Հայկազեան Համալսարանի 70-ամեակի Շքեղ Հանդիսութիւն

Հայկազեան Համալսարանի 70-ամեակի տօնակատարութիւնները, որոնք սկսած էին Նիւ Ճըրզիէն եւ շարունակուած Նիւ Եորք, Երեւան, Տուպայ, Պէյրութ, Մոնրէալ, Ռիատ, Գահիրէ, Աթէնք եւ Տոհա, յիշարժան ու շքեղ աւարտ մը ունեցան Լոս Անճելոսի մէջ՝ Շաբաթ, 24 Յունուար 2026-ին։ «Պէյրութը կը Հանդիպի Հալլիվուտին» խորագիրին ներքոյ, մօտ 300 հոգեւոր առաջնորդներ, մանկավարժներ, շրջանաւարտներ, բարերարներ, համայնքային ներկայացուցիչներ եւ պատուարժան հիւրեր հաւաքուեցան Լոս Անճելոսի պատմական Ebell սրահը՝ յարգելու Համալսարանի մնայուն ժառանգութիւնն ու ազդեցութիւնը։

Երեկոն համանախագահեցին համալսարանի հոգաբարձութեան անդամներ Թինա Սէկել եւ Ռաֆֆի Քենտիրճեան։ Այս հանդիսութիւնը նաեւ եղաւ առիթ մը յարգանքի տուրք մատուցելու երկարամեայ հոգաբարձու եւ բարերար Ճոյս Փիլիպոսեան Սթայնին՝ անոր տասնամեակներու շարունակակաՆ անսասան նուիրումին եւ ծառայութեան համար՝ Հայկազեան Համալսարանին։
Յայտագիրը սկսաւ համանախագահներու ջերմ ողջոյնի խօսքերով, որոնք ներկայացուցին պատուարժան հիւրերու խումբ մը, որոնց մէջ կային՝ Ա․Մ․Ն․-ի Ամենայն Հայոց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, Ա․Մ․Ն․-ի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս ԽաչԵրեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Հոգեւոր Հովիւ՝ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, Հայկազեան Համալսարանի նախկին նախագահ՝ Վեր. դոկտ. Ճան Խանճեան, Հայկազեան համալսարանի ներկայ նախագահ՝ Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Հայկազեան համալսարանի Հիմնադիր Նախագահ Վեր. դոկտ Ճան Մարգարեանի տիկինը՝ Ինկա Մարգարեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան վարչական խորհուրդի նախագահ՝ Կէրի Ֆիլիփս եւ գործադիր տնօրէն՝ Սերժ Տ. Պուչաքճեան։ Համանախագահները իրենց ողջոյնի խօսքերուն մէջ յիշեցին նաեւ Հայկազեանի նախկին տիկնանց օժանդակ մարմինը, որ տասնամեակներ շարունակ անխոնջ աշխատեցաւ համալսարանին նիւթաբարոյական ապահովելու, որու անդամներէն շատեր ներկայ էին այս հանդիսութեան։

Ա․Մ․Ն․-ի, Հայաստանի եւ Լիբանանի պետական օրհներգներուն գեղեցիկ կատարումէն ետք՝ Նազանի Մնչերեանի երգեցողութեամբ, Քենտիրճեան ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի նախկին նախագահ Վեր. դոկտ. Ճան Խանճեանը՝ նշելով որ անոր առաջնորդութիւնն ու անսասան նուիրուածութիւնը իր նախագահութեան ընթացքին Համալսարանին վրայ մնայուն հետք ձգած են։ Ապա զայն բեմ հրաւիրեց բացման աղօթքի համար։ Իր աղօթքին մէջ Վեր. դոկտ. Խանճեան յիշեց Հայկազեան համալսարանի հիմնադիր անդամները, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը։ Ան գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ 1955-ին Համալսարանը հիմնելու անոնց տեսլականին եւ հաւատքին համար, ինչպէս նաեւ վերջին եօթանասուն տարիներուն ընթացքին Հայկազեանի առաքելութեան միջոցով օրհնուած անհամար կեանքերուն համար։

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր Համալսարանի հարուստ պատմութիւնը, ոգին եւ ժառանգութիւնը։ Այնուհետեւ, հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ դոկտ. Յասմիկ Պարան ողջունեց հիւրերը իր գործընկեր հոգաբարձուներու անունով եւ ներկայացուց Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը։ Իր խօսքին մէջ ան նշեց. «Վեր. դոկտ. Հայտոսթեան կը մարմնաւորէ բաց մտածողութիւն, արհեստավարժութիւն եւ փոխադարձ յարգանք։ Անոր համագործակցական մօտեցումն ու առողջ դատողութիւնը մեծապէս կը նպաստեն մեր Խորհուրդի աշխատանքին արդիւնաւետութեան ու իրագործումին։ Մեր Նախագահին հետ գործակցիլը իսկական հաճոյք է»։

Իր ելոյթին մէջ Վեր. դոկտ. Հայտոսթեան անդրադարձաւ ելոյթի նշանակութեան՝ ըսելով. «Մենք Հայկազեան Համալսարանի 70-ամեակը կ’եզրափակենք Լոս Անճելոսի մէջ՝ շքեղ կերպով, սակայն այս աւարտը իրականութեան մէջ սկիզբ մըն է՝ նոր փուլ մը արագ փոփոխուող աշխարհին մէջ։ Հայկազեան Համալսարանին համար մեզ սահմանողը ոչ թէ համաշխարհային սպառնալիքներն են կամ տեղական անորոշութիւնները, այլ մեր անսասան նուիրումը՝ ապագայ սերունդները կրթելու մտարուեստութեամբ, միասնական ոգիով, բարոյական արժէքներով, հաւատքով եւ ուսման ու ծառայութեան հանդէպ ողջ կեանքի նուիրումով»։

Երեկոյի գագաթնակէտը եղաւ յարգելու Ճոյս Փիլիպոսեան Սթայնը՝ Հայկազեան համալսարանին բերած իր բացառիկ ներդրումներուն համար։ Իր խօսքին մէջ տիկին Սթայն սրտագին երախտագիտութիւն յայտնեց հանդիսութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ ներկայ բոլոր հիւրերուն։ Ան յիշեց, որ համալսարանի հիմնադրութիւնը կարելի դարձաւ Մարի Մեհակեանի (դուստրը Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ Վեր. Դոկտ. Արմենակ Հայկազեանի, որուն անունը կը կրէ համալսարանը), եւ անոր ամուսնոյն՝ Աւագ (Սթիվըն) Մեհակեանի մեծահոգի նուիրատուութեան շնորհիւ, ինչպէս նաեւ իր հօր՝ Սթիվըն Փիլիպոսեանի տեսլականին ու առաջնորդութեան։ Տիկին Սթայն յիշեց, թէ ամերիկեան ոճով համալսարան մը Պէյրութի մէջ հիմնելու գաղափարը ծնաւ 1955 թուականի ձիւնառատ Մարտ ամսուան երեկոյ մը՝ Փենսիլվանիոյ Ռէտնըր քաղաքին մէջ գտնուող իր հօր բարձունքի վրայ կանգնած տան մէջ։ «Աներկբայօրէն, Հայկազեանը դարձաւ իմ հօրս ամենամեծ տեսլականը», ըսաւ ան։

Համալսարանի ղեկավարութիւնը տիկին Սթայնին յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը՝ որպէս յիշատակ իր տասնամեակներու ծառայութեան, մեծահոգութեան եւ նուիրումին համար, որոնք անջնջելի հետք ձգած են հաստատութեան եւ անոր ուսանողներուն վրայ։

Տօնական մթնոլորտը ճոխացուցին աշխարհահռչակ հայ դաշնակահար Վահագն Հայրապետեանն ու իր համոյթը, որոնք այս առիթով Երեւանէն ժամանած էին եւ երաժշտական յատուկ կատարումով հմայեցին ներկաները։

Տօնակատարութիւնը իր աւարտին հասաւ կարկանդակի հատումով՝ Հայկազեան համալսարանի օրհներգի հնչիւններուն ներքոյ, եւ փակման աղօթքով։ Այնուհետեւ ներկաները շարունակեցին երեկոն յետհանդիսութիւնով մը, ուր մատուցուեցաւ սուրճ, աւանդական քնեֆէ անուշեղէնը եւ պտուղներ։

Անդրադառնալով երեկոյի ոգիին՝ համանախագահները իրենց պատգամին մէջ ըսին. «Եօթանասուն տարի շարունակ Հայկազեան Համալսարանը եղած է վայր մը, ուր քրիստոնէական հաւատքը, ակադեմական գերազանցութիւնը եւ հայկական ժառանգութիւնը կը միաձուլուին՝ կրթելու եւ ներշնչելու առաջնորդներու, մտածողներու եւ ծառայողներու սերունդներ։ Քաղաքացիական պատերազմի, տարածաշրջանային դժուարութիւններու եւ ծանր ֆինանսական ճգնաժամերու տասնամեակներուն ընթացքին անգամ, Համալսարանը մնացած է անսասան՝ ամբողջականութեան, ծառայութեան եւ մտաւոր հետազօտութեան հանդէպ իր ունեցած նուիրումին մէջ»։

Հայկազեան Համալսարանին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կամ անոր առաքելութեան աջակցելու համար, կրնաք այցելել https://www.haigazian.edu.lb/ կայքը կամ հետեւիլ Հայկազեան Համալսարանին ընկերային ցանցերու վրայ։

