ԿԸ ԲՈՒԺՈՒԻ՞ՆՔ ՄԵՐ «ՄԵՂՔԻ ԲԱԺԻՆ»-ԷՆ

Յ. Պալեան
31 դեկտեմբեր 2025, Փարիզ
Յաճախ կը յիշեմ լուսարձակներէ եւ խօսափողներէ հեռու հայրենասէր հայ «Հայաստաններ»-ու ժառանգութեան տիրոջ գիտակցութեամբ ապրող եւ գործող ՀԱՅ ակադեմիկոսի մը երկտողին մէջ արձանագրուած այն միտքը, որ «մենք ալ մեր մեղքի բաժինը ունենք»: «Մեղք»՝ ինչ կը վերաբերի մեր պարտութիւններուն, նահանջներուն, ձախողութիւններուն, լքումներուն:
Այս «ինքնաքննադատական «բիրտ վճիռ»-ի մասին շատ կը մտածեմ, յաճախ կը յիշեմ, ամէն առիթով կը յիշեցնեմ եւ կը կրկնեմ: Բայց հին ախտերը չեն բուժուիր, եւ կ’ընենք այնպէս, որ մեր նահանջներու եւ պարտութիւններու պատճառներուն մէջ շարունակենք մենք մեր բաժինը ունենալ:
«Մե՞նք»-ը՝ ես, դուն, ան: Մտածել առանց ինքնարդարացման ճապկումներու:
«Մենք ալ Մեր մեղքի բաժինը ունենք»… Այս հասկնալու իրատեսական յանդգնութիւնը երբեմն կ’ունենա՞նք, հրաժարելով մեր ամենագէտի ժառանգուած եւ ինքնաշնորհուած իրաւունքներէն:
Եթէ դադրէինք ըսելէ՝ «միւսը», «միւսներ»-ը, մօտաւորը կամ հեռաւորը, օտարը, թշնամին, թշնամիէն չտարբերող բարեկամները, փորձէինք, «ես»-ական փոխմեղադրանքներէ հրաժարիլ եւ իրատեսութեամբ տեսնել նախ «մեր մեղքեր»-ը, զայն ախտորոշել եւ իմաստութեամբ վերացնել հոգեբարոյական վարակները, այդ կ’ըլլար հայուն իրաւ հոգեբարոյական յեղափոխութիւնը: Ի հարկէ եթէ այդ ընելու իրաւ հայրենասիրական եւ ազգասիրական առաքինութիւն ունենայինք:
Հայ Ակադեմիկոսի խօսքը ազգի, նահանջներու, պայքարներու եւ պարտութիւններու մէջ մեր ունեցած պատասխանատուութեան, դերի եւ թերացումներու մասին է: Ի հարկէ՝ Հայաստան, նաեւ՝ Սփիւռք(ներ): Պարզին վսեմութեամբ, ան ըսած է՝ «մեր մեղքի բաժինը ունենք»: Եթէ կարենայինք, առանց ինքնահաճոյակատարական խօսքի ճապկումներու, տեսնել «մեր մեղքի բաժին»-ները եւ ըստ այնմ գործել, ազգին խնայած կ’ըլլայինք անփառունակ պարտութիւններ եւ նահանջներ, կը դադրէինք զանոնք խօսափողի աղմուկով եւ մամուլի մելանով շպարելէ, ազգի ճշմարիտին կը ծառայէինք:
Զանազան բնոյթի մեծ ու պզտիկ անհամար ժողովներ կը գումարենք, կը վերսկսինք, օրակարգ, օդանաւ եւ վայր կը փոխենք: Լրատուամիջոցները կը գրեն անոնց մասին: Թեր ու դէմ: Անկասկած, աւազախրումէ դուրս գալու ցանկութիւններ կան, կ’ենթադրեմ որ կա, նբայց անոնք կը յանգին ներազգային բազմաբնոյթ եւ կրկնուող պատնէշներու մէկ կողմէն միւսին ուղղուած քննադատութիւններու: Այնքա՜ն բազմաթիւ են այդ «կողմ»երը, իւրաքանչիւրը նաեւ բազմապատիկ ինք իր մէջ, հիներ եւ նորեր: Ամէնքն ալ իրաւունք ունին, կը յաւակնին ճիշդ ըլլալ, ճիշդ դատել, մի՛շտ միւսը դատապարտելով, այնպէս, որ ո՛չ իրաւունք եւ ո՛չ ալ իրատեսութիւն կը մնան մեր տեսադաշտին եւ գործին մէջ:
Հրաշք պահու մը, պիտի ունենա՞նք իմաստուններու «սաւառնող եւ լսուող» խորհուրդ մը, որ ըսէ, թէ ինչո՞ւ կը գումարենք պարտութիւնները, ճշդէ պատճառները, առանց զանց առնելու «մեր մեղքի բաժինը», «Մեր»-ը հասկնալ իւրաքանչիւրի ըմբռնումով, յոգնակի, այն ատեն թերեւս կարելի կ’ըլլայ քայլ մը նետել դէպի վերանորոգում, թերեւս՝ վերականգնիլ: Ինչո՞ւ չսկսիլ մեր «յոգնակի մեղքեր»-ու անսեթեւեթ ախտորոշումով եւ քննութեամբ, առանց ինքնարդարացման համար մեզմէ դուրս քաւութեան նոխազներ փնտռելու: Այս կ’ըլլայ յառաջդիմութեան սկիզբ:
Ընկերային, քաղաքական մշակութային, լեզուական եւ այլ մարզերու մէջ պարտութիւններու եւ նահանջներու մէջ «մեր մեղքի բաժին»-ները մէկ առ մէկ պէտք է առանձնացնել՝ մարգարէական լուծումներու մասին թեր ու դէմ եւ թաղէն անդին չլսուող աղմուկ ստեղծելէ առաջ: Կրնա՞նք: Ունի՞նք կեղծէ, կիրքէ եւ «եսեր»-է սրբուած այդ իմաստութիւնը եւ անխարդախ ազգային որակը:
Բնականը եւ ողջմտութիւնը չեն թելադրած ներհայկական թեր ու դէմ առատաբանութիւնները, այլ՝ ԵՍը, որ կը յայտնուի անվիճելի ճշմարտութեան եւ կողմնապաշտութիւններու գլխարկներու տակ, այսօր, ինչպէս երէկ, հոս եւ այլուր:
Ինչո՞ւ կը պարտուինք, ինչո՞ւ հող, երկիր, անկախութիւն կորսնցուցած ենք եւ կը շարունակենք ընթանալ նոյն քարքարուտ ճանապարհներով:
Յաւակնութիւնը չունիմ թուելու ինչ որ կայ «մեր մեղքի բաժին»-ին մէջ, քանի որ այդ խիստ ենթակայական կրնայ ըլլալ: Իսկ «մեր «ենթակայական»-ը բազմաշերտ եւ բազմագոյն է, որուն հետեւանքը եղած է այն, որ առարկայականը ինքզինք բացասականութիւններով աճեցուցած է եւ դարձած է շահախնդրական ենթակայականի խրձիկ: Իսկ շահախնդրականները, անոնք ըլան մեծ թէ պզտիկ, ընկերութեան բուրգին ստորոտէն մինչեւ կարծեցեալ գագաթը, բազմաթիւ են, զանոնք կը տեսնենք կամ չենք տեսներ, ըստ պատնէշի այս կամ այն կողմը մեր «զբաղեցուցած» դիրքին:
Անցեալի եւ ներկայի մեր մեծ ու պզտիկ սխալները եւ «մեղք»-երը իրաւ իրատեսութեամբ չենք քննած եւ չենք քննադատած, որպէսզը զանոնք վերացնելու նախաձեռնենք: «Հեղինակութիւններ» ծնունդ առած են շահախնդրութիւններու եւ փառասիրութիւններու աղբիւսին վրայ: Մի ոմն, յայտնի անձէ մը սերած ըլլալու իրաւունքով, յայտարարած էր, որ «ղեկավար ըլլալու համար ղեկավար ընտանիքի մէջ պէտք է ծնած ըլլալ», այս (չ)իմաստութեամբ առաջնորդուողներ եղած են եւ կան մեր ժողովուրդին մէջ, երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս, ուր ազգ ըլլալ կը փորձենք «համայնք» խաղալով: Ուրիշ մը, կարեւոր անձ ըլալու համար բեմ բարձրացած է եւ ուրշիի գրած «ճառը» թնթերցած», կարեւորութիւնը ժառանգական դարձնելու համար իր զաւակն ալ բեմ հանած է «լատինատառ հայերէն» գրուած ճառով, միամտացած ամբոխը հաւատացած է եւ երբեմն ալ այսինչին կամ այնինչին ըսած, որ «դուն քեզ գերեզանցեցիր»… Նպատակ, կարողութիւն, անկեղծութիւն, ինչպէս հանրածանօթ մը ըսաւ, որ ամէն տեսակի մանրուք ծալած եւ վրան նստած է: Հասկնալ՝ «որ ես եմ իրաւունք եւ ճշմարտութիւն, ինչպէս «աստուածային իրաւունքով» իշխող ժառանգական թագաւորները, իրենց աւատապետական հպատակներով:
Նորարար բանաստեղծ մը ըսած է «Կարմիր գլխարկ մը դրի հին բառարանին» (Վիքթոր Հիւկօ): Փակուղիէն դուրս գալու համար պիտի ունենա՞նք իրաւ յայտնատեսութիւն՝ մեր խօսքին եւ գործին «կարմիր գլխարկ» դնելու, փոխանակ անհրապոյր բառերով պճնուելու:
«Մեր մեղքի բաժինը» գիտնալ, մեր ժողովուրդի ներկային մէջ, կ’ըլայ ինքնամաքրման յեղափոխութիւն: Յոյն փիլիսոփաները կ’ըսէին catharsis…
Պէտք է գիտակցիլ՝ որ վաղը ուշ պիտի ըլլայ այդ ընելու համար:
Ինչո՞ւ չխօսիլ անմիջական ներկային մէջ մեր ունեցած եւ կրկնուող «մեր մեղքի բաժին»ներուն մասին, Վիքթոր Հիւկոյի «Կարմիր գլխարկ»ը դնելով մեր լսուող եւ չլսուող ինքնաբաւութեան եւ թշնամին մեր մէջ փնտռող հին-նոր խօսքերու ախտին վրայ: Ի հարկէ՝ ամենուրեք ուր հայեր կան, անոնք ըլլան «երեւելի»ներ թէ՝ ժողովուրդ:
Մեր վերականգնումի յեղափոխութիւնը կը յաջողի, երբ հաւաքական իմաստութեամբ մեր ունեցածյանցանքի բաժին ախտէն բուժուինք: Օտարը եւ թշնամին պիտի չբուժեն մեզ: Պիտի չբուժուինք, եթէ մենք մեզ չբուժենք» Կը հրաժարի՞նք յաւելեալ իրաւունքի դատարկ փառասիրութիւններէ, կ’ունենա՞նք յաւելեալ պարտքի գիտակցութիւն եւ յանձնառութիւն, ընելով այնպէս, որ պատմութեան օղակ փոխելու պահուն հայը, որպէս իրաւատէր ազգ, բացակայ չըլլայ: Ինչպէ՞ս բացակայ պիտի չըլլանք երբ կը խլանանք մեզ զիրար չլսելու դատապարտող աղմուկին մէջ, խաղ՝ որ դուռ, պատուհան եւ սահման չունի:
Բացակայ չըլլալու պայքարը հայուն քաղաքական-գաղափարական միտքի հորիզոնը եթէ չէ, եթէ չըլլայ, հայ եւ հայութիւն կ’ըլլան անցեալ: Եւ վերջ: Ոմանք պիտի պահեն յուշեր եւ յիշատակներ, ինչպէս որ են Անիի համր եւ անտէր մեծղի պարիսպները, ինչպէս ինքնարդարացումներու մեծ ու պզտիկ ճապկումները:
«Մեր մեղքի բաժինը»…
Կը պատահի՞ որ մենք մեզի եւ իրարու հարց տանք, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մեղք կը գործենք, գործած ենք, եւ պատասխանել առանց հաճոյակատարութեան: Իմաստասէր Կարլ Եասբերզ ըսած է, որ «հարցումները աւելի կարեւոր են քան անոնց տրուած պատասխանները»:
Նախ հետեւելով ակադեմիկոսի խօսքին, կրկնենք, որ մենք «Մենք մեր մեղքի բաժինը ունենք»… Եւ փորձենք սահմանել, թէ ո՞ր մեղքի, ո՞ր մեղքերու, առանց բարձի թողի ընելու ՄԵՆՔը, կրկնելով ան ես է, դուն է, ան է…
Բազում ամպագոռգոռ անուններով խորհրդաժողովներէն, – «սէմինար»-ներէն – մէկն ալ ինչո՞ւ չգումարել այս հարցով… Կը վախնա՞նք, որ եթէ այդ ընենք, աթոռ-աթոռակ, խօսափող եւ «եթերի ազատութիւն» կը կորսնցնենք:
«Մեր մեղքի բաժին»-ին մասին կը խօսէի անտիտղոս հայ աշխատաւոր մարդու հետ, ան ըսաւ, որ «մեր մեղքը այն է, որ «մենք կ’ըսենք փող, երբ թուրքը ըսած է եւ կ’ըսէ հող»… որ հողը չի տրուիր, կ’առնուի, եւ թերքերէնով աւեցուց՝ «թոփրաք վերիլմէզ, ալընըր» (հողը չի տրուիր, կ’առնուի)… Խօսակիցս կիլիկեցի հայ մըն էր:
Մտածե՛լ «ՓՈՂԻ եւ ՀՈՂի» մասին…
Կ’երգենք, կը պարենք, խօսփողի առջեւ կը շորորանք, բայց մոռցած ենք Խրիմեան Հայրիկի մեծ Պատգամը Թոոնիկին, որ «Հողը պէտք է կեանքի եւ մահուան օրը, անհող չմնաս»… Խրիմեան չէ պատգամած անփող չմնաս, պատգամած է անհող մնաս… Ի դէպ, ո՞վ է այդ Խրիմեանը, որ ըսած է հող, չէ ըսած փող…

