Լրահոս

Երեւանի Մէջ Արցախի Նուիրուած «Մենք Կանք» Ձեռնարկը Առանց Քայլերգի Եւ Դրօշի

 

ԵՐԵՒԱՆ.- 18 Յու­նու­արին, Կա­րէն Դե­միր­ճե­ա­նի անու­ան մարզահամեր­գա­յին հա­մա­լի­րին մէջ տեղի ունեցած Ար­ցա­խի մշա­կոյ­թին նուիրու­ած լայ­նա­ծաւ­ալ «Մենք Կանք» մշա­կու­թա­յին ձեռնարկին արցախցիներուն ինք­նու­թե­ան մաս կազ­մող օրհ­ներ­գին կա­տա­րումն ու  դրօշ­ի ու զի­նան­շա­նի օգ­տա­գոր­ծու­մը ար­գիլու­ե­ցան:

«Մենք Կանք» ձեռնարկը մէկ յար­կի տակ հա­մախմ­բեց Ար­ցա­խի գրե­թէ բո­լոր մշա­կու­թա­յին մի­ու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ՝ հա­յաս­տա­նցի եւ արցախցի ճանչ­ցու­ած մե­նա­կա­տար­ներ:

Օրու­ան ըն­թաց­քին հա­մա­լի­րի տա­րած­քին կազ­մա­կեր­պու­ած էր արցախե­ան բնազարդե­րով ցու­ցա­հան­դէս մը, ուր ներ­կա­յա­ցու­ե­ցա՝ բռ­նի տեղա­հա­նու­մէն ետք իրենց գոր­ծու­նէ­ու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ վերսկ­սած Ար­ցա­խի ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ար­տադ­րան­քը, ձե­ռա­գործ աշխատանքները եւ ան­հատ­նե­րու ու մշա­կու­թա­յին մի­ու­թիւն­նե­րու ստեղծա­գոր­ծա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րը:

Երե­կո­յե­ան տեղի ունեցաւ մեծ հա­մերգ մը` բարձր մա­կար­դա­կի կա­տա­րում­նե­րով եւ բա­ցա­ռիկ մաս­նակ­ցու­թե­ամբ՝ ար­ցա­խե­ան շունչը եւ ոգին վերակենդանաց­նե­լով։

Նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կե­ան­քի կո­չու­ե­ցաւ Ար­ցա­խե­ան մշա­կոյ­թի պահպանման կեդ­րոն հանրային կազ­մա­կեր­պու­թե­ան եւ «Մունք» դպ­րո­ցին նա­խա­ձեռ­նու­թե­ամբ եւ կազ­մա­կեր­պու­թե­ամբ` դառ­նա­լով կարեւ­որ հար­թակ մը Ար­ցա­խի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թե­ան ներկայացումին, հա­մախմբ­ումին եւ շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեիւնը ապա­հովելու հա­մար:

Advertisement Subscribe Today

Ար­ցա­խի հանրային գոր­ծիչ Ար­տակ Մկրտ­չե­ան շեշ­տեց, որ այս նա­խա­ձեռ­նու­թե­ան խոր­հուր­դը Ար­ցա­խի մշա­կոյ­թի պահ­պա­նու­թիւնը եւ զայն յաջորդող սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցելն է:

Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն հե­տեւ­ո­ղա­կան եւ պա­տաս­խա­նա­տու աշխատանքին շնոր­հիւ՝ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը վե­րա­ծու­ե­ցաւ ոչ մի­այն մշակու­թա­յին տօ­նի, այլ նա­եւ՝ հա­մե­րաշ­խու­թե­ան, մի­աս­նա­կա­նու­թե­ան եւ ապա­գայ վե­րա­դա­ձի յս­տակ ու­ղեր­ձի մը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button