Գլխաւոր

Պաքու չորս հայ բանտարկեալներ, իսկ Երեւան երկու սուրիացի վարձկաններ ազատ արձակեց

 

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտնեց, թէ հայ բանտարկեալներ՝ Գէորգ Սուջեանը, Դաւիթ Դաւթեանը, Վիգէն Էօլճեքեանը եւ Վագիֆ Խաչատրեանը Հակարի կամուրջին վրայ Ատրպէյճանի համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ յանձնուած են Հայաստանին եւ հիմա կը գտնուին հանրապետութեան տարածքին մէջ:

Գէորգ Սուջեանը, Դաւիթ Դաւթեանը եւ Վիգէն Էօլճեքեանը, վարչապետ Փաշինեանի հաղորդումով, նախնական քննութեամբ առողջական խնդիրներ չունին: 70-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանի առողջական վիճակը նախնական կը գնահատուի բաւարար: Խաչատրեանը անցնող տարուան 22 Դեկտեմբերի գիշերը ատրպէյճանական բանտէն հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունք տեղափոխուած էր ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ, սրտի բարդացած խնդիրներով:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտնեց, թէ գործընթացը իրականացուած է իբրեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուա խաղաղութեան գործնական արդիւնք:

Սուջեանը եւ Դաւթեանը գերեվարուած են 11 Նոյեմբեր 2020-ին, հրադադարի ուժի մէջ մտնելէն ետք` Շուշի ուղեւորուելու ընթացքին: Պաքուն զանոնք մեղադրած է քրէական օրէնսգիրքի շարք մը յօդուածներով, որոնց շարքին` լրտեսութիւն:

Լիբանանահայ Վիգէն էօլճեքեան ազրպէյճանցիներուն կողմէ գերեվարուած էր 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք` 10 նոյեմբեր 2020-ին, Շուշի ուղեւորուելու ճանապարհին: Պաքու զայն իբրեւ ահաբեկիչ կը ներկայացնէր:

Հայաստանի մէջ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած, 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին Հայաստանի դէմ մասնակցած երկու սուրիացի վարձկաններ  Թուրքիոյ փոխանցուած են:

Եուսեֆ Ալաապեթ Հաճիի եւ Մուհհռապ Մոհամետ Շխերիի նկատմամբ կայացուած դատավճիռները պիտի շարունակուին Սուրիոյ մէջ:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button