Ահաւոր Եւ Տեղատարափ Անձրեւ․․․

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
I saw a room full of men with their hammers a-bleedin’
I saw ten thousand talkers whose tongues were all broken
I saw guns and sharp swords in the hands of young children
And it’s a hard, and it’s a hard, it’s a hard, it’s a hard
And it’s a hard rain’s a-gonna fall
Տեսայ սենեակ մը մարդերով լեցուն՝ իրենց արիւնոտ մուրճերով,
Տեսայ տասը հազար խօսողներ, որոնց լեզուները բոլորն ալ կտրուած էին,
Տեսայ հրացաններ ու սուր թուրեր՝ մատղաշ մանուկներու ձեռքերուն մէջ։
Եւ ահաւոր է, եւ ահաւոր է, շատ ահաւոր է, շատ ահաւոր,
Եւ ահաւոր անձրեւ մը պիտի տեղայ։
Այս տողերը կը պատկանին հանրահռչակ երգիչ-բանաստեղծ Պապ Տիլընին, որ յօրինած է Հոկտեմբեր 1962-ին, Քուպայի ճգնաժամի օրերուն։ Միեւնոյն ժամանակ ամենայն հեռատեսութեամբ եւ յոռետեսութեամբ, այդ օրերուն Տիլըն կը ներկայացնէր ստեղծուած իրավիճակը։ Այսօր, տասնեակ տարիներ ետք, ոչ մէկ բան փոխուած է վերը նշուած այդ տողերէն։
Տիլընին ծննդավայրն է վերջին շաբաթներուն պայթուցիկ կացութիւն ստեղծած Միննեսոթա նահանգը։ Ան ծնած է Միննէափոլիսէն մօտաւորապէս 150 մղոն հեռու՝ Տիւլութ։
Դեռ հազիւ տարի մը առաջ, Տիլըն ընկերային ցանցերու միջոցաւ հետաքրքրական յուշ մը նշեց․-
«Երբ մանուկ էի, կ՛ապրէի փոքր սենեակի մը մէջ եւ հօրս հին կիթառը բռնած կը նուագէի։ Ամէն անգամ որ դրացիները կը բախէին դուռս ու կ՛ազդարարէին՝ «Լո՛ւռ եղիր», կը զգայի, թէ սրտիս մէջ եղող երաժշտութիւնը կը խեղդուէր։ Եթէ հնազանդէի, գուցէ ալ երբեք չերգէի»։
Այս կարճ ու կտրուկ եւ հպանցիկ յուշը բաւարար եղաւ, որ ընկերային ցանցերը կայծակնային արագութեամբ արձագանգեն, կրկին Տիլընը նկատելով ազատութիւնը պաշտպանող ձայնը։
Մէկ բան յստակ էր, թէ Տիլըն լոկ երաժշտութեան մասին չէր խօսեր։ Ան ո՛չ թէ զգուշացում, այլ ահազանգ մը կը հնչեցնէր ստեղծագործութեան, արտայայտման եւ խօսքի ազատութեան մասին։
Ահաւասիկ այսօր խօսելու իրաւունքը կը խեղդուի, արտայայտուելու ամենադոյզն մարմաջը կ՛արգիլուի, եւ մենք մուտք կը գործենք խաւարային անջրպետ։
Ի՞նչ կը պատահի Միննեսոթայի մէջ։ Չմոռնանք, այդ պսակաձեւ ժահրեան օրերուն՝ 25 Մայիս 2020-ին, միշտ ու միշտ այդ նոյն նահանգին մէջ, սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի պարագան, որ անխնայ ու անզգայ ոստիկանի մը ծունկին ճնշումին տակ շնչահեղձ եւ «արմատախիլ» եղաւ: Յունուար 2026-ին, երկու շաբթուան տարբերութեամբ, երկու անմեղներ՝ Ռենէ Կուտ եւ Ալեքս Փրէթի, իրենց կարգին սպաննուեցան դաժան պայմաններու մէջ, այս անգամ զոհը դառնալով ներգաղթի եւ մաքսային ապահովութեան յատուկ ուժերուն (ICE)։
Սեւի եւ ճերմակի հարց չէր, այլ ցեղային եւ ցեղապաշտային հարցերը մէկդի դրած, ստեղծուած պատկերը տարբեր էր։ Սպիտակամորթ ընդդէմ սպիտակամո՞րթի՝ ո՛չ, այդ մէկն ալ չէր պատահածը․ այլ մարդ էակ ընդդէմ դիմակաւորի։ ․․․Եւ դիմակաւորները պարզ դերասաններ չէին։ Աւելի՛ն. պատահածը անհեթեթ կամ ողբերգական թատրոն չէր, այլ իսկական անհեթեթ եւ անսպասելի ողբերգութիւն մը, կեանք կոչեցեալ ոլորտէն ներս։
Ընդվզեցուցիչը այն էր, թէ Յունուար 7-ին առաջին զոհը՝ Ռենի Կուտը սպաննող գործակալը քննութեան ենթարկելու կամ կալանքի տակ առնելու փոխարէն, արդարադատութեան նախարարութիւնը քրէական հետաքննութիւն բացաւ Միննեսոթայի նահանգապետ Թիմ Ուոլցի եւ Միննէափոլիսի քաղաքապետ Ճէյքըպ Ֆրէյի դէմ՝ զանոնք մեղադրելով, իբր թէ անդորրութիւնը ապահովելու համար գործուղուած ուժերուն աշխատանքը խափանելու դաւադրութեան մէջ։
Սպիտակ Տան մամլոյ քարտուղար Քարոլայն Լիվիթը կուրօրէն կը շարունակէ ծածկել պատահած ահաւոր ոճիրները։ Ըստ անոր, այս ողբերգութիւնները տեղի ունեցան Միննեոսոթայի մէջ դեմոկրատ ղեկավարներու դիտաւորեալ եւ թշնամական դիմադրութեան իբրեւ հետեւանք։ Անշուշտ խօսքը յատկապէս ուղղուած էր նահանգապետ Թիմ Ուոլցին, որ նախագահական վերջին ընտրութիւններուն, դեմոկրատական թեկնածու Քամալա Հարիսին կողքին ներկայացած էր իբրեւ փոխնախագահութեան թեկնածու։
Իրաւաբան փորձագէտներ կը պնդեն, որ Թրամփի վարչակազմի պաշտօնատարները ստեղծած են այնպիսի մթնոլորտ մը, որ ներգաղթի սպաներուն կը թոյլատրէ չափազանցուած ուժ գործադրել՝ աւելի հաւանական դարձնելով մահացու բախումները։ Իսկ դեռ աւելի ահաւորը՝ Ռենի Կուտի այրին ալ հետաքննութեան ենթարկուեցաւ, քայլ մը, որ բողոքի մեծ ալիք ստեղծեց եւ վեց ամերիկացի դատախազներ մղեց հրաժարիլ իրենց պաշտօնէն։
Մեծ հարցադրումի տակ առնուած է այն, որ այս դիմակաւորները, արդե՞օք մաս կը կազմեն 6 Յունիս 2021-ին Քեփիթըլ Հիլ ներխուժած ամբոխին, որոնց ո՛չ թէ միայն ներում շնորհուած է, այլ նաեւ առաջնահերթութիւն տրուած է կազմելու այս յատուկ նէօ-նացիներու կորիզը։
Ինչ ալ ըլլան պայմանները, յատուկ զօրքերու որեւէ ներքին օգտագործում պարտի համապատասխանել պաշտպանութեան նախարարութեան ուժի գործածութեան կանոններուն եւ անշուշտ՝ սահմանադրութեան։ Նոյնիսկ ապստամբութեան օրէնքին ներքոյ, այս դիմակազերծ ըլլալիք դիմակաւորները (դժբախտաբար Հայաստանի մէջ ալ միեւնոյնն է պարագան) իրաւունք չունին ցուցարարներու վրայ կրակելու, եթէ բառացիօրէն իրենց կեանքը անմիջական վտանգի տակ չէ։ Իսկ, ամենէն առաջնահերթը՝ բոլորովին անօրինական եւ անընդունելի է աջակցիլ ICE-ի գործակալներուն, երբ անոնք կը վարուին անմարդկային եւ անօրինական կերպով։
Միննեսոթան անտառ չէ։ Կարելի չէ հոն բռնի ուժով անտառի քաղաքականութիւն պարտադրել։
Այս օրերուն, բնութիւնը՝ բառին բուն իմաստով, սառեցուցած է Ա․Մ․Ն․-ու բազմաթիւ նահանգներ, սակայն Միննեսոթայի ահաւոր եւ տեղատարաթափ անձրեւը շատ աւելի մահացու եւ մտահոգիչ է Տիլընի նկարագրութեամբ։
Հուսկ, հաւանաբար Թրամփ քաջատեղեակ է , թէ Տիլըն պատմութեան մէջ առաջին երաժիշտն է, որ արժանացած է Նոպէլեան գրականութեան մրցանակի։

