ԲացառիկԳլխաւոր

Օտար Լեզուներու Եւ Արեւելահայերէնի Ազդեցութիւնն Ու Արեւմտահայ Գրականութեան Ներկան

 

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ / Քլիֆսայտ Փարք – Նիւ Ճըրզի

«Հայրենիք» – Բացառիկ Դեկտեմբեր 2025

Ծ. Խ.- Սոյն գրութիւնը իբրեւ զեկոյց ներկայացուած է համասփիւռքեան կըթական Գ. Համագումարին՝ «Արեւմտահայերէնի կացութիւնը՝ մարտահրաւէրներ եւ առաջադրանքներ», որ տեղի ունեցած է Պիքֆայայի մէջ, 18-20 Օգոստոս, 2011-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի կազմակերպութեամբ։ Բնագիրը առաջին անգամ ըլլալով եւ  նոյնութեամբ կը հրատարակենք, հաւատալով, որ հակառակ անցնող ժամանակին իր այժմէականութիւնը կորսնցուցած չէ։

Արեւմտահայերէնի վրայ օտար լեզուներու ազդեցութիւնը աւելի զօրացաւ, բնականաբար, տեղահանուած եւ փոքրամասնային լեզու դառնալու երեւոյթին զուգահեռ։
Եթէ 1915-էն առաջ օտար լեզուներու ազդեցութիւնը կը սահմանափակուէր, գլխաւորաբար, թրքերէնին ու ֆրանսերէնին, այնուհետեւ ազդեցութեան ծիրը ընդարձակուեցաւ լեզուա-աշխարհագրական ու ընկերա-քաղաքական տարածման զուգահեռ։ Միշտ նկատի ունենալով գրաւոր արեւմտահայերէնը, այսօր ազդեցութեան գլխաւոր լեզուներն են անգլերէնը (համաշխարհային չափանիշներով), ֆրանսերէնը (Ֆրանսա եւ Միջին Արեւելք), արաբերէնը (Միջին Արեւելք) եւ թրքերէնը (Պոլիս եւ այլուր)։ Երկրորդ մակարդակի վրայ կու գան սպաներէնը, պարսկերէնը, յունարէնը, եւ այլն։

Ինչպէս վերը ըսինք, այս երեւոյթը վերջին հարիւր տարուան իւրայատուկ չէ միայն։ Բայց այսօրուան իրավիճակը, որ աւելի տագնապալի բնոյթ մը ստացած է վերջին 20-30 տարիներուն, իր արմատները ունի սեփականի (=«հին, աւանդական») եւ օտարի (=«նոր») հակադրութեան մէջ։ Սեփականի ու օտարի ներդաշնակ համարկումի պակասը կ՚առաջնորդէ վերջինիս գերակայութեան ու առաջինի աստիճանական լքումին։ Երեւոյթը լեզուէն կը սկսի ու մշակոյթով կը շարունակուի։

Արեւելահայերէնի ազդեցութիւնը ունեցած է երեք շրջաններ։ Առաջին շրջանին, մինչեւ 1955, այդ ներգործութիւնը կ՚ընթանար թէ՛ խորհրդահայ մամուլի ու գրականութեան որոշ ազդեցութեամբ եւ թէ՛ Սփիւռք հաստատուած արեւելահայ տարագիրներու (յաճախ՝ արեւմտահայերէնով արտայայտուող) լեզուական ներգործութեամբ։ Այս երկու գործօնները համեմատաբար սահմանափակ դեր կատարած են (առաջինը՝ յատկապէս 1922-1940-ին կիրարկուած «աբեղեանական» ուղղագրութեան շեշտուած օտարումին պատճառով)։ Պարսկահայ համայնքը մեկուսացած վիճակ մը ունեցած է, ինչ որ փաստօրէն զայն լուսանցքի վրայ պահած է լեզուական ազդեցութեան տեսակէտէն։

Երկրորդ շրջանին (1955-1991), երբ Հայաստան-Սփիւռք փոխադարձ կապերը սկսած են աւելի կենդանի հանգամանք ստանալ, հայաստանեան մամուլի եւ գրականութեան առաքումները դարձած են ընթացիկ երեւոյթ, երեւանեան բարձրագոյն հաստատութիւններու շրջանաւարտները սկսած են որոշ չափով տեղ գրաւել Սփիւռքի հանրային ու գրական կեանքի մէջ, եւ, 1977-էն ետք, սկսած է Հայաստանէն ու Իրանէն արտագաղթը, արեւելահայերէնի ազդեցութիւնը քիչ մը աւելի շեշտուած բնոյթ ունեցած է։ Այսուհանդերձ, նկատի ունենալով որ այս շրջանը կը զուգադիպի սփիւռքահայ դպրոցական ցանցի վերելքի շրջանին, կարելի է ըսել, թէ այդ ազդեցութիւնը մասնաւոր դեր չէ խաղացած արեւմտահայերէնի լեզուական զարգացման մէջ, բացառելով որոշ նորաբանութիւններու ներմուծումը, ինչ որ ինքնին լեզուի հարստացման գործօն էր։

Երրորդ շրջանը կը սկսի Հայաստանի անկախացումով եւ կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը։ Նախորդ շրջանին տեղի ունեցած բնաշրջումը (evolution) դարձած է, ձեւով մը, յեղաշրջում (revolution), որուն տուն տուող պատճառներուն շարքին կարելի է թուարկել հետեւեալները.
ա) Հայաստանէն զանգուածային արտագաղթը դէպի Արեւմուտք

 Այս երեւոյթը նախորդ շրջանէն կու գար, սակայն, այժմ հիմնական զանգուածը ո՛չ թէ երբեմնի ներգաղթողներն էին, ինչպէս եղած է 1977-1990 շրջանին, այլեւ բուն արեւելահայ զանգուածը։ Մինչ առաջին խումբը արեւմտահայերէնի հետ որոշակի կապ մը ունէր, երբեմն՝ զայն կրկին որդեգրելու աստիճանին հասնելով, երկրորդը այլեւս ի ծնէ արեւելահայ լեզուի ու մշակոյթի կրող էր, ու, բնականաբար, արեւմտահայերէնի հանդէպ առանց մասնաւոր հետաքրքրութեան (երբեմն՝ ժխտական վերաբերումով)։
բ) Արհեստագիտական յեղափոխութիւնը,

որ իր արտայայտութիւնը գտաւ համակարգիչի,  իմակագրութեան (e-mail) եւ համացանցի (Internet) օգտագործումով։ Թեքնիք ու տնտեսական պայմաններու բարելաւումը, որմէ յառաջ եկաւ այս երեք միջոցներուն գործածութեան տարածումը Հայաստանի մէջ 1990ական թուականներու վերջերէն, սատար հանդիսացաւ արեւելահայերէնի հասանելիութեան կիպերտարածքի մէջ (cyberspace), թէ՛ թերթերու, թէ՛ տեղեկատուական կայքէջերու եւ թէ՛ ընկերային ցանցագրութեան (networking) վայրերու բազմացումով (վերջիններուն մէջ նկատի ունինք Դիմագիրք (՚Facebook), Youtube եւ նման այլ լրասփիւռներ)։
Այս յեղափոխութեան երկրորդ արտայայտութիւնը եղաւ արբանեակային հեռատեսիլի տարածումը, որ թէ՛ լարային հեռատեսիլի (cable TV) եւ թէ՛ համակարգիչի միջոցով արեւելահայերէն խօսքը հասանելի կը դարձնէ Սփիւռքի ամբողջ տարածքին։
գ) Հայաստանի պատկերին հզօրացումը

 Եթէ խորհրդային ժամանակաշրջանին Հայաստանի պատկերը համեմատաբար խորհրդանշական դեր ունէր Սփիւռքի համար, քաղաքական հասկնալի պատճառներով, անկախացումը անշրջելի կերպով փոխեց այդ պատկերը, որուն արտայայտութիւնը՝ երկրի թիւ մէկ դէմքէն մինչեւ վերջին արտագաղթած երեխան, տեղի կ՚ունենայ արեւելահայերէնով։ Այդ պատկերին դրսեւորումը, արդարեւ, թէ՛ արտագաղթի եւ թէ՛ արհեստագիտական յեղափոխութեան շնորհիւ, դեր մը կը խաղայ գիտակից սփիւռքահայու առօրեայ կեանքին մէջ։
դ) Սփիւռքի պատկերին տկարացումը

 Անկախութիւնը ստեղծած է յետ-սփիւռքեան վիճակը, որ տակաւին հարկ եկած գիտակցումի առարկայ եղած չէ պատկան իշխանութիւններուն եւ մտաւորականութեան կողմէ։ Այդ յետ-սփիւռքեան վիճակի այստեղ մեզ շահագրգռող արտայայտութիւններէն մէկն է արեւմտահայերէնի դերին նսեմացումը, որպէս հետեւանք Հայաստանի (= պետականութեան = արեւելահայերէնի) առաջնահերթութեան ընդգծումին։ Այդ նսեմացումը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ սերնդափոխութեան պակասը, կ՚արտայայտուի հանրային կեանքին մէջ արեւմտահայերէնի աստիճանաբար սահմանափակ ու լուսանցքային դերակատարութեամբ։

Արեւելահայերէնի տարածումին ուղղակի հետեւանք մըն է նաեւ ուղղագրական խնդիրը, ուր կրնանք նկատել երեք երեւոյթներ, ի շարս այլոց.
ա) Ուղղագրական սխալներու աճը՝ դասական ուղղագրութեամբ տպուած թերթերու թէ գիրքերու մէջ։
բ) «Բարեփոխուած» ուղղագրութեամբ գրուած յօդուածներու հիւրընկալում դասական ուղղագրութեամբ տպուող թերթերու մէջ։
գ) Դասական ուղղագրութեան ընծայուած նուազ կարեւորութիւն, որ կողմնակի հետեւանքն է նաեւ արեւմտահայերէնի դերի նսեմացումին կամ, եթէ կ՚ուզէք, արեւելահայերէնի հեղինակութեան բարձրացումին։ Ասիկա կ՚ընդգրկէ նաեւ «բարեփոխուած» ուղղագրութեամբ գիրքերու ընծայումը Սփիւռքի մէջ՝ սփիւռքեան մարմիններու կողմէ։

«Արեւմտահայ գրականութիւն» պիտակին տակ հասկնալով ո՛չ միայն գեղարուեստական, այլ նաեւ ոչ-գեղարուեստական գրականութիւնն ու հրապարակագրութիւնը, երկու գործօններուն՝ օտար լեզուներու եւ արեւելահայերէնի ներգործութեան համադրութիւնը, գումարուած՝ արեւմտահայերէնի տկարացումին, կը յառաջացնէ երկու վերանորոգ երեւոյթներ.

ա) Օտար լեզուով գրողներու բազմացում

Նկատելի է, որ եթէ անցեալին նման պարագաներ ընդհանրապէս Ուիլիըմ Սարոյեանի դասակարգին կը պատկանէին (այսինքն՝ լաւագոյն պարագային միայն բարբառային հայերէն գիտցողներ), հիմա սկսած ենք հանդիպիլ Լեւոն-Զաւէն Սիւրմէլեանի տիպի օտարագիր գրողներու (այսինքն՝ անձեր, որոնք հայերէն գրել-կարդալ գիտեն նաեւ ու, յաճախ, հայերէն ալ գրած են)։

բ) Արեւելահայերէն գրողներու բազմացում

Կը հանդիպինք Երեւան ուսանած սփիւռքահայերու, որոնք գիտակցաբար արեւելահայերէնը կ՚որդեգրեն որպէս արտայայտչամիջոց։ Այս երեւոյթը արդէն խորհրդային շրջանին գոյութիւն ունէր։ Երեք կարելի բացատրութիւններ կան.
ա) Արեւմտահայերէնով անբաւարար դաստիարակութիւն,
բ) Արեւելահայերէնի նախընտրութիւն որպէս լեզուական գործիք՝ գեղագիտական նկատառումներով,
գ) Արեւելահայերէնի որդեգրում որպէս, այսպէս ասած, «պետական» կամ «պաշտօնական» լեզու։

Այս իրողութիւններէն բխող արեւմտահայերէն գրողներու թիւի նուազումին պէտք է գումարել նաեւ անոնց որակական (լեզուական) անկումը՝ թէ՛ գեղարուեստական եւ թէ՛ ոչ-գեղարուեստական (հրապարակագրութիւն, գիտական գրականութիւն, եւ այլն) մակարդակնրու վրայ։ Այս անկումին պատճառներուն շարքին կարելի է թուարկել հետեւեալները.
ա) Արեւելահայերէնի ազդեցութիւնը (քերականական ու բառապաշարային սխալներ, ռուսաբանութիւններ, կաղապարային լեզուի որդեգրում, հայերէն համարժէք ունեցող օտար բառերու որդեգրում)
բ) Օտար լեզուներու ներգործութիւնը (օտարաբանութիւններ, քերականական սխալներ, հայերէն համարժէք ունեցող օտար բառերու որդեգրում)
գ) Դպրոցական ուսուցման անբաւարարութիւնը։
դ) Ընթերցանութեան պակասը։

Տուեալ լեզու մը խօսողներուն յարաբերութիւնը գիրին հետ նաեւ կը պայմանաւորէ այդ լեզուին ճակատագիրը։ Արեւմտահայ գրականութեան մշակներու անհետացումը արդէն լեզուի ամբողջական անհետացման ճանապարհը ցոյց կու տայ։ Ներկայ իրավիճակին գահավէժ ընթացք մը կանխելու համար –եթէ կը հաւատանք, որ այդ ընթացքին մէջ չենք տակաւին–, ըստ մեզի, երկու էական ծրագիրներ պէտք է գործադրուին
ա) Պետական մակարդակի վրայ հայերէն լեզուի հանդէպ (հաւասարապէս արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն) լուրջ քաղաքականութեան մը որդեգրումը Հայաստանի մէջ։ Ասիկա կ՚ընդգրկէ լեզուն որպէս ամբողջական երեւոյթ, ներառեալ՝ ուղղագրութեան խնդիրը, որ արեւմտահայերէնի հանդէպ դրական արտայայտութեամբ ներկայանայ ու ո՛չ թէ իբրեւ ժամանակ անցընելու միջոց՝ անոր մահուան սպասումով։ Նման համահաւասար քաղաքականութեան կիրարկումը անհրաժեշտ է, նկատի ունենալով վերջին քսանամեակի հանրալեզուաբանական (sociolinguistic) երեւոյթները, որոնք վերը մատնանշուեցան (արտագաղթ, արհեստագիտական յեղափոխութիւն, Հայաստանի պատկերի ներկայութիւն) եւ որոնք ապագային պիտի շարունակուին ու խորանան։
բ) Սփիւռքի լեզուական քաղաքականութեան որդեգրում՝ սփիւռքեան մարմիններու համատեղ աշխատանքով։ 1920ական թուականներէն ի վեր կիրարկուող ու ցարդ շարունակուող «նահանջական» տրամադրութիւնը միայն կ՚առաջնորդէ հայոց լեզուի ու, աւելի երկար ժամանակի վրայ, հաւաքականութեան աստիճանական չքացումին։

Այս քաղաքականութիւնը, որոշ չափով, կախում ունի հայրենի լեզուական քաղաքականութենէն։ Վերջինս կրնայ նաեւ սատարել արեւելահայերէն խօսող «նոր» Սփիւռքի լեզուական ներդաշնակ համարկումին, կանխելով անոր մեկուսացումն ու դպրոցական ցանցէն օտարումը, որ կ՚առաջնորդէ լեզուական ուծացումի։

Սոյն առաջարկները կրնան նկատուիլ, ինչ-ինչ պատճառներով, սոսկ բարի ցանկութիւն։ Այսուհանդերձ,  կը կարծենք, որ որեւէ ուրիշ առաջարկ կարկտան մըն է, որ բուն հիմնախնդիրներուն լուծում չի տար։ Ինչպէս որ արեւմտահայերէն գրականութեան սփիւռքացած վիճակը ծնունդ առած է քաղաքական պայմաններու աղէտալի խախտումէն, անոր վերապրումը նաեւ քաղաքական որոշումի մը հետ կապուած է։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button