Լրահոս

«Հայաստան` իբրեւ պետութիւն չկայ, կայ Նիկոլ Փաշինեանի տնօրինած կալուածը», Կը Յայտնէ Ռուստամեան

ԵՐԵՒԱՆ․- Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան, Ազգային ժողովին մէջ, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ այսօր Հայաստան` իբրեւ պետութիւն չկայ, կայ Նիկոլ Փաշինեանի տնօրինած կալուածը:

Ռուստամեան անդրադարձաւ «Թրամփի ճամբուն» վերաբերեալ համատեղ յայտարարութեան մէջ կատարուած այն նշումին, որ անխոչընդոտ կապ պէտք է ապահովուի Ատրպէյճանի երկու մասերուն միջեւ: «Այսինքն` այդ անխոչընդոտ կապը իրենք հիմա կը մեկնաբանեն, կ՛ըսեն` մենք խնդիր ունինք, եւ այդ անխոչընդոտութիւնը պէտք է ապահովուի: Ատոր հետ կապուած մանրամասնութիւններ կան եւ դեռ պիտի ըլլան։ Դժբախտաբար, այն, ինչ որ կը լսենք մեր դրացիներէն` թուրք-ատրպէյճանական լծակից զոյգին կողմէ, անոնք կ՛իրականացուին, այն, ինչ որ կը լսենք հայկական կողմէն, ատոր հակառակը տեղի կ՛ունենայ», ըսաւ Ռուստամեան` նշելով, որ մենք այսօր Հայաստանի շահի պաշտպանութեան մասին չենք կրնար խօսիլ այն պարագային, երբ այդ բոլոր բանակցութիւններուն Հայաստանը ներկայացնողը կայ, բայց Հայաստան չկայ: «Կայ Հայաստանը ներկայացնող վարչապետ մը, որ բնականաբար իր խնդիրը կը լուծէ, իր իշխանութիւնը պահպանելու հարցը կը լուծէ: Երբ այդ տեսանկիւնէն կը նայիս, ամէն ինչ տրամաբանական է: Բնականաբար, ինք կ՛ուզէ իր իշխանութիւնը պահպանել, եւ ատիկա միայն մէկ ձեւով կրնայ ընել` ստանալ այսպիսի գովասանքներ տարբեր կողմերէ, սա փորձելով օգտագործել նախընտրական քարոզչութեան մէջ: Այսինքն` ժողովուրդը անգամ մը եւս խաբել, համոզել, որ ինք անգամ մը եւս դարակազմիկ խաղաղութիւն բերած է: 2021 թուականին ալ նոյն բաները կ՛ըսէր` իբրեւ թէ մենք պատերազմ կը բերենք, ինք եկած է, խաղաղութիւն կը բերէ: Տեսանք` ինչ բերաւ. 2021-էն ետք ամէն տարի զիջելով եկած ենք: Այսինքն` խաղաղութիւն կոչուածը հերթական փուչիկն էր, եւ մեր ժողովուրդը ճիշդ չգնահատելով` 2021 թուականին նորէն ձայն տուաւ այս իշխանութեան: Հիմա ինք նոյն հնարքը նորէն կ՛ուզէ իրականացնել», ըսաւ Ռուստամեան:»:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button