Լրահոս
Ըստ Պաքուի Ստեփանակերտի Մէջ Ձերբակալուած Է Հայազգի Կարէն Աւանէսեանը

ՊԱՔՈՒ․- Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Ստեփանակերտի մէջ Կարէն Աւանէսեան անունով հայազգի բնակիչ մը ձերբակալուած է:
Ըստ նախարարութեան, Աւանէսեանին ոստիկանութեան աշխատակիցները ձերբակալած են, երբ գնդացիրով փորձած է մօտենալ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը վայրին:
Ձերբակալութեան պահուն Աւանէսեան զինեալ դիմադրութիւն ցոյց տուած է եւ վնասուածք ստացանալով ձերբակալուած է: Նշենք, թէ այս լուրը հրատրակուեցաւ, երբ գրաւեալ Արցախ այցելած էր նախագահ Ալիեւը, որ ներկայ եղած էր համալսարանի ուսումնական մասնաշէնքերէն մէկուն բացման եւ հանդիպած էր բնակիչներու հետ:

