Յօդուածներ

Հրայր Վարազի «#ճիվճիվ»-ները. Լեզուն Ամօթէն Ազատագրելու Հրամայականը

Ռուբէն Ճանպազեան

«Թորոնթոհայ», Յունուար 2026, թիւ  221

Լեզուական յեղափոխութիւնները միշտ չէ, որ կու գան ակադեմական ուսումնական հաստատութիւններէն կամ անուանի գրողներէն, նշանաւոր հեղինակներէն. երբեմն կը ծնին ամենէն անսպասելի վայրերէն, ինչպէս՝ (նախկին) Twitter-էն, եւ խաղային, բայց խորքին մէջ լուրջ պատգամ մը փոխանցող աշխատանքներէն, կատարուած իրավիճակը մարտահրաւէրի ենթարկելու պատրաստ անձերու կողմէ:

Լեզուաբան եւ քերթող դոկտ. Հրայր Վարազ Խանճեան ճիշտ այդպէս ըրած է իր «#ճիվճիվ» գիրքերով: Այս երկու երկլեզու հատորները (շարքը կը շարունակուի) Twitter-եան բանաստեղծութիւններու ժողովածուներ են, բայց նաեւ մանիֆեսթ մը՝ (արեւմտա)հայերէնին հետ շփուելու նոր, ամօթէ զերծ միջավայրի մը մէջ:

Առաջին հայեացքէն, Վարազին մօտեցումը կրնայ մեկնաբանուիլ պարզապէս որպէս սխալ, վրիպակներով լեցուն կամ նոյնիսկ անփոյթ մօտեցում լեզուին հանդէպ: Նոյնիսկ բառերը յաճախ օտար (լատին) տառեր կը կրեն՝ այսինքն բառին մէկ մասը հայերէն գրուած, միւսը՝ անգլերէն: Սակայն, իր գիրքերուն մէջ ամենէն սկիզբէն իսկ (եւ ապա իւրաքանչիւր էջի տակ), յստակ կը դարձնէ, որ իր գրութիւնները «ուղագրական ազատութիւններով գրված են» (մէկ «ղ»-ի եւ «ու»-ի փոխարէն «վ» գործածելը Վարազինն են)։ Այս մտածուած շեղումը ոչ թէ անփորձութեան, այլ լեզուաբանական գիտակցուած ընտրութեան արդիւնք է։Ան կ’ուզէ ցոյց տալ, որ գրելու համար պարտադիր չէ անսխալ ըլլալ եւ որ ստեղծագործելու ճանապարհը կը սկսի ամօթը մէկ կողմ դնելէն:

«Ուղղագրական ազատութիւններով գրելու նպատակս՝ քեզի քաջալերել, որ հայերէնով գրես փոխանակ օտար լեզուով, նոյնիսկ եթէ ուղղագրական «սխալներ» ընես, վախնալով, որ պիտի քննադատուիս այդ սխալներուդ համար», Վարազ կը գրէ նախաբանին մէջ:
Վարազ երկու հատորներուն մէջ հրատարակած է հայերէնի հնչիւններու ցուցակ-ուղեցոյցներ եւ բացատրողական յաւելուածներ՝ հնչունաբանութեան եւ կէտադրութեան մասին:

«#ճիվճիվ» նախագիծին կեդրոնը կը գտնուի ոչ թէ պատահական կամ անփոյթ մօտեցում մը, այլ լեզուաբանական խոր գիտութիւն ու ըմբռնում մը։ Վարազը ի վերջոյ մասնագէտ է, որուն յատկանիշները կը խօսին ինքնին. իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Լոս Անճելոսի հայկական վարժարաններուն մէջ, ապա UCLA-էն ստացած է լեզուաբանութեան պսակաւոր արուեստի աստիճան՝ թուաբանութեան օժանդակ մասնագիտութեամբ: Այնուհետեւ ան ստացած է դոկտորական կոչում (PhD) MIT համալսարանէն, որ աշխարհի ամենէն հեղինակաւոր հաստատութիւններէն մէկն է: Անոր ատենախօսութիւնը կեդրոնացած է «Խօսակցական արեւմտահայերէնի ձեւակերպական-շարահիւսական ընտրականութեան» վրայ:

Այս ակադեմական հիմքը կարեւոր է. այսինքն՝ Հրայրին աշխատանքը պատահական փորձ մը չէ կամ լեզուական անխոհեմութեան հետեւանք: Անիկա միտումնաւոր, տեղեկացուած պատասխան մըն է արեւմտահայերէնի ողբալի վիճակին, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած է որպէս վտանգուած լեզու: Ան կը դիմագրաւէ հիմնական խնդիրը՝ սխալներ ընելու կաթուածահարող վախը՝ xenoglossophobia-ն (լեզուի սխալ օգտագործումէ վախ): Այս վախը, որ յաճախ կը ներշնչուի բարի մտածող, բայց չափազանց խիստ պահպանողական ջանքերով, կը յուսահատեցնէ նոր սորվողները եւ կը կաշկանդէ գոյութիւն ունեցող խօսողներուն սահունութիւնը: Վարազի լուծումը լեզուն «ամօթի շղթաներէն» ազատագրելն է եւ քաջալերել՝ զայն օգտագործել «ինչ կարողութեամբ որ կրնան»:

Այս ամօթի խնդիրը ինծի խորապէս ծանօթ է: Ես իմ պատանեկութեանս օրերուն կը զգայի նոյն ճնշումը։ Կը վախնայի արեւմտահայերէնով ինքզինքս արտայայտելէ, քանի որ կը մտահոգուէի քերականական սխալներ ընելէ կամ օտար բառեր գործածելէ: Մեր մտքին մէջ, հայերէնը պէտք է կատարեալ ըլլայ, առանց աւելորդ բառերու, առանց սխալներու. «մաքուր հայերէն» կոչուածը:

Բայց այսօր, կարդալով Հրայրին գիրքերը, կը հասկնամ թէ որքան թերի մօտեցում է այս մտայնութիւնը: Ես կը կարդամ անոր «#ճիվճիվ»-ները, եւ կը տեսնեմ թէ որքան «տարօրինակ» կամ նոյնիսկ «սխալ» կրնան երեւիլ, բայց միաժամանակ կը հասկնամ անոր կեդրոնական հրամայականը. մի՛ վախնար լեզուն օգտագործելէ։ Ինչպէս որ ոչ մէկս կրնայ պնդել, թէ կատարեալ անգլերէն կը խօսի, բայց կը հաղորդակցինք անորմով ամէն օր՝ առանց վախի կամ ամօթի (their, they’re, there-ներ եւ անտեղի ապաթարցներ ամէն օր կը վայելեմ, սիրելիներ): Ինչո՞ւ ուրեմն նոյնը չընենք մեր լեզուին հետ, որ մեր ինքնութեան կարեւոր մասնիկն է: Իմ կարծիքովս, այդ վախը մեզի եւ մեր ժառանգութեան կը մատուցէ ծանր վնաս մը ու Հրայրին գիրքերը ինծի անգամ մը եւս կը յիշեցնեն այս կարեւոր դասը:

«#ճիվճիվ» գիրքերը այս փիլիսոփայութեան ֆիզիքական մարմնացումն են։ Անոնք սկսան որպէս կարճ, երկլեզու բանաստեղծութիւններ, որոնք կատարեալ կերպով յարմար են սերունդի մը համար, որ մեծցած է կարճ բովանդակութեան վրայ: Առաջին հատորը եւ անոր յաջորդող «#ճիվճիվ լեզու» հատորը, որ կը կեդրոնանայ լեզուին վրայ, երկուքն ալ կը պարունակեն նախկին թորոնթոհայ (այժմ պերլինահայ) Էյմի Գազանճեանի գծանկարները, որոնք կ’արտացոլեն գիրքերուն զուարճալի եւ կենսունակ ոգին:

Բանաստեղծութիւնները կը գործածեն «ուղղագրական ազատութիւններ», խառնելով դասականն (մեսրոպեան) ու նոր (սովետական-հայաստանեան) ուղղագրութիւնները, արեւմտահայերէնը եւ արեւելահայերէնը, եւ առանց ամօթի կը ներառեն օտար բառեր եւ իմոճիներ։ Այս մօտեցումը միտումնաւոր է. ան կը նպատակադրէ ցոյց տալու, որ լեզուն թանգարանային նմուշ մը չէ, զոր պէտք է զգուշութեամբ պահել, այլ կենդանի գործիք մը, որ պէտք է գործածել, ծռմռել եւ նոյնիսկ «կոտրել»՝ ստեղծագործութեան գործընթացին մէջ:

Լեզուն զարգացնելու կամ փոխելու իւրաքանչիւր փորձ դիմադրութեան կը հանդիպի, եւ այդ փորձը մարդկային, բնական ընթացք մըն է. մարդիկ, ի վերջոյ, ինքնաբերաբար կը կառչին այն բաներուն, որոնք կը ճանչնան: Քանի մը տարի առաջ, երբ մենք՝ «Թորոնթոհայ»-ի խմբագրութիւնս, որոշեցինք որդեգրել Ա. Եղիայեանի «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց»-ը որպէս հիմք, յայտնուեցանք նման դիմադրութեան մը առջեւ: Մեր «լերան»-ները եղան «լեռան»-ներ, «ճիշդ»-երը դարձան «ճիշտ» (սխա՞լ) ու այս ենթադրաբար փոքր փոփոխութիւնները առաջացուցին համեմատաբար մեծ դժգոհութիւններ, նոյնիսկ ետքայլի պահանջ:

Կը հասկնամ, թէ ոմանք Հրայր Վարազի ծայրայեղ մօտեցումը կրնան սրբապղծութիւն նկատել. այն լուրջ շեղում է աւանդական ուղղագրութենէն ու քերականութենէն, որոնք շատեր այնքան ջանք թափած են պահպանելու համար: Անկեղծ ասաց՝ ես ալ որոշ վերապահութիւններ ունիմ ու գիրքերը կարդալով թերթերը յանկարծ ուղղագրական ազատութիւններով պիտի չհրատարակուին: Բայց Վարազի աշխատանքը կը բարձրացնէ այն կարեւորագոյն հարցը՝ ինչո՞ւ կը վախնանք մեր լեզուն օգտագործելէ, երբ անիկա արդէն վտանգուած է:

«#ճիվճիվ» գիրքերը ոչ միայն հաճելի ընթերցանութիւններ են, այլեւ՝ կոչ մը դադրելու վախնալէ եւ սկսելու ստեղծագործել մեր լեզուով, թոյլ տալով որ ան ապրի, շնչէ, սխալի բայց ստեղծէ իր սեփական ճամբան: Վերջին վերլուծումով, անոր «#ճիվճիվ»-ները մեզ կը յիշեցնեն, որ մեր լեզուն թանգարանային ցուցանմուշի պէտք չէ վերածենք. զայն կենդանի պէտք է պահենք` օգտագործելով, խաղալով եւ, այո՛, նոյնիսկ սխալելով անոր հետ: ֎
***
Իսկ դուք ի՞նչ կը մտածէք, արդեօք այս «յեղափոխութիւնը» պիտի կարենա՞յ դրական ազդեցութիւն ունենալ արեւմտահայերէնի ապագային վրայ: Կը սպասեմ ձեր արձագանգներուն, ըլլան անոնք ուղղագրական ազատութիւններով կամ ոչ:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button