Յօդուածներ

ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԶԵՂԾՈՒՄԸ ԱԶԳԻ ՆԱՀԱՆՋ Է…

 

Մակար ի Գաղիա, 12 Յունուար 2026

Ի պէտս  անգիտելոց

 

            Դարավերջին ախտ է եթերի լատինատառ հայերէնը, որ երբեմն կը գրուի, նաեւ խօսափողէն, որպէս ճառ ընթերցուելու համար: Մի՛ հարցնէք ի՞նչ ընելու, ո՞ր սնափառութեան եւ ո՞ր ազգային համարուած պատեհապաշտութեան տուրք տալու համար այդ կ’ըլլայ: Մեսրոպեան տառերով գրուող հայերէնն ալ յաճախ փարսախներով հեռու է հայերէնի քերականութեան, ուղղագրութեան եւ հոլովական կանոններէն, նաեւ երբ հայերէն համարուած էջեր  կը տպագրուին, յօդուածներ եւ գիրքեր: Պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնել մանաւանդ երբ էջը կը հրատարակուի մամուլով կամ գիրքով, եւ կը հրամցուի հայ ընթերցողին: Գիրք կամ թերթ, տպուելէ առաջ, պէտք է ենթարկուի հայերէն գիտցողի մը սրբագրութեան: Ինքզինք յարգող հրատարակիչը, ոչ միայն գրողը,  եթէ բծախնդիր չըլլան, ընթերցողի լեզուն եւ հայերէնի իմացութիւնը աւելի կը խաթարուին եւ խաթարուած հայերէնը կը դառնայ սովորական կանոն:

            Վրէպներ միշտ պիտի ըլլան, բայց անոնք կանոն պէտք չէ ըլլան, անոնք սխալներ են: Օրինակ է հայերէն պարզ եւ ամէն օր գործածուող դժբախտ ԴՈՒՌ բառը, որուն սեռական-տրականը ԴՐԱՆ է, բայց երբ էջերու վրայ կը գրուի ԴՌԱՆ եւ կը կրկնուի, այլեւս կարելի չէ խօսիլ ՎՐԷՊի մասին: Երբ գիրքի մը էջերուն վրայ կը կրկնուի «ԴՌԱՆ»ը, այդ կ’ըլլայ լեզուի հանդէպ անարգանք, գրոց-բրոցի անպատասխանատուութիւն, ան ըլլայ գրող, հեղինակ թէ հրատարակիչ: Այս օրինակ մըն է անորակ լեզուի եւ  ուղղագրութեան: Այս խնդիրը հարկ է նկատի ունենալ անկախաբար գրուածի բովանդակակութենէն:

            Յաճախ կը հանդիպինք նաեւ հայերէնի մէջ տուն-տեղած իբրեւ թէ հայացուած «թրքաբանութիւն»ներու, որոնց ամենէն յատկանշականները, խօսակցական անտիրութենէն փոխադրուած են նաեւ տպուած եւ էջերու եւ եթերի վրայ:

            Այսպէս է պարագան «իմ, քու, իրենց, անոր, մեր, ձեր, անոնց» ստացականներու, որոնք կ’ածանցուին եւ կը հոլովուին թրքերէնի հետեւութեամբ:

            Կ’ըսենք՝ մեր տունը մեծ է, ձեր տունէն   աւելի փոքր է, բայց ուրկէ՞ կու գան «ձերինը, ձերինէնը, մերինէնը, անոնցինը, անորինները», եւայլն, ինչպէս թրքերէնի «սիզինքին»-ը. «պիզիքինտէն»-ը, «քէնտիլիրինքինտէն»ը…, «ձերիններուն» հանդիպեցայ, «անոնցինները» աւելի համեղ էին…«օնարինքիլիլէր»:

Մեր արտերը «ձերիններուն» կողքին են… ինչպէս «սիզինքինլէրին»… Այս ո՞ր հայերէնն է:

            Եթէ թերթ, գիրք, լրատուամիջոցներ, տպագրիչ եւ խօսփող «զբաղեցնողներ» հայերէնի դարպաս եւ ցանկապատ քանդեն, յաջորդ սերունդները հայերէն պիտի չժառանգեն, պիտի խօսին եւ նաեւ գրեն, եթէ գրեն, «ոջիլի շուկայ»էն, «պիթ պազար»էն, «մարշէ օ բիւս»էն, «ֆլի մարքէթ»էն ստացուած «այսպէս ալ կ’ըլլայ այնպէս ալ կ’ըլլայ» բազմազգեան «նորահայերէն, որ կ’ըլլայ լրացումը  «ինտստիտուտացիալացում»ը առադաձութեամբ ստացուած օտարաբանութիւններու: Այս կ’ըլլայ բնական պատշաճեցման ընթացքը «նոր հայրենիքներու կեանքին եւ մշակոյթին եւ «նոր Հայաստանի… Կանոնը լաւ ապրելու իրաւունքի եւ ուրացումով հաստատուած .«նորահայերէն»-ի

            Օ ԵԱ…

            Ընդհանրացած ուրիշ թրքաբանութիւն մըն է բառամիջին յայտնուող «Ն» տառը, որպէս ստացական, ինչպէս՝ ոտքեր«Ն»ին լուացին, շապիկ«Ն»ին հանեցին: Այսպէս գրել սովորական դարձած է, մանաւանդ՝ խօսիլ…

            Մեր պատմութեան մէջ կը յիշուի հայ թ ագաւորի հիմնած քաղաքը, որ բնակուած էր գողերով, աւազակներով, անօրէններով, եւ կոչուած էր իր անունով՝ «Արշակաւան»… Այսօր հայ անօրէններ հայերէնի Մեսրոպեան դաշտերուն վրայ կը ստեղծեն մեր «Լեզուի Արշակաւան»ը…

            Դեռ տասնամեակ մը առաջ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի գրատան մէջ կը վաճառուէր հայ մտաւորականի մը «Դեգերումներ Տիրոջ Այգիին մէջ» գիրքը … Հեղինակը կը կոչուէր Բենիամին Թաշեան, որուն անուան եւ էջերուն այլեւս չենք հանդիպիր: Եթէ դեռ օրինակներ մնացած են այդ գիրքէն, կը խնդրեմ որ նուիրէք  անոնց որոնք հայերէնով թուղթ եւ եթեր «կը զբաղեցնեն»… Այս ալ ազգապահպան ըլլալու ձեւ մըն է…

            Հիմա նոր աղէտ է «արուեստական բանականութեամբ» հայերէն գրել եւ մանաւանդ թարգմանել, փորձութիւն՝ որ կը խաղցուի հայկական կոչուած լրատուամիջոցներու անտիրութեան դաշտերուն մէջ, եւ ոչ ոք կ’անհանգստանայ այդ զաւեշտին ի տես:

            Այս բոլորը կը գումարուին Հայկական պետութեան մէջ զարգացած եւ զարգացող «նորահայերէն» բառերուն վրայ: Կրկին յիշեցի ցաւատանջ Աբովեանի խօսքը, զոր չենք լսեր… «ա՜խ լեզուն… լեզուն որ չըլլի»…

            Պիտի կրկնեմ 17րդ դարու ֆրանսացի ծիրանաոր (cardinal) Փոլինեաքը, որ երկար դիտելէ ետք իր վանդակին մէջ խաղցող կապիկը, ըսած էր.«Խօսի՛ր եւ քեզ մկրտեմ»: Այս լսելով, ագեվազներու երկրին մէջ ծնած երիտասարդ հայ աղջիկը ընդվզումով ըսած էր, «he is saying that we are monkeys»…

          

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button