ԼԷՔՍԻՆԿԹԸՆԻ “ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲՈՅՆ“ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 30-ԱՄԵԱԿ

0 0
Read Time:2 Minute, 48 Second

Պոսթընի “Քափլի Փլազա“ պանդոկի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երեսուն ամեակի տօնակատարութիւնը, Շաբաթ Փետրուար 11, 2012ին, պոսթընահայ ընտրանի հանդիսականներու ներկայութեամբ:

Վարժարանը հիմնուած է երեսուն տարիներ առաջ, Քոյր Ալֆոնսա Պետրոսեանի անդուլ ջանքերով, Լէքսինկթընի գեղատեսիլ տարածքին մէջ: Դիւրին չէր այդ վարժարանի ծնունդը ստուար աշակերտական թիւով, սակայն առաքինազարդ քոյր Ալֆոնսայի անկոտրում կամքով եւ տքնաջան աշխատանքով, վարժարանը ստացաւ պատկառելի վիճակ, հայ աշակերտներուն տրամադրելով հայեցի դաստիարակութեան հնոց եւ հայապահպանման անառիկ ամրոց:

Միջոցառման հանդիսավարն էր տիար Փիթըր Գութուճեան “Շերիֆ Միտըլսեքս“ի եւ նախկին Մասաչուսէցի Ներկայացուցիչներու Տան պատգամաւոր, իր առինքնող ներկայութեամբ եւ հանդիսավարի յատուկ պերճախօսութեամբ, բացումը կատարեց հանդիսութեան, բեմ հրաւիրելով Օր. Անի Զարկարեանը մեներգելու ամերիկեան եւ հայկական ազգային քայլերգները:


Ապա հրաւիրուեցաւ վարժարանի վաստակաշատ տնօրէնուհի` Քոյր Սեսիլ Քէհեայեանը, ան իր Պէյրութի “Հռիփսիմեանց“ վարժարանի քառասուն տարիներու վարչական փորձառութեամբ իբրեւ տնօրէնուհի, հոս իր դաստիարակչական կարողութիւնները պիտի ներառեր ի խնդիր վարժարանի վերելքին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս դպրոցին նեցուկ կանգնող բարերարներուն, ծնողներուն, վարչակազմերուն եւ պարտաճանաչ ուսուցչական կազմին, որոնք կը սատարեն դպրոցի բարգաւաճման, մասնայատուկ կոչ ուղղելով պոսթընահայերուն, որ իրենց զաւակները ուղղարկեն այս հայակերտող հաստատութեան:


Ապա ելոյթ ունեցաւ, երկար տարիներու դաստիարակչական վաստակ ունեցող փոխ տնօրէնուհի` տիկին Մայտա Մելքոնեան, ներկայացնելով վարժարանի պատմականը եւ կրթական յաջողութիւնները, գրաւելով նախանձելի դիրք Մասաչուսէցի բազում կրթական հաստատութիւններուն մէջ: Բացայայտելով այդ դպրոցէն շրջանաւարտներու ուսումնական նուաճումները իրենց համալսարաններուն մէջ եւ անոնց բարենպաստ ներդրումը մեր ազգային միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն մէջ: Ան նշեց թէ` 2011ին Դպրոցի վարկաւորումը NEASLև հաստատութեան կողմէ, անգամ մը եւս կու գար փաստելու վարժարանի ուսման բարձր մակարդակը: Ան հպարտանքով յայտնեց թէ “Ծիծեռնակաբոյն“ը այն դպրոցներէն է, որ կը վայելէ երկու հաստատութեան` NEASC եւ AISNE անդամակցութիւնը:


Հանդիսավար` Փիթըր Գութուճեան բեմ հրաւիրեց գաղութին շատ սիրելի Գերաշնորհ Հայր Ռաֆայէլ Անտոնեան, որուն ներկայութիւնը պատկարանք կը ներշնչէ ու սրահը կը համակէ մխիթարեաններու ազգանուէր ոգիով:


Հայր Ռաֆայէլ առաջին հերթին յիշել տուաւ, որ Քոյր Ալֆոնսայի լուսամիտ գաղափարներով հիմը դրուեցաւ այս կրթական հաստատութեան. օժտուած դաստիարակչական ամէն յարմարութիւններով: Կը շեշտէ որ Սփիւռքի հայ դպրոցը կը թարփնէ վաղուան հայը, քաջալերել հայ դպրոցը կը նշանակէ մեր լինելութեան հիմերը ամրապնդել: Հարկ է ոչ միայն նիւթականով օժանդակել հայ դպրոցին այլ նաեւ աշխատանք տանիլ աշակերտութեան թիւը աւելցնել, վաղուան իրաւ հայը եւ քաղաքացին պատրաստելու համար:


Հայր Ռաֆայէլի սրտառուչ խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ տեսաներիզի ցուցադրութիւն, խնամքով պատրաստուած` տիկին Մայտա Մելքոնեանի կողմէ, ներկայացնելով զանազան տարիներու շրջանաւարտներ, դպրոցական եւ վարչական նախաձեռնութիւններ:


Երեսուն ամեակի հանդիսութեան պատւոյ հիւրը եւ գլխաւոր բանախօսը, մեծարգոյ Ռուբէն Շուկարեանն էր, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին հիւպատոսը Ամերիկայի մէջ:

Յարգարժան բանախօսը խօսքի յառաջաբանը սկսաւ հայերէն լեզուով, ապա անգլերէնով յայտնեց, որ ինք քաջ ծանօթ է Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կրթօճախներուն, պնդելով որ անոնց գոյութիւնն ու յարատեւութիւնը նախապայմաններ են հայապահպանման: Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը մեծապէս սատար հանդիսանալու եւ զօրավիգ կանգնելու պարտաւորութիւն ունի:


Ան մեծապէս գնահատեց, ներկայիս Կիւմրիի մէջ գործող Հայ Քոյրերու վարժարանի գործունէութիւնը: Յայտարարեց, որ յոյժ գնահատելի աւանդ ներդրած են Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութիւնները հայութեան: Իսկ “Ծիծեռնակաբոյն“ երեսունամեայ վարժարանը օժտուած է կրթական, գիտական, դաստիարակչական արդի յարմարութիւններով: Անցեալի փառքերով բաւարարուիլը ճիշդ չէ, անհրաժեշտ է լրջօրէն մտածել եւ ծրագրել ներկան եւ ապագան:


Բանախօսի ելոյթէն ետք բեմ բարձրացան, յարգարժան տնօրէնուհի Քոյր Սեսիլ Քէհեայեան եւ կալայի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի` տիկին Միշէլ Մինասեան, կատարելու համար ուսուցչական եւ վարչական կազմերու ներկայացուցիչներու յուշանուէրներու տուչութիւնը, իւրաքանչիւրը իր տարիներու ծառայութեան կարգով:


Ապա աճուրդի հանուեցան արժէքաւոր նուէրներ, աճուրդը ճարտարօրէն վարեցին` Տիար Փիթըր Գութուճեան եւ Տիար Ապա Պալիքեան:

Ձեռնարկի պաշտօնական յայտագրէն ետք ներկաները վայելեցին Մոնրէալէն հրաւիրուած նուագախումբը իր բազմատաղանդ երգիչի` Էլի Պէրպէրեանի խանդավառ երգերը:

Երեսուն ամեակ ոգեկոչող նախաձեռնութիւնը արդարացուց իրեն վստահուած պարտականութիւնը:

Կը մնայ պոսթընահայերուն խանդավառուիլ եւ աշխատանք տանիլ մեր հայ ազգային վարժարաններու աշակերտներուն թիւը բազմացնել ունենալու համար զօրաւոր հայկական գաղութ, շարունակելու համար մեր նախնիներուն մեզի կտակած աւանդը:

 

ԿԱՐՊԻՍ ԳՈՃԱՆԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles