ԳլխաւորԽմբագրական

Կրինլենտ՝ Անտերսենեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

 


«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Ժամանակին կար ու չկար (չէ՛ անպայման կար) հիւսիսային բեւեռին մէջ լայնատարած կղզի մը` Կրինլենտ, որ կը նկատուի աշխարհի մեծագոյնը․․․
Այսպէս կարելի է սկսիլ դանիացի հռչակաւոր հեքիաթագիր Հանս Քրիսթիան Անտերսենէն (1805-1875) ներշնչուած առասպել մը։
Երկար տարիներ մոռցուած, սպիտակով ծածկուած այս վիթխարի հողաշերտը, ահաւասիկ քանի մը ամիսէ ի վեր դարձած է կիզակէտ եւ էջերով մելան կը հոսեցնէ առօրեայ լուրերուն մէջ։
Կարճ պատմական ակնարկ մը կատարելով յայտնենք, որ Ք․Ե․ 950-ականներուն, Իսլանտայի մօտակայքը՝ հիւսիս-արեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող մեծ կղզիի մը գոյութեան մասին կը նշուի պատահմամբ ուղղութենէն շեղած նաւու մը անձնակազմին կողմէ։
978 թուականին, հանրածանօթ հետազօտող մը՝ Սնէյպիորն Կալթի, կամաւորաբար կը նաւարկէ այդ հսկայ կղզին եւ կը փորձէ արեւելեան ափին վրայ բնակավայր մը հաստատել։
Կրինլենտի առաջին մշտական բնակավայրը հիմնադրուեցաւ 985-ին՝ հետազօտող Էրիք Թորվալտսոնի (կարմրամորթ ըլլալուն պատճառաւ ծանօթ «Կարմիր Էրիք» ծածկանունով) կողմէ, որ Ա․Մ․Ն․-ի նախագահ Թրամփէն աւելի քան դար մը առաջ նկատեց, թէ այդ կղզիին մէջ կարելի է ներդրում կատարել։ Այդ նպատակով ալ, ներգրաւելու համար մօտակայ իսլանտացիներն ու սկանտինաւեան երկիրներու բնակիչները, կղզին անուանեց Կրինլենտ՝ Կանաչ Երկիր, եւ զայն ներկայացուց որպէս տնտեսական եւ առեւտրական մեծ կարելիութիւններ խոստացող վայր։
Վստահաբար Թորվալտսոնի համար այդ օրերուն յստակ չէր, թէ որքան պարարտ էր այդ վիթխարի կղզին։ Մինչդեռ այսօր, հակառակ անոր որ ձկնաբուծութիւնը կը մնայ Կրինլենտի հիմնական առեւտուրը, սակայն յստակ է, թէ շրջանը հարուստ է հանքային պաշարներով։ Դեռ քանի մը տարի առաջ էր, որ կառավարութիւնը արգիլեց նոր նաւթի եւ կազի հետախուզումը՝ բնապահպանական պատճառներով, մինչդեռ Թրամփի ախորժակն է այս ոլորտը։ Եւ դեռ աւելի՛ն, այս կղզիին աշխարհագրական դիրքը, հիւսիսային բեւեռի տարածաշրջանէն ներս, հետզհետէ մեծ ռազմավարական նշանակութիւն կը ստանայ սառոյցներու անջատումէն եւ հալումէն ետք բացուող նոր ծովային ուղիներուն պատճառով։ Ըստ Թրամփի մօտիկ հլու կամակատարներուն, այդ շրջանին մէջ կը գտնուի աշխարհի կազի պահեստին 30 տոկոսը եւ նաւթի՝ 13 տոկոսը, որոնք ցարդ չեն օգտագործուած։
Պատմութեան սլաքը բաւական մը յառաջացնելով, 1261-ին․․․երբ Ա․Մ․Ն․ տակաւին գոյութիւն չունէր, Նորվեկիան ստանձնած էր Կրինլենտի կառավարումը, ապա Դանիա-Նորվեկիա-Շուէտ երրորդութիւնն է, որ 1397-1523 տարիներուն ղեկավարեց այդ երկիրը, մինչեւ որ 1814-ի Գերմանիոյ հիւսիսային Քիլ քաղաքի պայմանագրով, Կրինլենտը դարձաւ Դանիոյ թագաւորութեան մաս կազմող ինքնավար տարածք մը, որ ունի իր լեզուն, դրօշը եւ քաղաքական հաստատութիւնները։ Ասոր կողքին, դրամական, պաշտպանական եւ արտաքին գործերը մնացին Դանիոյ վերահսկողութեան տակ։
1953-ին գաղութային կարգավիճակը վերացուեցաւ, եւ 1979-ի «Ինքնավարութեան օրէնքով» կղզին ստացաւ լայն իրաւասութիւններ։ 1985-ին ան դուրս եկաւ եւրոպական տնտեսական համայնքէն։ 2009-ին ստացաւ ինքնիշխան ինքնակառավարում, բայց կը շարունակէ տարեկան նիւթական օժանդակութիւն ստանալ Դանիայէն։
Միացեալ Նահանգները քանի մը անգամ փորձեցին գնել Կրինլենտը։ 1867-ին, Ա.Մ.Ն. պետական քարտուղար Ուիլիըմ Սիւըրտ Ռուսիոյ հետ երկար բանակցութիւններ կատարելէ ետք, ձեռք բերաւ Ալասքայի գնումը։ Ան նոյն տարուան ընթացքին, լրջօրէն քննարկեց Կրինլենտն ու Իսլանտան գնելու կարելիութիւնը, որ ապարդիւն դուրս եկաւ։ 1946-ին նախագահ Թրումըն առաջարկեց 100 միլիոն տոլար գումար մը, սակայն Դանիան մերժեց եւ միեւնոյն ժամանակ ստորագրեց համաձայնագիր մը, թոյլ տալով, որ ամերիկեան ռազմակայան մը հաստատուի։ Այսօր կղզիին ամենէն հիւսիսային տարածաշրջանին մէջ կը գտնուի այդ կեդրոնը, ուր շուրջ 150 ամերիկացի զինուորներ մնայուն բնակութիւն հաստատած են, եւ հոն տեղադրուած են հրթիռային զգուշացման եւ տիեզերական դիտարկման գերարդիական համակարգեր։
Ահաւասիկ, Վենեզուելայի գրաւումէն ետք, Թրամփ մտադրած է ամէն գնով կուլ տալ Կրինլենտը։ Այս գծով, ան Տաւոսի (Զուիցերիա) Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին իւրայատուկ թրամփեան ոճով եւ քմահաճոյքով միեւնոյն յանկերգը երգեց։ Ըստ Սպիտակ Տան վարձակալին, Կրինլենտի բացերը կը վխտան ռուսական եւ չինական նաւեր, որոնք սպառնալիք են Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան տեսանկիւնէն դիտուած։
Նիւ Եորք, Զանգեզուր («Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» – “Trump Route for International Peace and Prosperity” – TRIPP) կամ այլուր կատարած իր ներդրումներուն նման, Թրամփի համար Կրինլենտն ալ մեծ անշարժ գոյքի գործարք մըն է, որուն համար ան կ՛ուսումնասիրէ տարբերակներ, ներառեալ՝ երկարաժամկէտ վարձակալութեան համաձայնագիր մը։
Կրինլենտի վարչապետ Ենս-Ֆրետերիք Նիլսընի համար անընդունելի իրողութիւն մըն է, որ Միացեալ Նահանգները գրաւեն այս վիթխարի կղզին, մինչդեռ Դանիոյ վարչապետ Մեթէ Ֆրետերիքսեն աւելի մտահոգ է եւ կը զգուշացնէ, թէ ամերիկեան նման քայլ մը պիտի նշանակէ ՆԱԹՕ-ի աւարտը։
Ահաւասիկ Անտերսենէն ներշնչուած իրապաշտ հեքիաթ մը․․․«Կայսեր նոր հագուստը» (“The Emperor’s New Clothes”) անուան փոխարէն՝ ․․․«Կայսեր նոր երկիրը» (“The Emperor’s New Country”), որ դժուար թէ քլիշէ «Եւ անոնք ապրեցան երջանիկ ու բարեբախտ՝ մինչեւ իրենց կեանքի վերջը» տողերով աւարտի։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button