ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն. ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏՆՕՐՀՆԷՔ
Երեքշաբթի, 6 Յունուարին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի հրաւէրով ու նախագահութեամբ, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Տնօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, զոր կատարեց Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան՝ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Ներկայ էին Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըգճեան՝ Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան՝ Տակլըսթընի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան՝ Թրոյի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, հիւրաբար գտնուող Գերշ. Տ. Պետրոս Եպս. Մանուէլեան՝ Վենեզուելայի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ, ինչպէս նաեւ շրջանիս բազմաթիւ հաւատացեալներ։ Ներկայ էր նաեւ Մ.Ա.Կ.-ի մէջ Լիբանանի մշտական նորանշանակ ներկայացուցիչ՝ դեսպան Ահմէտ Արաֆա։
Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ վերանորոգ հաւատքով եւ յոյսով դիմաւորենք այս նոր տարին, յաղթահարելու համար Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ յարուցուած ամէն տեսակի դժոարութիւնները։

