
Վեց աստղեր, փորձառու նուագախումբ մը եւ օփերայի ոլորտէն ներս հանրածանօթ գործեր․․․այսքանը բաւարար է, որ , Նիւ Եորքի հանրահռչակ «Քարնըկի Հոլ»-ին մէջ Շաբաթ, 27 Դեկտեմբերի երեկոյեան, «Wintour Group International»-ի կազմակերպած ամանորեայ համերգը կատարուի յոյժ յիշատակելի յաջողութեամբ։
Վեց հանրածանօթ աստղերն էին՝ Յասմիկ Գրիգորեան, Նատին Սիեռա, Սոնտրա Ռատվանովսքի, Անիթա Մոնսեռա, Թոմըս Հէմսըն եւ Պրայըն Ճեկտ։ Իսկ, անոնց ընկերակցող նուագախումբը` «Ամերիքըն Սիմֆընի Օրքեսթրա»-ն էր, ղեկավարութեամբ եռանդուն Ֆրանչեսքօ Լանզիլոթայի։

Յայտագիրը սկսաւ Ռոսինիի հանրածանօթ «Ուիլիըմ Թիւն»-ի բացման նուագով, որմէ ետք բեմ մուտք գործեց Յասմիկ Գրիգորեան եւ սրահը թնդացուց Անթոնին Տվորիաքի ազդեցիկ «Լուսնի երգ»-ով։ Այսպէս, շռնդալից կերպով, Գրիգորեան մեկնարկը տուաւ համերգի երգային բաժնին։

Նոյնքան տպաւորիչ էր անոր զուգերգը (Փիոթր Չայքովսքիի «Թաթիանա եւ Օնեկին»-ը), հանրածանօթ պարիթոն Թոմըս Հէմսընի հետ։ Նախապէս, այս վերջինը ամէնայն հմտութեամբ մեներգեց Ճուզեփփէ Վերտիի «Փիեթա, ռիսփեթթօ, օնորէ»-ն։

Համերգի առաջին մասին մէջ, առիւծի բաժինը խլած էր Վերտին, որմէ քանի մը այլ գործեր՝ «Քարօ նոմէ», «Ի վեսփրի սիչիլիանի» եւ «Օթելլօ» գեղգեղեցին Նատին Սիեռա, Սոնտրա Ռատվանովսքի եւ Պրայըն Ճեկտ։ Անիթա Մոնսեռա, իր կարգին բեմ մուտք գործելով դայլայլեց Ռոսինիի «Նաքի ալ՛աֆանօ»-ն։ Սակայն, առաջին մասի ամենէն աւելի դիւթիչն ու հմայիչը՝ Սիեռա – Ռատվանովսքի զոյգին ներկայացուցած Լէօ Տելիպի «Ծաղկային զուգերգ»-ն էր, որ վառ պիտի մնայ ունկնդրին յուշերուն մէջ, յատկապէս աւարտին, երբ անոնք, նոյնիսկ բեմէն հեռանալով, կը շարունակէին այդ քնքոյշ մեղեդին, խորհրդաւոր եւ միսթիք մթնոլորտ մը ստեղծելով։


Համեմատաբար, աւելի կարճ էր երկրորդ մասը, որուն մէկնարկը տրուեցաւ երաժշտական գործով (Ամպրոյզ Թոմըս՝ «Մինիուն») մը, ղեկավարութեամբ «տինամիք» Լանզիլոթայի ղեկավարած նուագախումբին։ Ապա, Սեռա մեներգեց Լէնըրտ Պէրնշթայնի «Ուեսթ Սայտ սթորի»-էն երգ մը։ Յասմիկ Գրիգորեան իր կողքին ունենալով Անիթա Մոնսեռան, Չայքովսքիի հանրածանօթ «Լիզա եւ Փոլինա»-ն ներկայացուց եւ ապա իր մասնագիտացած գլուխ գործոցը՝ Ճիաքոմօ Փուչինիի «Թիւրանտօ»-ն, որու աւարտին ծափողջոյնները տեւեցին ակնթարթներ։

Ապա Թոմըս Հէմսըն եւ Պրայըն Ճեկտ յաջորդաբար երգեցին Վոլֆկանկ Ամատէուս Մոցարթի «Լէ նոցցէ տի Գիկարօ»-էն եւ Ռուճերօ Լէոնքավալոյէն «Վեսթի լա ճիուպ»-ը։
Հուսկ, Ճեկտ, Սոնտրա Ռատվանովսքիի հետ ներկայացուց այլ հանրածանօթ գործ մը՝ Փուչինիի «Մանոն Լեսքօ»-ն»։

Աւարտին, վեց աստղերը վերստին բեմ մուտք գործելով, միասնաբար եւ գիրկնխառն երգեցին Պերնշթայնի «Մէյք աուր կարտըն կրոու»-ն։ Ապա, խոնարհելով անոնք «Շնորհաւոր նոր տարի» բացագանչելով հրաժեշտ տուին։
Պարզ ու մեկին, անմոռանալի էր «Wintour Group International»-ի կազմակերպած ամանորեայ այս համերգը։
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

