ԳլխաւորԼրահոս

ԼԵՒՈՆ ԺԴ. ՊԱՊԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ ՈՒՂՂԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Երկուշաբթի, 5 Յունուարի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Վատիկանի պապական նուիրակ Փաուլօ Արքեպիսկոպոս Պորճիան եւ Հայրապետին փոխանցեց Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապին շնորհաւորագիրը։
Նամակին մէջ Պապը Վեհափառ Հայրապետին իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ՝ Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական հանդիպումներուն մասնակցութեան համար։

Այս առիթով, պապական նուիրակը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Նոր տարուան ու Սուրբ Ծննդեան օրհնաբեր տօներուն առիթով Պապին բարեմաղթութիւնները։

Հանդիպումին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի պատասխանատուներէն Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button