Լրահոս

Հալէպի Մէջ Ապահովական Լարուած Իրավիճակ

 

Երեքշաբթի, 6 Յունուարին Հալէպի մէջ սկսան ծանր ընդհարումներ:

Ըստ սուրիական բանակի զինուորական գործողութիւններու խորհուրդին, Շէյխ Մաքսուտ եւ Էշրէֆիէ շրջաններու մէջ ընդհարումներ կը շարունակուին։ Պետութիւնը տրամադրած է մարդասիրական անցքեր Աուարէտ եւ Շարեհ Ազ-Զուհուր հրապարակներուն մօտ, տեղւոյն բնակչութեան դուրս գալը ապահովելու համար։

Ընդհարումներու սահմանագիծին բնակող հայորդիներուն ուշադրութեան յանձնուած է, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահը տրամադրելի է եւ կրնան այնտեղ ապաստանիլ մինչեւ վիճակի կայունացումը։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button