ՅԱՌԱ¯Ջ…ԱՆՎՀԱՏ ԵՒ ԱՆՍԱՍԱՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 22 Second

Ազգային աղէտի համահաւասար երեւոյթ է պատահածը…թերթ մը փակելը, ոչ թէ լոյսերու քաղաք կամ աշխարհի կեդրոն, այլ սփիւռքահայութեան գաղափարաբանական եւ մշակութային կեանքի ընտրանի մայրաքաղաք՝ Փարիզի մէջ:
Հասկնալի են մտահոգութիւնները, սակայն ամէն գնով անընդունելի՝ վերջնականապէս փակման որոշում մը:Այսօր, տնտեսական դաժան պայմանները կը կրծեն բոլոր հաստատութիւնները, նոյնիսկ շատ աւելի լայնատարած եւ միջազգային ճանաչում ունեցող թերթեր նոյն վիճակին մէջ կը գտնուին:Աղէտը համընդհանուր է, Սակայն ամէն մէկ հաստատութիւն, իր դրդապատճառներն ու իւրայատուկ իրավիճակը ունի:
«Յառաջ»ը արտացոլացումն է սփիւռքահայուն, իր արծարծած տարբեր նիւթերով, տեսակէտներով, կիզակէտներով…բնագաւառներով:
Ակներեւ է…թէ ան, վերջին տարիներուն, հաւանաբար աշխարհի ամէնէն աւելի հնամաշ Կիւթէմպերկեան գլաններով դուրս կը սփռէր հայ տառն ու գիրը:,
Ակներեւ է…թէ հապճէպ թերթատումով մը…նայուածքով (դժբախտաբար վերջերս սովորութիւն դարձած…) մը, անոր դեղնած էջերն ու մերթ անընթեռնելի տառերը, անտարակուսoրէն կրնային հնչեցնել ահազանգը, սակայն իսկական «կարդացող»ին համար conteneur-ը (container) չէ կարեւորը, այլ contenu-ն (containing):
Առ այդ, ակներեւ է… թէ «Յառաջ» իր զանազան գրութիւններով, գէթ լայնածաւալ ու անծայրածիր կը ներկայացնէր հունտը, աւիշն ու էականը:
Նորէն տեղին է շեշտել…միայն Փարիզի, Ֆրանսայի կամ Եւրոպայի զանազան հայ օճախներու թերթը չէ «Յառաջ»ը, այլ ան կը պատկանի Սփիւռքին, այդ վիթխարի Սփիւռքին, որ իր ետին ունի լոկ հայրենիքի բնակչութեան հետ մրցող շօշափելի «ամբոխ» մը, նիւթական կարողութիւն (…հակառակ ներկայ դաժան պայմաններուն) եւ նոյնիսկ յատուկ նախարարութիւն:
Տարասփիւռ հայ զանգուածները, անսալով իրենց ազգային բնազդական ձայնի, հարկ է որ հայ լեզուին եւ այս պարագային մամուլին պահպանութիւնը առաջնահերթ համարեն եւ ի հեճուկս ահաւոր ու ահարկու դժուարութեանց ամէն գնով կանքուն պահեն կառոյցը:Ազգային ինքնուրոյն դիմագիծի, նկարագրի, ինքնութեան պաշտպանութեան ու պահպանման բերդ, ամրոց ու կռուան հանդէս կու գայ Մեսրոպաշունչ հայ լեզուով մրոտած «Յառաջ»ը:  
Կարելի է հաւատալ թմբիրէն դուրս եկած փիւնիկեան թռչունի վերադարձին:Յառա¯ջ…անվհատ եւ անսասան:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles