Յօդուածներ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՏԱՐԻՆ

Ար­դէ՜ն 2011-ի հաշ­ուե­յար­դարն է:

Մօտ ատե­նէն 12 ամիս­նե­րը, 52 շա­բաթ­նե­րը, 365 օրե­րը, 8760 ժա­մե­րը, 525 հա­զար վայրկ­եան­ներն ու 31,536 հա­զար երկ­վայրկ­եան­նե­րը պատ­մու­թեան անց­եալ կա­տար­եա­լին մի­ա­ցած պի­տի ըլ­լան, առիթ ըն­ծա­յե­լով, որ Աշ­խարհ կո­չեց­եալ բնա­գա­ւա­ռին բնա­կիչ մարդ էա­կը, յե­տա­դարձ ակ­նարկ մը նե­տե­լով, վեր­լու­ծէ, յի­շէ, նշէ եւ ընդգ­ծէ կա­րե­ւոր դէպ­քերն ու ան­ցու­դար­ձե­րը:

Բնա­կա­նա­բար հա­յոր­դին տար­բեր ակ­նո­ցով կը դի­տէ, դէ­պի տա­փակ ու հարթ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցում ըն­թա­ցող այս ապ­րե­լա­ձեւն ու “ինք­նա­գործ կեան­քը ինչ­պէս որ է“ն, փոր­ձե­լով մի­ջազ­գա­յին ան­ցու­դար­ձե­րու կող­քին, ծան­րա­նալ եւ կեդ­րո­նա­նալ ազ­գա­յին մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու վրայ, որոնց կար­գին յատ­կա­պէս ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ “թա­պուն“ իր զա­նա­զան բար­դու­թիւն­նե­րով:

Արագ ակ­նարկ մը նե­տե­լով 2011-ի ան­ցու­դար­ձե­րուն վրայ, բնու­թիւնը ան­գամ մը եւս հաս­տա­տեց թէ կը մնայ ան­հա­սա­նե­լի եւ անդրդ­ուե­լի հզօր ու վիթ­խա­րի կա­ռոյց մը…Ճա­փո­նի մէջ ակն­թար­թի մը մէջ, գա­զա­նա­յին, աղի եւ փրփրա­դէզ ալիք­ներ կուլ տուին բնակ­չու­թիւն, կեանք եւ ար­դի գոր­ծա­րան­ներ: Այս­պէս, Մարտ 11, 2011 թուա­կա­նը, սեւ ածու­խով մրո­տեց այդ արե­ւա­ծա­գի երկ­րի` Ճա­փո­նի պատ­մու­թեան  էջե­րը: Դեռ քա­նի մը օր, հա­մե­մա­տա­բար աւե­լի մեղմ զօ­րու­թեամբ, բնու­թիւնը ան­գամ մը եւս ինքն­զինք պար­տադ­րեց եւ ջրհե­ղե­ղով սպառ­նաց Ֆի­լիփ­եան կղզի­նե­րուն:

Բնու­թիւն եւ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, կամ գա­րուն եւ աշուն (աւե­լի ճիշ­դը` ձմեռ)…Քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հետ քայլ պա­հո­ղին հա­մար, յստակ է թէ խնդրոյ առար­կայ նիւ­թը` արա­բա­կան գա­րունն է, որուն ապա­գան կը թուի ամ­պո­տած, աշ­նա­նա­յին թաւ մշու­շով մը պատ­ուած, որուն կրնայ յա­ջոր­դել ձմեռ­նա­յին սաս­տիկ ցուրտն ու փո­թո­րի­կը: Ար­դա­րեւ, ան­ծա­նօթ թու­նուզ­ցի կա­նա­չե­ղէ­նի շրջուն վա­ճա­ռա­կան մը ինք­զինք հրկի­զե­լով, ազ­դան­շա­նը տուած էր, արա­բա­կան աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու տաս­նամ­եակ­ներ շա­րու­նակ ան­փո­փոխ “գո­յա­վի­ճակ“ ստեղ­ծած պե­տու­թիւն­նե­րու փլուզ­ման: Այս­պէս տօ­մի­նօն շա­րու­նակ­ուե­ցաւ փո­խադր­ուե­լով Եգիպ­տոս, “Քա­զա­ֆիս­տան“` Լիպ­իա, եւ… դեռ շար­քը եր­կար է:

Նե­րազ­գա­յին պրիս­մա­կով դիտ­ուած, ան­գոր­ծու­թիւնը, չա­րա­շա­հու­թիւնն ու մա­նա­ւանդ ար­տա­գաղ­թը կը շա­րու­նա­կեն մտա­հո­գիչ հար­ցադ­րում­նե­րու դուռ բա­նալ: Այս­ուա­մե­նայ­նիւ, յոյժ յի­շա­տա­կե­լի է անց­եալ տա­րի սկսած եւ հետզ­հե­տէ շա­րու­նա­կուող եւ ձե­ւա­ւո­րուող Հայ Դա­տի  ճա­նա­չու­մէն հա­տու­ցում հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տան­քի ան­ցում կա­տա­րուող գոր­ծըն­թա­ցը:

2010-ի Աղ­թա­մա­րի եկե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տար­ուած պա­տա­րա­գէն ետք, Տիգ­րա­նա­կեր­տի Սբ. Կի­րա­կոս եկե­ղեց­ւոյ հան­դի­սա­ւոր վե­րա­բա­ցումն ու Տէր­սի­մի մէջ, հետզ­հե­տէ յայտ­նուող եւ իրենց ակունք­նե­րը վե­րա­դար­ձող հա­յոր­դի­նե­րը ազ­դան­շա­նը տուած են… կալ­ուած­նե­րու, հարս­տու­թիւն­նե­րու եւ սրբա­տե­ղի­նե­րու հա­տուց­ման էջին:

“ՀԱՅՐԵՆԻՔ“

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button