Լրահոս

Լոյս Տեսաւ Հ․Յ․Դ․ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2021-ի Առաջին Համարը

ԵՐԵՒԱՆ․- Լոյս տեսաւ «Դրօշակ»-ի 2021 թուականի առաջին համարը, համացանցային դրութեամբ: Առաջնորդող յօդուածը կ՛անդրադառնայ Հայաստանի եւ Արցախի իրադարձութիւններուն:

Կատարուած է հարցազրոյց մը Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Տէր խաչատուրեանի հետ: Բիւրոյի ներկայացուցիչը հանգամանօրէն կ՛անդրադառնայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, եւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի եւ կուսակցութեան կատարած գործունէութեան:

Վարդան Յակոբեանը կը բացատրէ Արցախի դէմ կատարուած վերջին պատերազմէն ետք տարածաշրջանային նոր իրողութիւններն ու անոնց հեռանկարը: Իր հերթին արեւելագէտ, տարածաշրջանային հարցերով փորձագէտ Արմէն Պետրոսեան կը ներկայացնէ Էրտողանի որդեգրած ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, կիզակէտ ունենալո Թուրքիոյ դերակատարութիւնը՝ Արցախի պատերազմին։

Հայաստանի հասարակական երկփեղկուածութեան մասին իր մտահոգութիւնները կը ներկայացնէ Արա Նռանեանը, շեշտելով իշխող ուժերու ապազգային քարոզչութիւնն ու անպատասխանատուութիւնը։

Պատմաբաններ՝ Արմէն Ասրեան եւ Անի Մելքոնեան կ՛անդրադառնան 102 տարի առաջ Յունուար ամսուան, կեանքէն հեռացած Հայաստանի հիմնադիր Արամ Մանուկեան մարդուն, քաղաքացիին եւ պետական գործիչի կերպարին, զուգահեռներ գծելով մեր օրերու հետ եւ ընդգծելով առաջնորդի բարոյական, քաղաքական կերպարն ու պատասխանատուութեան զգացումը: Անի Մելքոնեան նաեւ կը ներկայացնէ Հ․Յ․ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Ռոստոմի կերպարը։

Advertisement Donate Today

Դերենիկ Մելիքեանի «Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը եւ Պարսկաստանի Սահմանադրական շարժումը» ուշագրաւ յօդուածին երկրորդ եւ վերջին մասն ալ կարելի է կարդալ այս թիւին մէջ։

Այս տարուայ «Դրօշակ»-ի թիւ 1 համարը համացանցով կարելի է կարդալ, սեղմելով․-  droshak.am :

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button