Գրախօսական․- Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան Լոյս Կ’ընծայէ Իր 51-րդ Գիրքը

Գրախօսեց՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան
Վերջերս Մեծագոյն Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հայ Մշակութային Յանձնախումբը հրատարակեց երախտաշատ մտաւորական, աստուածաբան, դաստիարակ, եւ եկեղեցական առաջնորդ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի նորագոյն աշխատանքը, որ կը կրէ «Մտքի եւ Հոգիի Արձագանգներ/Echoes of Mind and Soul» խորագիրը:
Սոյն երկլեզու հատորը, կազմուած է 144 էջէ, կ’ընդգրկէ 21 անգլերէն եւ 15 հայերէն յօդուածներ: Այս համառօտ, խոհուն եւ ոգեշունչ յօդուածներու հաւաքածոյին մէջ Վեր. Թութիկեան կը բաժնեկցի իր երկարամեայ անձնական փորձառութենէն եւ հովուական ծառայութենէն քաղուած իմաստութիւնն ու ընկալումները: Իւրաքանչիւր յօդուած հարստացած է Սուրբ Գրային խորքով, աւանդութենէն առնուած վկայութիւններով, եւ երբեմն՝ խոհական ու մարտահրաւիրող հարցադրումներով, որոնք գործի կը լծեն միտքն ու սիրտը:
Անգամ մը եւս, վեր. Թութիկեան ի յայտ կը բերէ իր բացառիկ կարողութիւնը՝ ըլլալու կեանքի սուր դիտող մը եւ Աստուծոյ Խօսքին հաւատարիմ մեկնաբան մը: Իր գրութիւնները կը բացայայտեն ոչ միայն իր մտքի խորութիւնը, այլեւ իր հովուական ջերմութիւնը եւ մարգարէական ձայնը:
«Մտքի եւ Հոգիի Արձագանգներ»ուն մէջ, Վեր. Թութիկեան կ’անդրադառնայ լայն շարքի մը հոգեւոր, կրօնական, բարոյական, քաղաքական, հասարակական, եւ մշակութային նիւթերու:
Ան կը գրէ քրիստոնէական աշակերտութեան, մարդկային արժէքներու, հայրենասիրութեան, եւ առօրեայ կեանքի ու հաւատքի էական կապին մասին: Ան նաեւ կ’անդրադառնայ ազգային տօներու, եկեղեցական հանդիսութիւններու եւ հայկական աւանդութիւններու շուրջ, ընթերցողը հրաւիրելով վերագտնելու իր հոգեւոր եւ մշակութային արմատները՝ իբրեւ մնայուն հաւատքի եւ ժառանգութեան վկայութիւններ:
Այս հատորին մէջ, վեր. Թութիկեան շեշտած է այն իրողութիւնը որ քրիստոնէական հաւատքը առանձին ոլորտ մը չէ կեանքի մէջ─ան առաջնորդող ուժն է, որ կը լուսաւորէ մարդկային գոյութեան բոլոր մարզերը: Ան խորապէս կը հաւատայ, որ քրիստոնէական հաւատքն ու հայկական ինքնութիւնը իրարու հետ սերտօրէն աղերսուած են՝ իւրաքանչիւրը զօրացներլով միւսը եւ երաշխաւորելով հայ ազգի գոյատեւումն, ծաղկումն ու բարգաւաճումը:
Իր ուժեղ հաւատքը, բարոյական ուղղութիւնը եւ հայկական մշակոյթին հանդէպ անսպառ սէրը ակներեւ են ամէն էջերուն մէջ։ Վեր. Թութիկեան կը մարմնացնէ նուիրեալ հայ հոգեւորականի, եւ իսկական հայրենասէր հայ մը ըլլալու ինքնութիւնը: Ան մեզ կը յիշեցնէ, որ հայկական ժառանգութեան պահպանումը եւ Հայ դատի պաշտպանութիւնը անբաժան առաքելութիւններ են՝ փոխյարաբերական ու կենսական են մեր ժողովուրդի եւ հաւատքի շարունակականութեան համար:
Իր գրութիւնները կը քաջալերեն ընթերցողը մտածելու ոչ միայն հայկական մշակոյթը պահպանելու մասին, այլեւ՝ ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալը այսօրուան ներկայ աշխարհին մէջ:
Թութիկեան իր 51-րդ գիրքը ձօնած է իր սիրելի ընտանիքին եւ բարեկամներուն, որոնք տարիներու ընթացքին հաւատարմօրէն աջակցած են անոր ծառայութեան:
Հանրածանօթ հայ մտաւորական մը ըլլալով՝ Վեր. Թութիկեան կը գրէ ջերմութեամբ, պարզութեամբ եւ հեզաճկուն ոճով: Անգլերէն եւ հայերէն՝ իր յօդուածները սեղմ, պարզ եւ խորապէս ներշնչիչ են:
Իր 51-րդ գրքին լոյս տեսնելուն բարեբաստիկ առիթով, մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը յղենք Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանին եւ մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Աստուծոյ եւ մեր ազգին մատուցած ծառայութեան համար:
Իր անսասան հաւատքը աներեր ծառայութիւնը, բարեացակամ ղեկավարութիւնը եւ անյողդողդ նուիրումը լոյսի փարոս եղած են Հայ Աւետարանական համայնքին եւ շատերու:
Խոնարհութեամբ եւ ուրախութեամբ կը պատուենք Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանին բացառիկ կեանքն ու գնահատելի ժառանգութիւնը─կեանք մը նուիրուած Աստուծոյ փառքին եւ մարդոց հոգիներու հարստացման:
Այս գիրքը անվերապահօրէն կը յանձնարարենք ընթերցող հասարակութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք կը փնտռեն հոգեւոր ընկալումներ, մշակութային մտորումներ եւ հոգեւոր ներշնչում:

