Լրահոս
ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ՄԷՋ ՊԱՏԱՐԱԳ
Կիրակի, Օգոստոս 20-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան պատարագեց Ուայթընզվիլ (Մասաչուսէց) Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, եկեղեցւոյ դաշտագնացութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ Անդաստանի եւ Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, մասնակցութեամբ շրջանի հովիւներուն՝ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեանի՝ Ուստըրէն, Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեանի՝ Փրովիտենսէն (Ռոտ Այլընտ), Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեանի՝ Ինտիըն Օրչըրտէն (Մասաչուսէց), Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեանի՝ Նորթ Անտովըրէն (Մասաչուսէց), Արժպ. Տ. Թադէոս Քհն. Բարսեղեանի՝ Ուստըրէն (Մասաչուսէց), Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեանի՝ Նիւ Պրիթընէն (Մասաչուսէց), եւ տեղւոյն Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեանի։

