Յօդուածներ

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

 

CREATOR: gd-jpeg v1.0 (using IJG JPEG v62), quality = 75

Թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալեց վեց անձեր՝ Իրանի հաշւոյն քաղաքական եւ զինուորական լրտեսութիւն կատարելու կասկածներով։

Ընդհանուր դատախազութեան գրասենեակը հաղորդեց, որ համակարգուած ծրագրով մը, հինգ նահանգներու՝ Պոլսոյ, Անգարայի, Վանի, Սամսոնի եւ Եալովայի մէջ, կատարուած են ձերբակալութիւնները, թրքական գաղտնի գործակալութեան կողմէ կատարուած հետախուզութիւններու եւ հետաքննութիւններու լոյսին տակ։

Կան կասկածներ, թէ ձերբակալեալները կապեր հաստատած են Իրանի Յեղափոխական Պահակներու միաւորման գաղտնի սպասարկութեան անդամներու հետ։ Անոնք նաեւ տեղեկութիւններ հաւաքած են՝ զինուորական կեդրոններու եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կառոյցներու մասին։Ձերբակալեալներուն հինգը թրքահպատակ, իսկ մէկը իրանահպատակ են։

*

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կոչ ըրաւ՝ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ նախկին սխալները չկրկնելու, կենսական համարելով,որ սուրիական Ժողովրդավար Ուժերը ամբողջապէս համարկուին սուրիական բանակին մէջ։

Էրտողան նաեւ յայտարարեց, որ Անգարայի համար անընդունելի է Սուրիոյ մէջ քրտական ուժեղ ներկայութիւն մը։Ան կոչ ըրաւ նաեւ ամբողջութեամբ գործադրելու 18 Յունուարին կնքուած համաձայնութեան բոլոր կէտերը։

Սուրիոյ քիւրտերը կը ջանան պահել իրենց զէնքերը եւ կիսանկախ իրավիճակը։ Սակայն Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը յստակ դարձուցած է, թէ ոչ մէկ նպատակ ունի շարունակելու Սուրիոյ քիւրտերուն զինական օժանդակութիւնը, որ տրամադրուած էր՝ ՏԱԷՇ-ի դէմ պայքարին ծիրին մէջ։

*

Թուրքիոյ ազգային ապահովութեան խորհուրդը քննարկեց Իրանի շուրջ արձանագրուող իրադարձումներն ու զարգացումները՝ շեշտելով,որ Իրանի կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը կենսական են շրջանային ապահովութեան համար։

Էրտողանի գլխաւորութեամբ գումարուած նիստէն ետք հրապարակուած յայտարարութիւնը նաեւ նշեց,որ Թուրքիա կը զօրակցի իր գերիշխանութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը եւ քաղաքական միասնութիւնը ապահովելու Սուրիոյ իշխանութիւններուն ճիգերուն։

Ինչ կը վերաբերի Ուքրայինայի պատերազմին, խորհուրդը ընդգծեց պատերազմին կողմերուն պատասխանատու վերաբերումին կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանցել Սեւ Ծովու շրջանին ապահովութիւնը վատթարացնելու վտանգը։

*

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Եւրոպական Միութիւնը մեղադրեց Թուրքիոյ նկատմամբ խտրական կեցուածք ճշդելու մեղադրանքով, շեշտելով,որ քաղաքականութիւնը հիմնուած է ինքնութեան, կրօնի եւ քաղաքակրթութեան, եւ ոչ թէ քաղաքական տարակարծութիւններու վրայ։

Ըստ Հաքանի, Եւրոպական Միութիւն պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր քաղաքական հայեացքները, որպէսզի կարելի ըլլայ Թուրքիոյ անդամակցութեան թղթածրարին քննարկումը ամբողջացնել։

Տեղին է նշել, որ Թուրքիա աւելի քան 20 տարիէ ի վեր Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու է, սակայն բանակցութիւնները 2016-էն ի վեր դադրած են։ Եւրոպական Միութիւն յաճախ կը խօսի մարդու իրաւունքներու խախտումներու, կառավարման համակարգի ցած չափանիշերու եւ շրջանային աշխարհագրաքաղաքական տագնապներու մասին, որոնք Թուրքիոյ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններուն կասեցման պատճառ են։ Անգարա չ՛ընդունիր այս մատնանշումները եւ կը պնդէ, որ եւրոպացիները  ինքնութեան քաղաքականութեան մտայնութիւն ունին, զոր պէտք է փոխեն։

Ֆիտան Թուրքիա – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները նաեւ Անգարայի մէջ  քննարկեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոէլ Պարոյի հետ։

*

Թրքական «Ասելսան» ընկերութիւնը, որ զէնք եւ զինական սարքեր կ՛արտադրէ, յայտարարեց,որ ՆԱԹՕ-ի հետ կնքած է համաձայնութիւն մը, որուն համաձայն, Արեւմտեան Դաշինքին պիտի հայթայթէ հակօդային պաշտպանական համակարգեր, որոնք կարելի է գործածել ուսի վրայ։

Համաձայնութիւնը երեք տարի ի զօրու է։ Տեղին է նշել,որ «Ասելսան»-ի շուկայական արժէքը հասած է 30 միլիառ տոլարի։

 

 

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button