ՀԱԼԷՊ («Գանձասար»).- Յունուար 6-էն ի վեր, Հալէպի մէջ բախումներ սկսած են քիւրտերու գլխաւորած Սուրիոյ Դեմոկրատական Ուժերուն եւ սուրիական բանակին միջեւ, որոնց արդիւնք, մահացած են քաղաքացիներ եւ արձանագրուած են նիւթական վնասներ։
Յատկապէս, հայաբնակ Էշրեֆիէ, Շէյխ Թահա եւ Վիլլաներ թաղամասերը վնասուած են: Պարետային ժամ հաստատուած է: Կացութիւնը կը մնայ պսայթուցիկ:
Ապահովական ծանր կացութեան պատճառով Բերիոյ թեմի Ազգային իշխանութեան կրօնական ժողովը չեղեալ յայտարարած էր Մեռելոց յիշատակի արարողութիւնը: Քաղաքին մէջ գտնուող բոլոր դպրոցներն ու համալսարանները իրենց դռները փակ պահեցին: Հալէպի քրիստոնեայ յարանուանութիւնները հրապարակեցին կոչ մը` քաղաքին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եւ երկխօսութեան դիմելու:

