Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Համա-Հ․Մ․Ը․Մ․-ական 13-րդ Բանակումի Մասնակիցները

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Յուլիս 30-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Համա-Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 13-րդ բանակումի մասնակիցները։
Նորին Սրբութիւնը, փոխանցելով իր հայրապետական սէրն ու օրհնութիւնը ներկաներուն, գոհունակութիւն յայտնեց, որ աշխարհի զանազան երկիրներէ հայ երիտասարդները համախմբուած են հայրենիքի մէջ, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց բանակումի ծիրին մէջ կազմակերպուող կրթական, մշակութային եւ հոգեւոր ծրագիրները։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր նկատեց հայրենիքի ճանաչման նման նախաձեռնութիւնները, որոնք կոչուած են ամրապնդելու երիտասարդներուն ազգային գիտակցութիւնը եւ զօրացնելու ազգին ու հայրենիքին ծառայելու պատրաստակամութիւնը։
Հայոց Հայրապետը շեշտեց, որ հայրենիքի մէջ գտնուելով՝ երիտասարդները անմիջականօրէն կը հաղորդուին հայրենի իրականութեան, կը ծանօթանան հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին, հոգեւոր ժառանգութեան եւ սրբավայրերուն, եւ աւելի խորապէս կը բացայայտեն իրենց ազգային ինքնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնեց, թէ Հայաստանի մէջ անցուցած օրերը անոնց համար պիտի դառնան անմոռանալի՝ հարուստ հոգեւոր ապրումներով, ջերմ տպաւորութիւններով եւ նոր բացայայտումներով։
Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ անդրադարձաւ երիտասարդներուն հայրենասիրական ոգիին, Աստուծոյ հանդէպ սիրոյն եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ նկատմամբ նուիրուածութեան՝ նշելով, որ այս արժէքներն են, որոնք ամուր կը պահեն ազգային կեանքը, կը միաւորեն աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ կը զօրացնեն հայ ժողովուրդին հաւատքն ու յոյսը ապագային հանդէպ։
Անդրադառնալով հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն՝ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ ներկայ ժամանակներուն աւելի քան երբեք անհրաժեշտ են ազգային միասնականութիւնը, եղբայրասիրութիւնը եւ համազգային շահերուն նկատմամբ անսակարկ նուիրումը։ Հայոց Հայրապետին համաձայն, միայն սիրոյ, միաբանութեան եւ համախմբուած ջանքերու շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել ներկայ փորձութիւնները եւ կերտել խաղաղ, ապահով ու բարօր հայրենիք մը։
Ապա Նորին Սրբութիւնը պատգամեց հայ երիտասարդներուն իրենց հոգիներուն մէջ մշտավառ պահել ազգային ոգին, անսասան՝ հաւատքը առ Աստուած, եւ աննուազ՝ սէրը հայրենիքին ու Սուրբ Եկեղեցւոյ հանդէպ։ Հայոց Հայրապետը մաղթեց, որ այս սիրով առաջնորդուին իրենց կեանքին, ուսման եւ աշխատանքի ընթացքին, եւ իրենց շնորհքներն ու կարողութիւնները ի սպաս դնեն հայ ժողովուրդի բարօրութեան, յառաջդիմութեան եւ հայրենիքի շինութեան։
Հուսկ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն, բանակումի կազմակերպիչներուն եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, որոնք նուիրումով կը ծառայեն երիտասարդ սերունդի կրթութեան, ազգային եւ հոգեւոր դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ հայեցի նկարագրի կերտման սրբազան առաքելութեան։

