ԱզգայինՅօդուածներ
Ինճիրլիքը՝ ՆԱԹՕ-ի Ամրացող Բերդը
ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Յատուկ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ին
1949-ին հիմնուեցաւ ՆԱԹՕ-ն, իսկ 1952-ին Թուրքիան անդամակցեցաւ անոր: 1955-ին Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ այդ օրերուն նախագահ Ճելալ Պայարի եւ վարչապետ Ատնան Մենտերեսի առաջնորդութեամբ, համաձայնեցան Միացեալ Նահանգներու ռազմական օդանաւերուն համ

