0
0
Read Time:14 Second
Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը տեղեկացնէ թէ Արցախի Քարվաճառ շրջանի վերաբնակեցման աշխատանքներու ծիրէն ներս, համակարգչային նոր սարքեր նուիրուած են տեղւոյն դպրոցին: Այսուհետեւ աշակերտները կարելիութիւնը պիտի ունենան օգտուելու համակարգիչներէն, որոնք տեղադրուած են դպրոցի համակագիչներու դասարանին մէջ: Նման ներդում պիտի կատարուի նաեւ Քաշաթաղի Բերձոր քաղաքին մէջ: