Ուրբաթ, 6 նոյեմբերի երեկոյեան, Երեւանի «Քոնկրէս» հիւրանոցին մէջ իր երկօրեայ աշխատանքները աւարտեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի միջդիւանական 12-րդ խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններէն աւելի քան 41 ներկայացուցիչներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի պատասխանատուներ:
Եռաբլուր Այցելութիւն
Խորհրդաժողովին երկրորդ օրը սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն այցելութեամբ: Եռաբլուր հասնելով, խորհրդաժողովին մասնակիցները հաւաքուեցան յիշատակի պատին առջեւ եւ ծաղկեպսակի զետեղումով իրենց յարգանքի տուրքը ընծայեցին արցախեան երեք պատերազմներու նահատակներուն: Ծաղկեպսակը զետեղեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը` ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետներուն: Այցելութեան ներկայ գտնուեցաւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան:
Այս առիթով իր արտասանած կարճ պատգամին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան յայտնեց, որ մենք Եռաբլուր կու գանք հաշուետուութիւն տալու: Կու գանք մեր կամքը զօրացնելու: Նահատակներու շիրիմները այցելելով կը մտածենք, որ քիչ բան ըրած ենք: Պարտաւոր ենք շատ աւելին ընել: Մենք խոստումներ կու տանք իրենց, խոստումներ կու տանք նաեւ մենք մեզի, որ պիտի շարունակենք ընթանալ իրենց ընտրած ճամբէն: Մենք մեր աշխատանքով, մեր ծրագիրներով, իրենք` մեր հոգիներուն մէջ իրենց ներկայութեամբ:
Ապա, բոլորը միասին խմբերգեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը, որմէ ետք` դրօշակակիրներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի սկաուտներու առաջնորդութեամբ անոնք շրջեցան Եռաբլուրի շիրիմներուն մէջ եւ ծաղիկներ խոնարհեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ական նահատակ եղբայրներ Վարդան Բախշեանի, Վիգէն Զաքարեանի, Արմէն Առուստամեանի, Հայկ Դերիկլեանի, Էրիկ Գալստեանի, Գրիգոր Ղազարեանի, Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի, Յակոբ Աստարճեանի, Արտակ Իշխանեանի եւ Աւետիս Պուլուզեանի գերեզմաններուն:
Խորհրդաժողովին Աշխատանքները
Եռաբլուր այցելութենէն ետք, խորհրդաժողովը իր աշխատանքները շարունակեց երեք յաջորդական նիստերով, ուր քննարկուեցան միութեան առաջին նաւապտոյտին արդիւնքները, տնտեսական ծրագիրները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փրոթոգոլային վերամշակուած ուղեցոյցը: Կատարուեցան կազմակերպական-վարչագիտական բնոյթի թելադրանքներ, իսկ վերջին նիստով` խորհրդաժողովին մասնակիցները երեք տարբեր աշխատանիստերով իրազեկ դարձան դիւաններու անդամներու` ատենապետներու, ատենադպիրներու եւ գանձապահներու պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն:
Հուսկ, խորհրդաժողովը աւարտին հասաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:
Already a subscriber? Log in here
This story is FREE for you...
Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

