Թուրքիան 2025-ին. Հալածանք-Յառաջդիմութիւն-Հակասութիւն
ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Յատուկ «Հայրենիք»-ին
2025 տարուան ընթացքին Թուրքիան յատկապէս եւ Միջին Արեւելքը ընդհանրապէս ունեցան բազմաբնոյթ եւ բազմատեսակ փոփոխութիւններ, որոնք իրենց բնական հետեւանքը կամ արդիւնքը պիտի ունենան տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւններուն եւ զարգացումներուն վրայ: 102 տարեկան թրքական հանրապետութիւնը ունեցաւ զանազան վերիվայրումներով լեցուն տարի մը:
Յունուար․- Քաղաքական Հալածանքներու Սկիզբ
2025 տարուան համար, առաջին ամիսը կը յատկանշուի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուած քաղաքական հալածանքներու հոսանքով մը: Առաջին հերթին, Պոլիս նահանգի, Պեշիքթաշի քաղաքապետը, որ նաեւ անդամ է Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան, ձերբակալուեցաւ իրեն դէմ ներկայացուած փտածութեան ամբաստանութիւններու հետեւանքով: Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան ղեկավար Օզկիւր Օզէլ յայտարարեց. «Այս ձերբակալութիւնը յաւելեալ ապացոյց է, որ մեր արդարադատութեան համակարգը լիովին քաղաքականացուած է»: Նոյն ամիսը, Յաղթանակ Կուսակցութեան ղեկավար Ումիթ Օզտայ եւս ձերբակալուեցաւ նախագահ Էրտողանի հասցէին վիրաւորական խօսքեր ուղած ըլլալու մեղադրանքով: Աւելի՛ն. «Հալք» հեռուստաընկերութեան գլխաւոր խմբագիր Սէրհան Ասքէր եւ երկու այլ լրագրողներ եւս ձերբակալուեցան, որովհետեւ ներկայացուցին ձայնագրութիւններ, փաստելով, որ որոշ դատախազներու կատարած գործընթացները դիտումնաւոր եւ անհիմն հարուածներ են ընդդիմութեան դէմ: Վերջապէս, Թուրքիոյ Զինուորական Հիմնարկէն հինգ շրջանաւարներ եւ զինեալ ուժերէն երեք այլ պատասխանատուներ ազատ արձակուեցան իրենց աշխատանքներէն, որովհետեւ աշխարհիկ երդում կատարած էին 2024 տարուան ընթացքին: Այս բոլորը կ՛ապացուցէ, թէ որքան թրքական ժողովրդավարութիւնը եւ աշխարհիկութիւնը միասնաբար նահանջած են, տեղ տալով մենատէր-կրօնամէտ վարչակարգի մը:
Փետրուար․- Քիւրտերու Դէմ Հալածանք Ապա Անակնկալ Յայտարարութիւն
Փետրուար ամսուան սկիզբը տաս քաղաքապետական պաշտօնատարներ, որոնք բոլորն ալ անդամ են Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան ձերբակալուեցան, Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան հետ գործակցած ըլլալու ամբաստանութեամբ: Աւելի ուշ, ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին շուրջ 282 անհատներ եւս ձերբակալուեցան դարձեալ նոյն ամբաստանութեամբ: Վերջապէս, 27 Փետրուարին, Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան ղեկավար Ապտալլահ Օճալան բանտի խուցէն յայտարարեց, որ իր կուսակցութիւնը պէտք է կազմակերպէ ընդհանուր ժողով, որուն առաքելութիւնը պիտի ըլլայ զինաթափուիլ եւ լուծել կուսակցութիւնը: Ակնյայտ է, որ ամիսներ եւ ինչու ոչ տարիներ շարունակ իրականացուած հալածանքները եւ արդարադատութեան համակարգին վրայ նախագահ Էրտողանի մենատիրութիւնը բաւարար ճնշում բանեցուցին ամբողջ ընդդիմութեան վրայ:
Մարտ․- Նախագահական Հետագայ Ընտրութիւններու Բռնի Ճշդում
19 Մարտ 2025-ին, Թուրքիոյ ապահովական մարմինները ձերբակալեցին Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան անդամ եւ Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն, փտածութեան եւ ահաբեկչական գործողութիւններու զօրակցելու շուրջ զանազան ամբաստանութիւններու հետեւանքով: Իմամօղլուն, մինչեւ օրս, բանտարկուած է: Այստեղ հետաքրքրականն այն է, որ Պոլսոյ այս քաղաքապետը կը նկատուի Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան մէջ այնքան ազդեցիկ դէմք, որ դերակատար էր կուսակցական նախկին ղեկավար Քեմալ Քիլիչտարօղլուի պարտութեան եւ նոր ղեկավար Օզկիւր Օզէլի ընտրութեան մէջ: Աւելի՛ն. Իմամօղլու կը նկատուի 2028-ի Թուրքիոյ մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն ընդդիմադիր ամենէն հզօր թեկնածուն, որ իսկական կարելիութիւն ունի պարտութեան մատնելու նախագահ Էրտողանին: Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը այսպէս ցոյց կու տայ, որ 2000-ական թուականներու ընտրական կարողականութիւնը կորսնցուցած է եւ նոյնիսկ Ազգայնական Շարժում Կուսակցութեան հետ դաշինքը բաւարար չէ այս կացութիւնը յեղաշրջելու:
Ապրիլ․- Փոթորիկէն ետք եւ Յաջորդ Փոթորիկէն Առաջ Հանդարտութիւն
Ապրիլ ամսուան ընթացքին Թուրքիոյ քաղաքական կեանքը ընդհանրապէս հանդարտած բնոյթ ունէր: Տեղի ունեցան որոշ ցոյցեր, որոնց նպատակն էր Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի ազատ արձակումը, սակայն ձախողեցան: Տեղի ունեցաւ նաեւ երկրաշարժ մը Մարմարիս շրջանին մէջ:
Մայիս․- Անցեալի Պատրուակները կը Դառնան Ներկայ Հալածանքներու Հիմնաւորումները
Ամսուան սկիզբը Քիւրտերու Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ պաշտօնապէս լուծուած եւ զինաթափ եղած են իր շարքերը: Ամսուան վերջաւորութեան ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին շուրջ 56 անհատներ ձերբակալուեցան, 2016 տարուան ձախողած յեղաշրջման մասնակից ըլլալու ամբաստանութեամբ: Ինքնին 2016-ի յեղաշրջումը մեծ հարցման նշաններու պէտք է ենթարկուի, որովհետեւ այդ գործընթացէն հսկայական կերպով օգտուեցաւ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Նախագահ Էրտողան, որոնց դէմ էր իրականութեան մէջ այդ «յեղաշրջումը»:
Յունիս․- Ձերբակալութիւնները եւ Պաշտօնազրկումները կը Շարունակուին
Յունիս ամսուան սկիզբը պաշտօնազրկուեցան ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան անդամ հինգ քաղաքապետներ, որոնց դէմ փտածութեան ամբաստանութիւններ ուղղուած էին: Այստեղ, հարկ է հարց տալ, որ արդեօ՞ք բոլոր ընդդիմադիրները փտած են եւ իշխող կուսակցութեան քաղաքապետները օրինակելի՞: Աւելի ուշ, Յաղթանակ Կուսակցութեան ղեկավար Ումիթ Օզտայ, որ նախապէս ձերբակալուած էր, դատապարտուեցաւ երկու տարուան բանտարկութեան:
Յուլիս․- Հակասական Դաշտի Պարզում
Տասնամեակներ շարունակ Թուրքիոյ իշխանութիւնները եւ Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը հակադիր կողմեր էին: Սակայն, ներկայիս, այդ կացութիւնը կարծես փոխուած է: Այս իմաստով, 9 Յուլիս 2025-ին, Ապտալլահ Օճալան դարձեալ յայտարարեց, որ իր կուսակցութեան զինեալ պայքարի շրջանը աւարտած է: Միւս կողմէ, Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան անդամ երեք քաղաքապետներ, նախկին քաղաքապետ մը եւ 120 այլ քաղաքապետական պաշտօնատարներ ձերբակալուեցան, դարձեալ փտածութեան ամբաստանութիւններու տակ: Հակասական այս կացութիւնը նոր իրականութիւն կը պարզէ քաղաքական կեանքին մէջ, որուն խորագիրն է կարծես «Իշխանութիւն Ընդդէմ Թուրքերուն, Իշխանութիւն Բարեկամ Քիւրտերուն:
Օգոստոս․- Հալածանքներու Նուազում եւ Ընդդիմութեան Կազմալուծում
Օգոստոս ամիսը յատկանշուեցաւ տնտեսական որոշ ծրագիրներով բայց նաեւ հալածանքներու նուազումով, նկատի ունենալով, որ միայն ընդդիմար Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան անդամ քաղաքապետ մը ձեռնարկուեցաւ, դարձեալ փտածութեան ամբաստանութեամբ: Սակայն, յատկանշականն այն է, որ 2009-էն ի վեր Այտինի քաղաքապետ եւ Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան երկար տարիներու անդամ Օզլէմ Ճէրիօղլու հրաժարական ներկայացնելով անդամակցեցաւ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան շարքերուն: Աւելի՛ն. 2024-ի քաղաքապետական եւ տեղայնական ընտրութիւններուն ընտրուած 55 այլ քաղաքապետեր եւս ընդդիմութեան շարքերէն անցան իշխող կուսակցութեան շարքերը: Այստեղ տեղին է հարց ուղել, թէ որքա՞ն ճնշում կը բանեցուի ընդդիմադիր քաղաքական դէմքերու վրայ եւ ի՞նչ ձեւեր կ՛որդեգրուին այս մէկը կատարելու:
Սեպտեմբեր․- Ընդդիմութեան Քաղաքական Խանգարում
Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին իշխանութիւնը ամրապնդեց մենատէր իր լուծը ամբողջ երկրի տարածքին: Ձերբակալուեցաւ Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան անդամ քաղաքապետ մը եւ 47 այլ քաղաքապետական պաշտօնատարներ, դարձեալ փտածութեան ամբաստանութեամբ: Այս զարգացումներուն կողքին Օզկիւր Օզէլ վերընտրուեցաւ ընդդիմադիր հզօրագոյն այս կուսակցութեան ղեկավար: Օզէլ ընտրուեցաւ հակառակ, որ Թուրքիոյ արդարադատութիւնը ջանք չխնայեց եւ անվաւեր յաջողեցաւ նկատել կուսակցութեան Պոլսոյ բաժինի նախագահին ընտրութիւնը եւ նշանակել նոր յանձնախումբ մը, որ պիտի հսկէ կուսակցութեան Պոլսոյ գործունէութեան վրայ: Այս պարագային թիրախը դարձեալ Պոլիսն է: Աւելի՛ն. արդարադատ մարմինները փորձեցին անվաւեր նկատել 2023-ի կուսակցութեան նախագահութեան Օզէլի ընտրութիւնը, որուն յաջողութեան պարագային կրնար վերականգնուիլ Քեմալ Քիլիչտարօղլուն իբրեւ կուսակցութեան ղեկավար: Այստեղ յստակ է, որ իշխանութիւնները կը նախընտրեն Քիլիչտարօղլուի աւանդական եւ արդէն իսկ բազմաթիւ առիթներով պարտուած աշխատելաձեւը, փոխան՝ Օզէլի վերանորոգման եւ վերաշխուժացման ներքին քաղաքականութիւնը:
Հոկտեմբեր․- Ներքին եւ Արտաքին Աշխատանք
Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին վերջնականացաւ Կազա-Իսրայէլ զինադադարի համաձայնութիւնը, որ Թուրքիոյ մէջ ամրապնդեց Կազայի մէջ իր զինեալ ուժերը տեղակայելու տրամադրութիւնները, ինչպէս նաեւ ինքզինք Իսրայէլի թշնամի եւ Իսլամական աշխարհի պաշտպան նկատելու քարոզչութիւնը: Միւս կողմէ, Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ ինք իր ուժերը ամբողջութեամբ դուրս բերած է Թուրքիոյ սահմաններէն եւ կատարած է իր ղեկավար Օճալանի թելադրանքները, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ իրականացուի իսկական ժողովրդավարութիւնը եւ եղբայրութիւնը:
Նոյեմբեր․- Անյստակ Դէպք եւ Պապի Այցելութիւն
Նոյեմբեր ամսուան կիսուն Ամերիկեան արտադրութեամբ եւ Թուրքիոյ օդուժին օգտագործած «C-130 Hercules» բեռնատար ինքնաթիռը արկածի ենթարկուեցաւ Վրաստանի տարածքին մէջ: Ինքնաթիռը ելք կատարած էր Ատրպէյճանի Գանձակ քաղաքի օդակայանէն: Ինքնաթիռէն ներս գտնուած բոլոր 20 անհատները սպաննուած են: Մինչեւ օրս յստակ չէ, որ այդ արկածը ինչպէ՞ս պատահած է, նկատի ունենալով, որ զանազան տեսահոլովակներ ցոյց կու տան, որ կարծես ինքնաթիռը կամ հարուածի կամ ներքին նիւթի մը պայթումին հետեւանքով վառ առնուած է: Միւս կողմէ, 27 Նոյեմբերին Թուրքիա ժամանեց Հռոմի Լեւոն ԺԴ Պապը: Իր այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ: Թուրքիոյ զինեալ ուժերուն յարգանք ցուցաբերելու նպատակով Պապը եղաւ այն քիչերէն, որ ըստ երեւոյթին քիչ մը թրքերէն սորվելով ըսաւ «Merhaba Asker», այսինքն՝ ողջո՛յն զինուորներ: Այս մէկը դիւանագիտական պարտաւորութիւն մը չէ, սակայն Պապը կատարեց այդ մէկը: Դժբախտութիւն է, որ Հռոմի Պապը ոչ իսկ բառ մը արտասանեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի հիմնահարցին մասին:
Դեկտեմբեր․- Բազմաճակատ Աշխատանք
Թուրքիան իր տարին կը բակէ ունենալով զանազան առաջնահերթութիւններ, որոնց շարքին են Ուքրանիան, Սուրիան, Լիպիան, Պաղեստինը, Ափրիկեան ամբողջ ցամաքամասը, Եւրոպական Միութիւնը, ՆԱԹՕ-ն, Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Չինաստանը, թրքական աշխարհը, Հայաստանը եւ Արցախը: Այս բազմակողմանի աշխատանքը մեզ կու տայ այն եզրակացութիւնը, որ Թուրքիան այսօր ունի հզօր պետութիւն եւ կարող մարդուժ, որուն շնորհիւ Անգարա կը հասնի ամէն տեղ, ամէն օր: Թուրքիան աշխուժ ներկայութիւն է տնտեսականօրէն, քաղաքականօրէն, կրօնա-գաղափարական իմաստով եւ ունի բազմաթիւ ներդրումներ ու ծրագիրներ: 2025 տարին Թուրքիան կը փակէ 1.5 թրիլիոն տոլար տնտեսութեամբ, գրաւելով 16-րդ դիրքը միջազգային մակարդակով եւ 47 միլիառ տոլար զինուորական պիւտճէով, հանդիսանալով աշխարհի 13-րդը ռազմական պիւտճէով եւ 9-րդը կարողականութեամբ: Հետեւաբար, յստակ է, որ Թուրքիան ռազմականօրէն ուժեղ է, տնտեսականօրէն բարգաւաճող, իսկ ներքին քաղաքական կեանքով անարդար եւ հակասական:

