Լրահոս

Թաւաձայն Ասատուր Պալճեան՝ Տպաւորիչ Ներկայութիւն Մը

 

Դեռ հազիւ երկու շաբաթ առաջ, պոսթընահայ գաղութը վայելած էր Իզապէլ Պայրագտարեանը, իր քնքոյշ մեղեդիներով։

Նոյեմբեր 29-ին, այս անգամ արական ձայն մը «շշմեցուց» ներկաները, Ուաթըրթաունի «Մովսէսեան» սրահին մէջ։ Գաղութէն ներս եւ յատկապէս ծխական արարողութիւններու ընթացքին ծանօթ է պարիթոն Ասատուր Պալճեանը։ Այս անգամ, ան ելոյթ ունեցաւ հայ, թէ օտար երաժիշտներու գործեր ներկայացնելով։ Պալճեանին կ՛ընկերակցէր դաշնակահար Նունէ Յակոբեանը, որ աւելի քան 80 վայրկեան տեւողութիւն ունեցող այս ձեռնարկին, քանի մը անգամ առանցին նուագեց գործեր Կոմիտասէն եւ Գրիգոր Առաքէլեանէն։

Յայտագիրը հարուստ էր բազմալեզու գործերով՝ հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն եւ սպաներէն։ Այսպէս, վարդապետ Կոմիտասի կողքին հնչեցին նաեւ գործեր Ճորճ Կերշուինէն, Կի Տ՛Արտըլոյէն, Ռոտոլֆօ Ֆալվոյէն եւ անշուշտ Ակուսթին Լարայէն, որուն անզուգական «Կրանատա»-ն ունկնդիրը փոխադրեց Սերվանթէսի երկիր՝ Սպանիան։

Միայն երգիչ չէ Պալճեան, այլ նաեւ յատուկ ձիրք ունի բեմահարթակին վրայ, ուր երբեմն կարգ մը կտորներու պարագային, դերասանութեան կարիքն ալ մեծ կարեւորութիւն ունի։ Ան ամենայն ինքնավստահութեամբ եւ բծախնդրութեամբ ներկայացուց Լիրոյ Անտերսընի «The typewriter»-ը, որ պարզ զուգադիպութեամբ մը, առաջին անգամ նուագած է «Պոսթըն Փոփս»-ը եւ այդ ալ Նիւ Եորքի մէջ։ Իսկ աւարտին, ան երգեց «Fiddler on the roof» երաժշտախառն գործին հռչակաւոր «If I were a rich man»-ը փաստելով, թէ կասկածի կարիք չկայ եւ գուցէ ան, գէթ իբրեւ երաժիշտ՝ «մեծահարուստ» մըն է եւ մտահոգուելու կարիք չունի։

Բնականաբար, ծափողջոյններուն ընդառաջելով, ան վերադարձաւ բեմ եւ կրկին «աստուածացուց» Կոմիտասը։

Ներկայ Մը

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button