ԿԱՅԱՆԸ ՄՈՒԹ Է…

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Մշուշը ծածկեր է արահետն կեանքի։
Չկայ ո՛չ իսկ ջահ կամ լամպ մը դալուկ
Կամ կանխազգուշացնող ազդազարդող լոյս…
Մոլորուածութեան հանելուկին մէջ
Իր ու աշխարհի կապը կորուսած
Մարդը պարզապէս փոշու հատիկ է…
Հովերուն յանձնուած
Անյայտ կայանի մութ ճանապարհին…
Որոնման այս խուլ, մութ ճանապարհին,
մարդը նշոյլ մ՛՛է լոյսի կարօտով տարուած
իր ծնեալ օրէն….
ան փնտռեց Մարդը …
դարերով փնտռեց … Բայց աւաղ, աւաղ,
Աւաղ չգտաւ…
Կայանն չգտաւ…։
Եւ հիմա
Ինքն իր ծիրին վրայ դարձող
Հիւլէ մըն է պարզ
Անվերջ թափառող
Անվերջ որոնող
Անվերջ … չգտնող…
Կայանը լոյսի եւ երազանքի հանգրուանն, աւաղ,
մթութեամբ ծածկուած
Անյայտութեան մէջ անյայտութիւն մ՛է…
Կայանը կեանքի սեւ խոռոչ մըն է
Մե՜ծ,,, խո՜ր…
ու…
…..
ԴԱՏԱ՜ՐԿ..
Գրիգորեան տոմար- 1-5-2026 (1 Մայիս, 2026)
Հայկեան տոմար- Օր՝ Սիմ, Ամիս՝ Քաղոց, Յամի՝ 4517 (ՏՇԺԷ)

