Լրահոս
ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ
Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յայտարարեցին, թէ սուրիական կառավարական ուժերուն հետ բուռն բախումներէ ետք, իրենց զինեալները հեռացած են Հալէպի էշրեֆիէ եւ Շէյխ Մաքսուտ թաղամասերէն:
Զինադադարի հաստատման, նահատակներու, վիրաւորներու եւ թաղամասերուն մէջ մնացած քաղաքայիններու եւ զինեալներու Սուրիոյ հիւսիս-արեւելք տեղափոխման շուրջ փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացուեցաւ:
Քրտական եւ կառավարական ուժերուն միջեւ բախումներուն պատճառով առնուազն 21 զոհեր արձանագրուեցան եւ 155 հազար անձեր տեղահանուեցան: Քիւրտ վերջին զինեալները տեղափոխող փոխադրակառքերը Շէյխ Մաքսուտ թաղամասէն ուղղուած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւելք:

