Նոր Խորհրդարան, Նո՞ր Սկիզբ
Մուրատ Մանուկեան
Ուաթըրթաուն – Մասաչուսէց
29 Յուլիս 2026
Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով կազմուած Հայաստանի Հանրապետութեան 9-րդ գումարման Ազգային Ժողովի առաջին նիստը պիտի գումարուի Օգոստոս 2-ին։ Նոր խորհրդարանին մէջ պիտի ներկայանան երեք քաղաքական ուժեր՝ իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը՝ 64 պատգամաւորով, եւ ընդդիմադիր երկու դաշինքները՝ « «Ուժեղ Հայաստան»ը՝ 29 պատգամաւորով, ու «Հայաստան»ը՝ 12 պատգամաւորով։
Այս նիստը, սակայն, զուտ սահմանադրական հերթական գործընթաց մը չէ։ Այն կրնայ դառնալ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ նոր էջ մը բանալու առիթ, եթէ բոլոր քաղաքական ուժերը գիտակցին թէ ժողովուրդը իրենց վստահած է ոչ թէ անվերջ հակամարտութիւն շարունակելու, այլ Հանրապետութեան առջեւ ծառացած գոյութենական մարտահրաւէրներուն լուծում որոնելու պատասխանատուութիւնը։
Տարիներ շարունակ հայաստանեան քաղաքական կեանքը ծանրաբեռնուած եղաւ փոխադարձ վիրաւորանքներով, անձնական յարձակումներով, ստորացուցիչ բնորոշումներով ու վրէժխնդիր հռետորաբանութեամբ։ Այս մթնոլորտը ոչ միայն թունաւորեց հանրային քննարկումը, այլեւ քաղաքական հակառակորդը յաճախ վերածեց թշնամիի։ Հետեւանքը եղաւ հանրութեան զգալի հատուածներու վստահութեան նուազումը՝ քաղաքական համակարգին, պետական հաստատութիւններուն ու քաղաքական գործընթացներուն հանդէպ։ Իսկ առանց փոխադարձ յարգանքի, երկխօսութեան ու քաղաքական պատասխանատուութեան, դժուար է կերտել այնպիսի քաղաքական միջավայր մը, որ ժամանակի ընթացքին կրնայ հասունանալ ու վերածուիլ վստահելի ժողովրդավարութեան։
Ժամանակը հասած է, որ նոր խորհրդարանը նոր սկիզբ մը դնէ, մշակելով քաղաքակիրթ քաղաքական խօսոյթ մը՝ զերծ իրարամերժ, ստորացուցիչ կամ չափազանց յաւակնոտ վերագրումներէ։ Այն պէտք է դառնայ վայրը՝ ուր իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը, իւրաքանչիւրը իր գաղափարական համոզումներով, բայց փոխադարձ անկեղծութեամբ ու յարգանքով, կը փորձեն գտնել այն լուծումները որոնք կը ծառայեն պետականութեան ամրապնդման, ազգային անվտանգութեան ու քաղաքացիներու բարօրութեան։
Բազմաթիւ երկիրներու փորձառութիւնը կը վկայէ, որ փոխադարձ յարգանքի ու համաձայնութեան մշակոյթը տասնամեակներու ընթացքին նպաստած է թէ՛ պետական հաստատութիւններու ամրապնդման, թէ՛ հանրային վստահութեան խորացման։ Այս օրինակները կը յիշեցնեն մեզի թէ քաղաքական մրցակցութիւնն ու համագործակցութիւնը իրարու հակասող երեւոյթներ չեն, երբ ազգային շահը կը դառնայ առաջնահերթութիւն։
Հայաստանի պարագային, առաջին քայլը բնականաբար աւելի մեծ պատասխանատուութիւն կը դնէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթող քաղաքական ուժին վրայ։ Իշխանութիւնը պէտք է հրաժարի մենատիրական կամ միակ ճշմարտութեան կրողի հոգեբանութենէն ու անկեղծօրէն ձեռք երկարէ ընդդիմութեան, ո՛չ թէ հնազանդեցումի, այլ համագործակցութեան նպատակով։ Սակայն նոյնքան կարեւոր է որ ընդդիմութիւնն ալ իր ամբողջ գործունէութիւնը չկեդրոնացնէ միայն իշխանափոխութեան օրակարգին վրայ, այլ պատրաստ ըլլայ ընդունելու երկարուած ձեռքը՝ երբ հարցը կը վերաբերի հայրենիքի անվտանգութեան, պետականութեան ամրապնդման ու համազգային շահերուն։
Այս մօտեցումը գաղափարական տարբերութիւնները չի վերացներ, եւ պէտք ալ չէ վերացնէ։ Ընդհակառակը, առողջ քաղաքական կեանքի մէջ տարբեր կարծիքները ուժ են, երբ կը դրսեւորուին փոխադարձ յարգանքով ու պատասխանատուութեամբ։ Քաղաքական բանավէճը պէտք է դառնայ աւելի լաւ լուծումներ որոնելու միջոց, ոչ թէ հասարակութիւնը բաժնելու կամ հակառակորդը նուաստացնելու գործիք։
Եթէ Հայաստանի նոր խորհրդարանը կարենայ նման քաղաքական մշակոյթի հիմքերը դնել, այն ոչ միայն պիտի նպաստէ պետականութեան ամրապնդման, այլեւ աստիճանաբար պիտի վերականգնէ քաղաքացիներու վստահութիւնը քաղաքական համակարգին հանդէպ։ Այդպիսի մթնոլորտի մը մէջ ժողովրդավարութիւնը պիտի դադրի սոսկ սահմանադրական կամ ընտրական ընթացակարգ մը ըլլալէ, եւ պիտի սկսի վերածուիլ քաղաքական առօրեայի իսկական մշակոյթի։ Հասուն ժողովրդավարութիւնը, նախ եւ առաջ, քաղաքական վարքագիծ մըն է՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի, պատասխանատուութեան, փոխզիջումի ու ազգային առաջնահերթութիւններու շուրջ համագործակցելու կամքին վրայ։
Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները այնքան խորն ու բազմաշերտ են, որ անոնց դիմագրաւումը անհնար է միայն իշխանութեան կամ միայն ընդդիմութեան ուժերով։ Անոնք կը պահանջեն ազգային քաղաքական հասունութիւն։ Հետեւաբար հարցը պարզ է. ժամանակը հասա՞ծ չէ որ իշխող քաղաքական ուժը հրաժարի մենիշխողի կեցուածքէն, ընդդիմութիւնն ալ՝ բացառաբար իշխանափոխութեան օրակարգով առաջնորդուելէ, եւ երկուքն ալ Ազգային Ժողովը վերածեն հարթակի մը՝ ուր քաղաքական մրցակցութիւնը կը ծառայէ ոչ թէ իրարու յաղթելուն, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման, պետականութեան ամրապնդման ու հայ ժողովուրդի ապագային։

