ՊԻՒՏՃԷԻ ՍՐԸՆԹԱՑ ԱՃԻ ԹԱԿԱՐԴԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍՈԻԹԵԱՆ ՄԷՋ
Ժամանակաւոր աճի քաղաքական շահագործումը եւ երկարաժամկէտ վտանգները

Վարանդ Կիրակոսեան
Յատուկ «Հայրենիք»-ին
Վերջին տարիներուն Հայաստանի տնտեսութիւնը արձանագրեց արագ եւ արտասովոր տպաւորիչ աճ։ Պետական եկամուտները զգալիօրէն բարձրացան, դրամը արժեւորուեցաւ, իսկ կառավարութիւնը սկսաւ ընդլայնել իր ծախսերը՝ բարձրացնելով պետական աշխատավարձերը, ընդարձակելով ընկերային ծրագիրներ եւ մեկնարկելով խոշոր ենթակառուցուածքային նախագիծներ։ Իշխանութիւնները այս գործընթացը ներկայացուցին որպէս տնտեսական յաղթանակ եւ կառավարման արդիւնաւէտութեան ապացոյց։ Սակայն այս պատկերը կը պահէ աւելի խորքային եւ վտանգաւոր իրողութիւն մը՝ պիւտճէի սրընթաց աճի (Budget boom) թակարդը։
Պիւտճէի սրընթաց աճի թակարդը կը յառաջանայ այն ժամանակ, երբ պետութիւնը ժամանակաւոր տնտեսական աճը կը շփոթէ երկարաժամկէտ զարգացման հետ եւ իր տնտեսական քաղաքականութիւնը կը կառուցէ այդ սխալ ենթադրութեան վրայ։ Արդիւնքը կը դառնայ ծախսերու կայուն աճ, որուն հետադարձ կրճատումը քաղաքական եւ ընկերային առումով գրեթէ անկարելի է։ Երբ աճը անխուսափելիօրէն դանդաղի, պիւտճէի համակարգը կը մտնէ ճնշման տակ՝ ստեղծելով կորուստներ, պարտքի աճ եւ հարկային նոր բեռ։
Հայաստանի տնտեսական աճի աղբիւրները մեծ մասամբ արտաքին էին, յատկապէս երբ 2022-էն ետք երկիր մուտք գործեցին մեծ դրամագլուխներ Ռուսաստանի դէմ կիրառուած պատժամիջոցներու հետեւանքով։ Տեղեկատուական արհեստագիտութեան (Information Technology) ոլորտը շատ արագ ընդլայնուեցաւ, դրամատնային աւանդները բազմապատկուեցան, սպառումը սկսաւ աճիլ, իսկ դրամի արժեւորումը ստեղծեց ներմուծման եւ հարկային եկամուտներու կարճաժամկէտ աճ։ Սակայն այս ամբողջ գործընթացը կախուած էր աշխարհաքաղաքական իրավիճակէն եւ չէր հիմնուած երկրի արտադրողական կարողութիւններու արմատական ընդլայնման վրայ։
Չնայած այս ակնյայտ ժամանակաւոր բնոյթին, կառավարութիւնը ընտրեց ծախսերու արագ ընդլայնման ուղին։ Պետական աշխատավարձերու բարձրացումը, ընկերական աջակցութեան ընդարձակումը եւ մեծ ենթակառուցուածքային պարտաւորութիւններու ստանձնումը ստեղծեցին յաւելեալ ծախսեր, որոնք ապագային դժուար կը դառնան կրճատել։ Յատկապէս փոքր եւ միջին տնտեսութեան մէջ, նման պարտաւորութիւնները կը սահմանափակեն պիւտճէի ճկունութիւնը եւ կը դիրացնեն ճգնաժամի ժամանակ պետութեան խոցելիութիւնը։
Խնդիրը կը խորանայ նաեւ Հայաստանի սակաւ հարկային հիմքին պատճառով։ Պետական եկամուտներու զգալի մասը կը գոյանայ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտէն, սպառումէն եւ շինարարութենէն, մինչ արտադրութիւնը, արտահանումը եւ գիւղատնտեսութիւնը սահմանափակ դեր ունին։ Այս կառուցուածքը պիւտճէն կը դարձնէ դիւրաբեկ եւ զգայուն՝ արտաքին ցնցումներու հանդէպ։
Քաղաքական առումով իրավիճակը շատ աւելի մտահոգիչ է։ Կառավարութիւնը ժամանակաւոր տնտեսական աճը գործածեց որպէս քաղաքական դրամագլուխ՝ առանց հասարակութիւնը նախապատրաստելու հաւանական դանդաղման կամ ճգնաժամի։ Տնտեսական զգուշաւորութեան փոխարէն գերակշռեց կարճաժամկէտ շահագործման տրամաբանութիւնը, որ յաճախ բնորոշ է երիտասարդ ժողովրդավարութիւններուն մօտ։ Արդիւնք՝ ապագայ կառավարութիւնները կրնան ժառանգել ծանր պիւտճէի պարտաւորութիւններ՝ առանց համապատասխան եկամուտներու։
Եթէ տնտեսական աճը աստիճանաբար դանդաղի, Հայաստանը պիտի գտնուի մեծ ընտրութեան մը առջեւ՝ սառեցնել ծախսերը, բարձրացնել հարկերը կամ բարձրացնել պետական պարտքը։ Ամէն մէկ տարբերակ ունի իր ընկերական եւ քաղաքական գինը։ Ամենէն վատ պարագային, Եկամուտ–ծախս անհաւասարակշռութիւնը կրնայ վերածուիլ պարտքային ճգնաժամի, արժոյթի արժեզրկման եւ հասարակական լարուածութեան։
Եզրափակելով՝ Հայաստանի խնդիրը տնտեսական աճի փաստը չէ, այլ այդ աճի որակը եւ կառավարման ձեւը։ Ժամանակաւոր աճը ներկայացնել որպէս կայուն զարգացում՝ առանց արտադրութեան, արտահանման եւ պետական կառոյցներու ամրապնդման, վտանգաւոր մոլորութիւն է։ Եթէներկայ եկամուտները չուղղուին երկարաժամկէտ հիմքեր ստեղծելու, ապա այսօրուան տնտեսական «յաջողութիւնը» կրնայ վերածուիլ վաղուան ճգնաժամի։ Պիւտճէի սրընթաց աճի թակարդը դեռ փակուած չէ, բայց Հայաստանը արդէն կանգնած է անոր եզրին։
։

