Յօդուածներ

«ԹԻՔԱ»՝ Թուրքիոյ «Փափուկ Ուժ»-ը

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Յատուկ «հայրենիք»-ին

1990 թուականին, քաղաքագէտ Ժոզէֆ Նայի հրապարակեց «Առաջնորդելու Պարտաւորուածութիւն. Ամերիկեան Ուժի Փոփոխութեան Բնոյթը» գիրքը, որուն ընդմէջէն ներկայացուց եւ հանրութեան մեծամասնութեան քով տարածեց «Փափուկ Ուժ»-ի գաղափարը: Միջազգային քաղաքականութեան մէջ, յատկապէս Խորհրդային Միութեան փլուզումէն եւ միջազգային օրէնքի եւ սովորութիւններու հանդէպ կարեւորութեան բարձրացման այս դարաշրջանին, «Փափուկ Ուժ»-ը դարձաւ հզօրագոյն զէնքերէն մէկը, չըսելու համար հզօրագոյնը: Ժոզէֆ Նայի «Փափուկ Ուժ»-ը կը բացատրէ հետեւեալ ձեւով. «Երբ պետութիւն մը կը յաջողի իր կամքը պարտադրել այլ պետութեան մը վրայ առանց կարծր ուժ կիրարկելու այդ մէկը կը կոչուի փափուկ ուժ»:

Միջազգային ներկայ ընտանիքին պարագային «Փափուկ Ուժ»-ը կը գործադրուի հիմնական բոլոր ուժերուն կողմէ: Ամերիկեանը կարելի է որակել իբրեւ հզօրագոյնը: Սակայն, շրջանային ուժերը եւս, Միջին Արեւելքի պարագային ի մտի ունենալով Թուրքիան, օգտուելով նախկին տասնամեակներու փորձառութիւններէն յաջողած են զարգացնել «Փափուկ Ուժ»-ի իրենց ուրոյն համակարգը: Այստեղ իր դերը ունի Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան հովանիին տակ գործով «ԹԻՔԱ»-ն, կամ՝ Թրքական Համագործակցութեան եւ Համակարգման Գործակալութիւնը:

1991-ին հաստատուած այս գործակալութեան սկզբնական նպատակն էր միայն օժանդակել Կեդրոնական Ասիոյ մէջ իրենց անկախութիւնը հռչակած հինգ թրքական հանրապետութիւնները: Սակայն, տարիներու ընթացքին նոյնինքն թուրքերը անդրադարձան, որ այս գործակալութեան գործունէութեան կրնայ անսահմանօրէն ընդարձակուիլ եւ վերածուիլ արտաքին քաղաքական կարեւոր զէնքի մը: Հետեւաբար, 2001-ին, այս «ԹԻՔԱ»-ն վերածուեցաւ Թուրքիոյ վարչապետին տրամադրութեան տակ գործող  գործակալութեան մը: 2011-ին փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ եւ «ԹԻՔԱ»-ի տրուեցաւ ինքնուրոյն կերպով գործելու լայն լիազօրութիւնները: Ինչո՞ւ. որովհետեւ թուրքերը գիտակցեցան, որ այս ներկայ դարուն որոշումներու կայացման արագութիւնը եւ գործի կազմակերպման ազդու ըլլալը շատ աւելի կարեւոր են քան «բիւրոկրատ»-ական հաշիւները:

Արդէն 2022-ին, գործակալութեան հիմնադրութեան 30-ամեակին յայտարարուեցաւ, որ անցնող երեսուն տարիներուն շուրջ 30,000 ծրագիրներ իրականացուած են 170 երկիրներու մէջ: Աւելի՛ն. անդրադառնալու համար նախագահ Էրտողանի եւ իր 2002-էն ի վեր Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան դերակատարութեան մասին հարկ է նշել, որ 2002-ին, «ԹԻՔԱ» ունէր միայն 12 երկիրներու մէջ գրասենեակային ներկայութիւն, մինչ ներկայիս այդ թիւը գերազանցած է 52 երկիրներու շեմը: Առաւել, «ԹԻՔԱ»-ի ընդհանուր գործունէութեան ծաւալին 90 առ հարիւրը տեղի ունեցած է Նախագահ Էրտողանի վարչապետութեան եւ նախագահութեան տարիներուն ընթացքին:

Աւելի ճշգրիտ անդրադառնալու թրքական «Փափուկ Ուժ»-ի այս տարբերակին պէտք է նշել ոչ միայն երկիրներու թիւը այլեւ այդ երկիրներու աշխարհագրական շրջանը: Այսպիսով, «ԹԻՔԱ» ներկայութիւն է 21 ափրիկեան, 17 ասիական, 12 եւրոպական եւ 2 ամերիկեան ցամաքամասի երկիրներու մէջ: Մեր նախորդ յօդուածներէն «Թուրքիան Ափրիկէի Մէջ.  Բազմամակարդակ Տիրապետութեան Հեռանկար» արդէն իսկ անդրադարձած էինք Ափրիկէի կարեւորութիւնը Թուրքիոյ համար: Տեսնելու համար այդ հոգածութեան արդիւնքը պէտք է մեր հայեացքները ուղեն յատկապէս Սոմալիա, ուր Թուրքիան Դեկտեմբեր 2025-ին ստացաւ յատուկ լիազօրութիւններ օգտագործելու համար Սոմալիոյ նաւահանգիստը եւ օգտուելու համար ձկնորսութեան տնտեսական բնագաւառէն, ինչպէս նաեւ ստացաւ երկրի տարածքին վրայ հրթիռային փորձեր կատարելու արտօնութիւն: Միաժամանակ, «ԹԻՔԱ» կը շարունակէ իր լայնածաւալ ծրագիրները հիմնելով դպրոցներ, որբանոցներ, մշակութային կեդրոններ եւ ընկերային վայրեր: Կրթանպաստներու շնորհումը իր կարգին «Փափուկ Ուժ»-ի գործադրման լաւագոյն ձեւերէն մէկն է, որմէ կ՛օգտուին Սոմալիոյ երիտասարդութեան նման ափրիկեան զանազան երկիրներու երիտասարդները: Միայն 2017-2022 թուականներուն, Անգարա իրականացուցած է 1884 ծրագիրներ ամբողջ Ափրիկեան ցամաքամասի տարածքին: Սոմալիոյ մէջ 2011-էն ի վեր, «ԹԻՔԱ» իրականացուցած է 500 ծրագիրներ:

Ընդհանուր գիծերու մէջ, միայն անցնող ամիսներուն ընթացքին «ԹԻՔԱ» ծրագիրներ իրականացուցած է կամ շարունակած է իրականցնել Ղազախստանի, Սուրիոյ, Սոմալիոյ, Սրի Լանքայի, Պանկլատէշի, Մոզամպիքի եւ Ճիպութիի մէջ: Հարկ է նշել, որ Թուրքիա, հակառակ, որ Միացեալ Նահանգներէն քսան անգամ աւելի փոքր տնտեսական հասոյթ ունի տարեկան իմաստով, սակայն կը յատկացնէ Ուաշինկթընէն մուրջ 33 առ հարիւր աւելի բարձր գումար, այսինքն՝ 8 միլիառ տոլար փոխան 6 միլիառ տոլարի, մարդասիրական եւ մշակութային ծրագիրներու:

Հիւսիսային Սուրիոյ պարագային, Պաշար Ալ Ասատի անկումէն առաջ, «ԹԻՔԱ» նուազեցուց տեղւոյն բնակչութեան թշնամանքը Թուրքիոյ հանդէպ եւ զայն փոխարինեց գործընկերի մօտեցումով: 2021-ին, «ԹԻՔԱ», Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գիւղացիներուն բաժնեց 90 թոն ցորենի սերմեր՝ նպատակ ունենալով վերակենդանացնել գիւղատնտեսական արտադրութիւնը, որ ապրուստի միջոց մըն է երկար տարիներու հակամարտութենէն եւ տեղահանութենէն քանդուած շրջաններուն մէջ։ Այս տեսակի գիւղատնտեսական աջակցութիւնը կը ձգտի վերականգնել տնտեսական գործունէութիւնը եւ սննդային անվտանգութիւնը՝ միաժամանակ ամրապնդելով տեղական բնակչութեան եւ թրքական իշխանութիւններու միջեւ կապերը։ «ԹԻՔԱ» նաեւ Ալ-Ռայի շրջանին մէջ տրամադրեց գիւղատնտեսութեան համար օգտագործուած մեքենաներ շուրջ 30 գիւղացիներու համար: Այս ծրագիրները պարզապէս օժանդակութիւններ չեն, այլեւ՝ թրքական «Փափուկ Ուժ»-ի բացայայտ գործադրութիւն:

Միաժամանակ, կարգ մը երկիրներու մէջ «ԹԻՔԱ» կ՛որակուի եւ բացասական գործունէութիւն ունեցող կազմակերպութիւն, որովհետեւ դրական որեւէ աշխատանք չունի, այլեւ՝ միայն Թուրքիոյ ազդեցութեան տարածման գործիք: Այս հաստատումը ծայրայեղ է որոշ չափով: Իրականութեան մէջ «ԹԻՔԱ» նմանօրինակ այլ կազմակերպութիւններու նման կը տանի որոշ դրական աշխատանք, սակայն ունի նաեւ փոխադարձ ակնկալութիւններ պահպանելու համար Թուրքիոյ շահերը: Այս մէկը միջազգային քաղաքականութեան իրապաշտ գործընթացի ներկայացումն է, զարմանալի չէ, այլեւ՝ բնական: Պետութիւնները տեւաբար կը ձգտին իրենց շահերու պաշտպանութեան, ամէն գնով, «Փափուկ Ուժ»-ով կամ «Կարծր Ուժ»-ով:

«ԹԻՔԱ» մաս կը կազմէ թրքական արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարութեան: «ԹԻՔԱ» գործակալութենէն օժանդակութիւններ ստացող երկիրները նոյնիսկ կրնան այս կազմակերպութիւնը նկատել իբրեւ Անգարայի դիւանագիտական ներկայացուցիչներէն մէկը: Սովորական զարգացման համագործակցութենէն անդին, «ԹԻՔԱ» կարողականութիւնը ունի ձեւաւորելու տեղական այնպիսի պայմաններ, որոնցմէ օգտուելով, Թուրքիա իր ազդեցութեան գօտին կը տարածէ ամէնուրէք օրինական ձեւով, պահպանելով եւ ամրապնդելով տեղւոյն հասարակութիւններուն մէջ քաղաքական լծակներ:

 

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button