային բազմացումը յուշ-յիշատակի համար բալասան է, բայց անբաւարար է հայրենիքի բարգաւաճման նպաս-տելու տեսանկիւնէ: Մէկ բանի օգտակար է քարային արտածումը. հեռաւոր ապագայի մը մշակելի տարածքները կ’աւելնան…

Հայաստան այցելող օտարը, ան ըլլայ քաղաքական դէմք կամ միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ, բնականօ-րէն զգացական հայեացք չունի: Ան կը տեսնէ անմարդաբնակ տա-րածութիւնները, գործարաններու նոր ժամանակներու անհրապոյր աւերակները, որոնց համար կ’իմանանք, որ անցեալին կը բանէին երեք դրոյքով, այսինքն օրական քսանչորս ժամ: Այդ քսանչորս ժա-մով է որ երկիր կը կառուցուի եւ կ’ապրի, ոչ միայն հանգստեան տուներով, հիւանդանոցներով, պերճաշուք հիւրանոցերով, մուգ գոյն ապակիներով երեւակայութեան թռիչք տուող ինքնաշարժ-ներով:

Այդ լքուած գործարանները մահամերձի մթնոլորտի մասին կը վկայեն:

2015-ի աւարտին, վիճակագրութիւններուն պէտք է հետեւիլ, հասկնալու եւ տեսնելու համար, որ Հայաստան եկողներու թի՞ւը աւելի եղած է, թէ՞ մեկնողներու: Թիւերու լեզուն վիճելի չէ: Ինչպէ՞ս դուրս գալ ոչ զբօսաշրջային մեկնումներու սադայէլի շրջանակէն: Այս է ներկայի հայրենակերտման իրաւ օրակարգը, որուն իրակա-նացման համար անհրաժեշտ է ժողովուրդին ներշնչել ազգային գաղափարախօսութիւն, հայրենիքին տէր ըլլալու գիտակցութիւն եւ յանձնառութեան ոգի, զայն մղել հայրենիք պահելու եւ լրացնելու ապագայակերտ աշխատանքին, տպաւորիչ հաւաքներէ առաջ եւ վերջ, ուր շաբաթավերջին խօսքի արբեցման պահեր կ’ապրինք:

Կրկնենք: Ինչպէ՞ս վերստին բանեցնել նախկին դատարկ գործարանները, որոնք կը նմանին ճամբաներու եզրին մոռցուած խրտուիլակներու: Մէկ հատիկ պատճառ պէտք է տալ, բացատրելու համար, որ այդ գործարաններուն մէջ կարելի չէ արտադրել Թուր-քիայէն կամ Պանկլատէշէն ներածուած ապրանքներու համապա-տասխան որակով սաւան, վերմակ, տնային այլ առարկաներ: Դեռ չեմ խօսիր Հայաստանի գիտական-ճարտարագիտական ներուժի օգտագործումով արդիական եւ մասնագիտական արտադրութիւն-ներու մասին: Փոխանակ անվաղորդայն ներդրումներ ընելու պեր-ճանքի համար, անհատական, պետական, եւ այլ, այդ ներդրումնե-րը ինչո՞ւ չեն ըլլար գործարաններու բանեցման համար, բաւարա-րելու համար ներքին պահանջը եւ ապա արտածելու համար: Նման նախաձեռնութիւն լաւագոյն դարմանն է արիւնահոսութիւն-արտա-հոսքին դէմ:

Ինչպէ՞ս: Կրկին՝ վստահութիւն ներշնչելով, օրէնքներ մշակե-լով, դիւրութիւններ ընծայելով (հարկային եւ այլ): Պիտի ըսուի, որ Հայաստան կարիք ունի ներդրումներու: Կը բաւէ թափառիլ Երե-ւանի մէջ եւ շուրջ, հասկնալու համար, որ երկրին մէջ կայ ան-հրաժեշտ նիւթական եւ մարդկային դրամագլուխը, առանց սպա-սելու դուրսէն գալիք հրաշքը: Կ’ըսեն. Զատկուան հացը փոր չի կըշ-տացներ: Արդարեւ այդ հացը մէկ օրուան կամ շաբթուան համար է: Երկիրը եւ ժողովուրդը իրենք պիտի արտադրեն ամէնօրեայ հացը:

Այսինքն, անհրաժեշտ է երկրի ճարտարարուեստականաց-ման երկարաշունչ ծրագրում կատարել, գէթ ժամանակ մը առանց առաջնորդուելու անհատական-քաղքենիական անմիջական շահե-րու հեռանկարով, ոչ ալ հարկային անմիջական մուտքերու ակըն-կալութեամբ: Գագիկ Ծառուկեան շուկայական համալիր կառուցած է, տարածութիւնները վարձակալութեան կը տրուին երեք տարի անվճար: Յաջողած առեւտրականն է որ կրնայ վարձք եւ հարկ վճարել: Ինչո՞ւ նոյն վերաբերումը չունենալ երկրի տարածքին գըտ-նուող լքուած գործարաններուն համար: Ինչո՞ւ առեւտրականը եւ աշխատանք ստեղծող գործատէրը չքաջալերել դիւրութիւններ ըն-ծայելով: Նման վերաբերումներ կը նպաստեն զանգուածի կենսա-մակարդակի բարձրացման եւ կը կասեցնեն հայրենալքման աղէտ արտագաղթը:

Արտագաղթի կասեցում եւ հայրենադարձութիւն հեռանկա-րային ազգային քաղաքականութիւն են: Այս ուղղութեամբ յաջողու-թեան առաջնորդողները եւ անտարբերները պէտք է դատել ըստ արդիւնքի, առանց ամբոխավարական ճառերու տուրք տալու:

Ճարտարարուեստականացման զուգահեռ պէտք է գործել հողամշակութային զարգացման համար: Զարգացած եւ արդիւնա-ւէտ հողամշակութիւնը գիւղացին կը կապէ հողին, կը կասեցնէ դէ-պի քաղաք հոսքը: Ոչ մէկ պատճառ կայ, որ գիւղական շրջաններու բնակչութիւնը չօգտուի քաղաքակրթութեան բարիքներէն. ուսում, կենցաղային պայմաններ, եւայլն: Ինչպէս որ կարելի է բանեցնել լքուած գործարանները, այդպէս ալ հողամշակութիւնը կարելի է զարգացնել եւ ստեղծել կեանքի լաւ պայմաններ: Պարզ. գիւղացին եթէ քաղաքացիէն լաւ ապրի, հայրենիքը կը զարգանայ եւ քաղաքի կեանքի որակը կ’աւելնայ:

Քիչ մը նուազ կողոպուտ, այսինքն՝ նուազ կիրք անաշխատ եւ արագ հարստացման համար, յաւելեալ կազմակերպութիւն, վըս-տահութիւն, եւ ազգային գաղափարախօսութիւն… Համատեղ ազ-գային խոր գիտակցութեամբ ղեկավարում, որ կը նայի ոչ միայն անմիջական ներկային, այլ նաեւ դէպի գալիքը, ապահովելու հա-մար շարունակութիւնը: Եւ ինչե՜ր կարելի կ’ըլլայ իրագործել:

Այսօր կարծէք Հայաստան միաքաղաք երկիր է: Երբեմն պէտք է լսել ազգի պատգամը լսած եւ փոխանցող խօսքը: Վիգէն Խեչումեան կ’ըսէր՝ մի քաղաքով ինչ երկիր, դու միաւորիր ամ-բողջը… Այս միտքը ցաւի յուշագրութիւն չէ, այլ տոկալու եւ տեւելու հզօր տեսիլք: Վերստին կարդալ «Գիրք Լինելութեանը»: Ամէն բան թարգմանելու տենդ ունեցողներ, ինչո՞ւ ցարդ չեն թարգմանած այս գիրքը, ոչ թէ օտարներու համար, այլ, ինչպէս կ’ըսուի արմատներէ հեռացածներէ, ծագումով հայերէ լսուելու համար:

Մեր տուներու պատերէն պէտք է կախել նոյն Վիգէն Խեչում-եանի խօսքը, նոյն գիրքին մէջ, որ ուրիշի դրան քեզ կը կոչեն հիւր,- որպէսզի չասեն ծառայ…

 

Մեկ մեկնաբանութիւն

  1. It appears to me Mr. Balian wants a top down approach to get the abandoned factories reopened. This is never a good approach we should encourage start-ups and get the successful ones expanded and ready them for export. Armenia has already got a successful smartphone app that it is being used internationlly. Recently we had a successful shoe factory started by a repat selling in Europe that could be expanded to export to EEU. We should follow market principles not the old socialist approach.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button