Լրահոս

Աստուածայայտնութեան Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքի Մէջ

 

  Սօսէ Փիլաւճեան

 

Աստուածայայտնութեան եւ ջրօրհնէքի արարողութիւնը, Զմմառու մայրավանքի մէջ` աւանդութեանց համաձայն մեծ տօնակատարութեամբ իւրաքանչիւր տարուայ 6 Յունուարին, կը նշուի Զմմառու “Փոխման Ս.Կուսին” մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Ընթացիկ տարուայ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր` Գերպծռ. Մաշտոց  Թ. Ծ. Վ. Զահթէրեան` մատուցեց Ս.եւ Անմահ պատարագը։ Առընթերակայութեամբ` Հ. Կարապետ Գլընճեանի եւ Հ. Վարդան Ճալլուֆեանի։

Գերպծռ. Մաշտոց կենարար ջուրի անհրաժեշտութեան մասին անդրադառնալով սկսաւ իր քարոզը “Ջուրը կեանքի խորհրդանիշն է: Ան կեանքի անհրաժեշտութիւնն է` գոյատեւելու համար: Եկեղեցին ջուրը կ’օրհնէ  որպէս նշան մեզի տրուած մեծ բարիքին:

Ջուրի սրբագործումը, ձեւով մը յիշեցում է, որ ան չէ տրուած սոսկ մեր կարիքները բաւարարելու, այլ` անոր նկատմամբ անհրաժեշտ հոգածութիւն ցուցաբերելու”:

Մեծաւոր հայրը հաւատացեալներուն ուշադրութեանը յանձնեց կարեւոր հանգամանք մը, որ կը վերաբերի հայերուս` “Ասորիները Հայաստանին` կոչած են Նայիրիեան երկիր, այսինքն ջուրերու երկիր։

Արդարեւ, այս մէկը մեր երկրի հետագայ շահերուն եւ բարօրութեանը ի նպաստ նախադրեալ է, քանզի օր ըստ օրէ աշխարհիս երեսին, ջուրը կը նուազի եւ հետագային ջուրի տագնապի հետեւանքով մեր երկրի ռազմավարական դիրքը զօրանալով` Հայաստանը առաջատար երկիր կը դառնայ, եւ իր ուրոյն տեղը կը զբաղեցնէ մեծ տէրութիւններու մօտ”։

Ապա պատարագիչը եկեղեցւոյ մէջ ջուրի օգտագործման շուրջ յղումներ կատարեց ըսելով “եկեղեցւոյ մէջ օգտագործուած ջուրը տարբեր առիթներու եւ պատճառներու համար կը գործածուի. ինչպէս` մկրտութեան, Ս.պատարագի սկիզբը քահանային ձեռքերը լուալու, Աւագ Հինգշաբթի` նախքան ոտնլուայի արարողութիւնը սկսիլը` ջուրը կ’օրհնուի, իսկ ամենանշանակալին` Ս. Ծննդեան տօնին կատարուած ջրօրհնէքի արարողութիւնն է”:

Այնուհետեւ Գերպծռ. Տէրը մէջբերեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի խօսքը`

Տրուած ըլլալով, որ ընթացիկ տարուայ ողջ տեւողութեան, հայերս կը յիշատակենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի վախճանման 1700-ամեակը, ուստի տեղին է նշել Սուրբին խորհրդածութիւնը` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան կապուած, ուր Ան կ’ըսէ` “Ինքը Յիսուս իջաւ ջուրին մէջ եւ ջուրը միանգամայն դարձուց մաքրող եւ նորոգող: Մաքրեց երկրի ջուրերը, որոնք պղծուած էին մարդկանց մեղքերով:

Եւ ինչպէս նախապէս Հոգին կը շրջէր ջուրերուն վրայ, նոյնպէս Ինքը պիտի բնակի ջուրերու մէջ եւ բոլորին պիտի ընդունի, որոնք դարձեալ կը ծնին“։

Այսպէս, Յիսուս Իր օրինակով հաստատեց մկրտութեան խորհուրդը, որով մարդը պէտք է մուտք գործէ քրիստոնէական եկեղեցի` այս ըսելով` եզրափակեց խօսքը։

Յընթացս Ս.եւ Անմահ պատարագի տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւնը։

“Ով զարմանալի” շարականի երգեցողութեամբ` թափօրը ջրաւազանին շուրջբոլոր հաւաքուած պահուն` հանդիսաւորապէս Ս.Խորան բերուեցաւ Սրբալոյս Միւռոնով լի աղաւնին։

Պատարագիչը` յատուկ աղօթքներու ընթերցումով եւ “Օրհնեցի եւ սրբեցի” շարականի երգեցողութեամբ` Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի ձեռաց խաչը թաթախեց ջուրին մէջ եւ Սրբալոյս Միւռոնը հոսեցնելով` երեք անգամ օրհնեց ջուրը, խնդրանքեր ներկայացնելով Տիրոջ, որ Ան օրհնէ եւ սրբէ ջուրը՝ զայն օգտակար դարձնէ հոգիներու եւ մարմիններու փրկութեան եւ ըլլայ օրհնութեան աղբիւր եւ անապականութեան պարգեւ, որով լուծարուին մեղքերը, նաեւ խնդրեց, որ ջուրը Ս.Հոգիի զօրութեամբ լեցուի եւ ինչպէս  Յորդանանի մէջ, այնպէս ալ այժմ Ս. Հոգին իջեցնէ՝ օրհնելով սրբելով ջուրը, որպէսզի ընդունելի դառնայ մկրտուողին մեղքերուն  լուացումն ու հիւանդներու բժշկութիւնը։

“Պահպանիչ”ի պահուն, պատարագիչը դարձեալ օրհնեց ջուրը, որովհետեւ գրուած է “Տիրոջ ձայնը ջուրերուն վրայ է”։

Հանդիսաւոր արարողութենէ ետք` հաւատացեալները խաչը համբուրեցին եւ օրհնուած ջուրէն ստացան եւ մայրավանքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն։

Ներկաները Ս.հոգիի շնորհներով լիացած եւ տօնին քաղցրաւենիքով հիւրասիրուած պահուն շնորհաւորեցին միմեանց, մեծաւոր հօր եւ վարչական հայրերուն։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button