Յօդուածներ

Ինճիրլիքը՝ ՆԱԹՕ-ի Ամրացող Բերդը

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Յատուկ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ին

1949-ին հիմնուեցաւ ՆԱԹՕ-ն, իսկ 1952-ին Թուրքիան անդամակցեցաւ անոր: 1955-ին Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ այդ օրերուն նախագահ Ճելալ Պայարի եւ վարչապետ Ատնան Մենտերեսի առաջնորդութեամբ, համաձայնեցան Միացեալ Նահանգներու ռազմական օդանաւերուն համար ռազմակայան մը տրամադրել Ինճիրլիքի մէջ: Այդ օրերէն սկսեալ, Ինճիրլիքը դարձաւ ոչ միայն Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ ռազմական գործակցութեան կարեւոր կեդրոն մը, այլեւ՝ ՆԱԹՕ-ի տրամադրութեան տակ գտնուող կարեւորագոյն ռազմակայաններէն մէկը:

Դեկտեմբեր 1943-ին, Գահիրէի մէջ կայացած տեսակցութեան մը ընթացքին, դաշնակից ուժերը արդէն որոշած էին հարաւային Թուրքիոյ մէջ ռազմական օդակայան մը հիմնել: Միացեալ Նահանգներուն նպատակն էր այդ ռազմակայանը օգտագործել արտակարգ իրավիճակներու ընթացքին: Սակայն, ծրագիրին իրականացումը ժամանակի կը կարօտէր: Մայիս 1947-ին, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը որդեգրեց բանաձեւ մը, որուն հիման վրայ նոյն տարուան Օգոստոսին հաստատուեցաւ Թուրքիոյ Օժանդակութեան Ամերիկեան Երկկողմ Ռազմական Առաքելութիւնը: 1951-ին սկսան ռազմական օդակայանի կառուցման աշխատանքները:

Աւելի ուշ, 1958-ին Լիբանան տագնապալի կացութեան մէջ էր, եւ քաղաքացիական բախումներ ընթացք առած էին: Օրուան նախագահ Քամիլ Շամուն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տուայթ Այզընհաուըրէն աջակցութիւն խնդրեց: Ամերիկեան «Մարինզ»-ը հասան Պէյրութ եւ վերահսկողութիւն հաստատեցին մայրաքաղաքին վրայ: Այդ ուժերը եկած էին Ինճիրլիքի ռազմական օդակայանին միջոցով: Նոյն օդակայանը նաեւ ծառայեց Ուաշինկթընի՝ Լիբանանի օդային տարածքին վրայ վերահսկողութիւն հաստատելուն:

Advertisement Subscribe Today

1974-ին, Կիպրոսի դէմ Թուրքիոյ կատարած ռազմական գործողութեան հետեւանքով, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը կասեցուց դէպի Թուրքիա ռազմական արտածումներն ու աջակցութիւնը: 1975-ին խզուեցան նաեւ նախապէս ստորագրուած ռազմական գործակցութեան համաձայնագիրները: ՆԱԹՕ-ի ծիրին մէջ գործակցութիւնը շարունակուեցաւ նուազագոյն մակարդակով՝ պարզապէս դաշինքին միասնականութիւնը պահպանելու համար:

1980-ին ստորագրուած Պաշտպանութեան եւ տնտեսական գործակցութեան համաձայնագիրը (DECA) եկաւ վերականգնելու այդ յարաբերութիւնները՝ առաջին խզումէն շուրջ վեց տարի ետք: Այդ հանգրուանին Միացեալ Նահանգները փորձեցին ռազմական գործակցութիւնը անջատել ելեւմտական աջակցութենէն, սակայն Թուրքիան մերժեց այդ առաջարկը: Այսպիսով, բնականաբար, Միացեալ Նահանգներու ներկայութիւնը պայմանաւորուեցաւ նաեւ Անգարային տրամադրուող տնտեսական աջակցութեամբ:

Այսուհանդերձ, Միացեալ Նահանգները DECA-ի միջոցով յաջողեցան վերականգնել արգելակումներէն առաջ իրենց վայելած բոլոր իրաւունքները եւ խոստացան «ջանք չխնայել՝ Թուրքիոյ ռազմական եւ տնտեսական աջակցութիւն տրամադրելու համար»: Բնականաբար, «ջանք չխնայել» ձեւակերպումը որոշումի ուժ չունի այլ խոստում մըն է: Պէտք է նաեւ նշել, որ DECA-ն ճանչցաւ Ինճիրլիքը իբրեւ թրքական ռազմակայան, սակայն Միացեալ Նահանգներու նշանակած հրամանատարը լիակատար իրաւասութիւն ունէր ղեկավարելու ամերիկեան զինեալ ուժերը, զինամթերքն ու գործողութիւնները: Միացեալ Նահանգներուն համար շահաւոր մէկ այլ կէտ այն էր, որ DECA-ն արտօնեց 36 ամերիկեան ռազմական օդանաւի տեղակայումը Ինճիրլիքի մէջ, մինչ նախապէս այդ սահմանը 18 էր:

Միւս կողմէ, ըստ համաձայնագիրին՝ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը պարտաւոր էին պաշտօնապէս ներկայացնելու նաեւ ռազմական կամ անձնական գործածութեան համար ներածուած որոշ իրերու տուեալները: Թուրքիոյ իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերուն արտօնութիւն տուած էին մասնակցելու որոշ միացեալ զինավարժութիւններու եւ օգտուելու թրքական ռազմական ենթակառոյցներէն: DECA-ն նաեւ նախատեսեց տարեկան ստուգումներու կազմակերպումը՝ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու գլխաւոր շտաբի պետին, օդուժի հրամանատարին, առեւտուրի նախարարին, արտաքին գործոց նախարարին, Կենսոլորտի նախարարին, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան եւ Թուրքիոյ պաշտպանական համագործակցութեան գրասենեակին հսկողութեամբ: Յստակօրէն, հսկողութեան հիմնական բաժինը վերապահուեցաւ թրքական կողմին, ինչ որ բնական էր՝ նկատի ունենալով, որ Ինճիրլիքը թրքական հողի վրայ կը գործէ:

Տասնամեակ մը ետք, 1991-ի Ծոցի պատերազմին եւ 1993-ին Իրաքի դէմ շղթայազերծուած ամերիկեան գործողութիւններուն ընթացքին եւս Ինճիրլիքը հսկայական դեր ունեցաւ՝ ամերիկեան շահերը ապահովելու եւ Սատտամ Հուսէյնի իրաքեան իշխանութեան ծանր հարուածներ հասցնելու մէջ: 2001-ին եւ 2003-ին, Աֆղանիստանի եւ Իրաքի դէմ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ սկսած պատերազմներուն ընթացքին, օդային աջակցութեան թռիչքներուն 68 առ հարիւրը տեղի կ՛ունենար Ինճիրլիքի ռազմական օդակայանէն, իսկ տարեկան հաշուարկով այդ նպատակով շուրջ 2,000 թռիչք կը կատարուէր:

2015-ին Թուրքիան նախ մերժեց Իսլամական պետութիւն ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ հարուածներ կատարելու համար Ինճիրլիքը օգտագործելու՝ Միացեալ Նահանգներու առաջարկը: Սակայն, ընդլայնուած բանակցութիւններէ ետք, Անգարա ընդունեց առաջարկը, երբ Թուրքիոյ շնորհուեցաւ քրտական շարժումները հարուածելու իրաւունք:

2016-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ձախող յեղաշրջման փորձին ընթացքին, Ինճիրլիքի մէջ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու հրամանատար Պէքիր Էրճան Վան ձերբակալուեցաւ՝ յեղաշրջման մասնակցելու մեղադրանքով, 6,000 այլ զինուորներու, դատախազներու եւ փաստաբաններու հետ: Անգարա այդ օրերուն փակեց իր օդային տարածքը՝ այդպիսով կասեցնելով նաեւ Ինճիրլիքի առաքելութիւնը: Այս քայլը ցոյց տուաւ, որ ներքին տագնապները կրնան խոչընդոտել ռազմակայանի կայունութիւնն ու ապահովութիւնը:

2019-ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, Միացեալ Նահանգներու սպառնացած պատժամիջոցներուն ի պատասխան, իր կարգին սպառնաց փակել Ինճիրլիքի ռազմական օդակայանը: Այդ սպառնալիքը չիրականացաւ: Սակայն, ցոյց տուաւ, որ Անգարա պատրաստ էր Ինճիրլիքը այլ հարցերու շուրջ ճնշման միջոցի վերածելու: Միւս կողմէ, 2020-ի Դեկտեմբերին պարտադրուած ամերիկեան պատժամիջոցները ժխտական ազդեցութիւն ունեցան Թուրքիոյ ռազմական արդիւնաբերութեան եւ ելեւմտական իրավիճակին վրայ: Այսինքն, Միացեալ Նահանգներն ալ ունէին Ինճիրլիքի մէջ իրենց իրաւունքները պահպանելու համար ճնշման միջոցներ: Պէտք չէ մոռնալ, որ ռազմակայանը, օդանաւերէն բացի, կը պարունակէ 20-50 ամերիկեան հիւլէական ռումբեր:

Սակայն, յաջորդող տարիներուն Ինճիրլիքի բնոյթը սկսաւ փոփոխութեան ենթարկուիլ: 2021-ին Լեհաստանը ռազմակայանին մէջ հաստատեց մնայուն ներկայութիւն՝ հետախուզական օդանաւ մը եւ 80 զինուորներ: 2023-ին ռազմակայանը ծառայեց Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն տուժածներուն օժանդակութիւն հասցնելու համար: Ինճիրլիքի միջոցով փոխադրուեցան 5,764 թոն սննդամթերք եւ այլ տեսակի օժանդակութիւն: Միացեալ Նահանգներն ալ ընդհանուր առմամբ 185 միլիոն տոլար տրամադրեցին Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժէն տուժածներուն: 2023-ի աւարտին, Իսրայէլ-Կազա պատերազմի լոյսին տակ, Թուրքիոյ մէջ բնակող հարիւրաւոր պաղեստինցիներ բողոքի ցոյցեր կատարելով պահանջեցին Ինճիրլիքի ռազմական օդակայանին փակումը:

Վերջապէս, 2026-ին, Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ-Իրան պատերազմի բռնկումէն ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ վեց անհատներ, որոնցմէ մէկը իրանցի քաղաքացի էր, ձերբակալուած են՝ Ինճիրլիքի ռազմական օդակայանին մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ հետախուզական աշխատանք կատարելու մեղադրանքով: Ինճիրլիքի շրջանին մէջ նաեւ երեք առիթով իրանեան հրթիռներ արգելակուեցան: Այս զարգացումներէն ետք, ՆԱԹՕ-ի որոշումով, սպանական հետախուզական օդանաւեր եւս տեղակայուեցան Ինճիրլիքի մէջ:

Եզրափակելով՝ Ինճիրլիքը պատմական կարեւորութիւն ունեցող ռազմակայան մըն է, որ մօտ ապագային փակուելու հաւանականութիւն չունի: Շուրջ 80 տարուան պատմութիւն ունեցող այս ռազմակայանը սկիզբ առաւ իբրեւ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա գործակցութեան արդիւնք եւ ներկայիս վերածուած է Սպանիան, Լեհաստանը, Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան համախմբող կեդրոնի մը՝ Միջին Արեւելքի մէջ: Այսինքն, Ինճիրլիքը ներկայիս սկսած է ստանձնել իր իսկական առաքելութիւնը՝ իբրեւ ՆԱԹՕ-ի ռազմակայան: Սակայն, արիւծի բաժինը պիտի մնայ ամերիկեան, իսկ հողը՝ թրքական:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button