ԲացառիկՅօդուածներ

Մենք ու մեր նոր տարին

Գէորգ Պետիկեան
«Հայրենիք» – Բացառիկ Դեկտեմբեր 2025

 

Ո ՞ւր կամ ինչպէ՞ս պիտի անցնէ՛ք Նոր տարին:
Մէկ շունչով արտայայտուած այս նախադասութիւնը, մեզ բոլորս իրար կը խառնէր ու ձեւով մըն ալ մեր տան սանկ-նանկ անդորր վիճակը կը խանգարէր: Ամէն մէկս, առանց բացառութեան իր մտքին մէջ ծրագրած ու դասաւորած է իր «ընելիք», մանկական խաղի նման:
Ու հիմա…
Դարձեալ նոր տարի է, եւ դարձեալ սովորական-աւանդական դարձած նոյն հարցումը…:
-Ինչպէ՞ս, կամ ո՞ւր պիտի անցընենք Նոր տարին դիմաւորող գիշերը:
Վայրկեանին, անկեղծօրէն եւ յստակ՝ անձնապէս ես մեր «հինը» կը յիշեմ: Հո՛ն, մեր այդ հին քաղաքին մէջ, ուր աւանդութիւնները իբրեւ սրբութիւն, եւ տոհմիկ սովորութիւնները իբրեւ գերագոյն լուծում, եւ միջոց կը գործադրուէին, նման հարց գոյութիւն չէր կրնար ունենալ:
Հաւատացէ՛ք, անոր ծնունդն իսկ վիժումի կը դատապարտուէր: Որովհետեւ…, որովհետեւ այն ատեն, հոն մեծ կամ մեծեր կային: Որովհետեւ, հոն մեծերը մեծ էին եւ փոքրերը փոքր ու ակնածանքն ու յարգանքը, մարդոց առօրեայ կենցաղէն ներս ունէր իր արդար եւ հաստատ բաժինը:
Հո՛ն, նման հարց կամ հարցում գոյութիւն չունէր: Վերջ:
Ըսի չէ, նման հարցում…տեղին ու կարգին, տակաւին կէս դար առաջ, մեր հին քաղաքին մէջ, ոչ միայն չէինք կրնար արտայայտել, ըսել, հարցնել, այլեւ՝ նոյնիսկ մեր մտքէն անցնել:
Հո՛ն, այդ երեկոն, տունը կ’անցընէինք: Մեծին տունը: Ազգականական կապի ներկայացուցիչ՝ մեծին տունը ու մեր թիւին վրայ այդ գիշեր նաեւ կ’աւելնար մեր մտերմիկ բարեկամներէն քանի մը հատը, անոնք՝ որոնք ակամայ զրկուած էին ազգականներէ:
Ու այդ գիշեր, ընտանիքը հոն էր, մեծին տան սեղանին շուրջը հաւաքուած, բոլոլուած, խմբուած: Աւանդական սեղան՝ իր հարազատ սեղանակիցներով: Ու նախ կ’ընթրէինք եւ ապա ճաշասեղանը կը վերածուէր պտղասեղանի, որուն վրայ նաեւ կ’աւելնար անբաժան զարդարանքը այդ օրուան՝ կաղինը, ընկոյզը, չամիչն ու թուզը:
Միւս կողմէ, վառարանին վրայ շագանակներու պայթումներուն, մեր ձայներն ալ ազգային եւ կամ ժողովրդական երգերով կ’ընկերանային: Ու այսպէս, քիչ մը ուտելով, երգելով եւ կատակելով ու մանաւանդ «Երեւանն է խօսում»ը մտիկ ընելով, կը դիմաւորէինք նոր տարին, որուն ժամանումն ու գալուստը կը յայտարարուէր տան պատին վրայ հաստատուած հնամեայ ժամացոյցի մը ծանր զարկերէն եւ ձայնասփիւռի տեղական կայաններու ալիքներէն:
Յետոյ…: Արդէն ժամը 12-էն մէկ-երկու վայրկեաններ առաջ, լոյսերը կը մարէինք ու Նոր տարին լոյսեր բանալով կը դիմաւորինք: Ապա, բոլորս միասին բարձրաձայն «Հայր Մեր» մը կը սկսէինք, որմէ ետք փոքրերս, կամ՝ պատանիներս, երկիւղով մը կը համբուրէինք մեծին կամ մեծերուն աջերը ու Նոր տարուան առաջին իսկ վայրկեանին կը ստանայինք անոնց բարի մաղթանքները ու համով-հոտով օրհնութիւնները:
Ապա …իսկոյն կը յիշուէր մեզմէ յաւէտ բաժնուածները: Պահ մը լուռ կը մնայինք, անոնց յիշատակը կը վերապրէինք ու վերադառնալով ներկային եւ իրականութեան, կը շարունակէինք մեր կերուխումը, երգն ու պատմումը, առանց մոռնալու սակայն, որ քանի մը ժամեր ետք, պէտք էր որ եկեղեցի երթայինք, Աստուծոյ հետ, Նոր տարուան առաջին օրն իսկ մեր կապը վերամրապնդելու, մեր հոգիին ու խիղճին տուրքը տալու՝ աղօթքով մը, նաեւ՝ մոմ մը վառելով:
Այսպէ՛ս էր հոն, այդպէ՛ս ալ մնաց հակառակ մեծերուն յաւէտ մեկնումին եւ բացակայութեան:
Ու Ամերիկա կոչուած այս Աւետեաց երկիրը մեր հաստատուելուն առաջին Նոր տարիներն ալ այդպէս կրկնուեցան, կամ փորձեցինք կրկնել: Դժուարին աշխատանք մըն էր, որ գէշ աղէկ կատարեցինք, որովհետեւ մեր հետ բերած ու մեր մտքերուն ու հոգիներուն մէջ լեցուած այդ թարմ եւ գեղեցիկ աւանդութիւնները, տակաւին տաքուկ պահած էինք:
Սակայն յետոյ, քանի պզտիկները մեծցան, կարծես այդ մէկուն թարմութիւնն ալ անցաւ, եւ մեր սովորութիւնը կորսնցուց իր հմայքը: Ու ինքնակամ, մեր իսկ ձեռքերով, եւ մեր իսկ առած որոշումներով, նոյն այդ սովորութիւններն ու աւանդութիւնները բանտեցինք մեր միտքերու թանգարանին մէջ. կամովին: Թերեւս…, շատ քիչ անգամ, եւ պատահաբար դուրս բերինք զանոնք ու անոնցմով տաքցանք եւ միաժամանակ ջերմացանք ու գրեթէ երջանկացանք: Թերեւս…հազուադէպօրէն…:
Ու կը կարծեմ որ երբեմն նման ճշմարտութիւններ ճակատաբաց պէտք է երեւան բերել, արեւու լոյսին յանձնել, որպէսզի մարդիկ կարենան զայն լաւապէս տեսնել:
Ահա քեզի Ամերիկա…:
Նոր տարի է:
Դարձեալ նոր յոյսեր կան, որոնք շարուած են արդէն մարդկային մեր կեանքի զանազան հորիզոններուն վրայ: Բոլորս ալ կը զգանք որ տարի մը եւս անցած է մարդոց որդիներուն կեանքէն: Թէեւ ճիշդ է որ 2025 տարին նետած ենք յիշատակի թանգարանին մէջ, ուղղակի պատմութեան գիրկը, բայց միւս կողմէ, աշխարհն ալ փակած է այս հինին էջերը ու բացած՝ նորինը:
Բայց եւ այնպէս, Կաղանդի խորհուրդը ներկայ է բոլորիս լուսազարդ կամ անլոյս տուներէն ներս, եւ նոյնիսկ մտահոգութիւններով լեցուն մեր մտքի սակառներուն մէջ:
Նոր տարին եկած է ու կը թակէ աշխարհի մարդոց դռները ու անոնց մտքերուն ու հոգիներուն մէջ կը փորձէ ինքնածին դրական երազներ հիւսել:
Է՜հ, անցաւ հինը, որպէսզի գայ ուրիշը ու մենք արդէն սկսած ենք նոր յոյսեր ցանել անոր, տակաւին անծանօթ ճամբու երկայնքին։ Ու անկեղծօրէն կը հաւատանք որ տարօրինակ է այս աշխարհը, իր ամէն տեսակի ապշեցուցիչ տարօրինակութիւններով լեցուն: Անոր համար գրեթէ համայն աշխարհը, մտովի կամ բարձրաձայն, նստած կամ ծնկաչոք, կ’աղօթէ, կ’աղաչէ, կը մաղթէ, կը խնդրէ, որ այս նորը՝այս 2026-ը, իր նախկինէն աւելի տարբեր ըլլայ։ Ըլլա՛յ, լաւ ու բախտաւոր։ Շահաբեր եւ մանաւանդ խաղաղ ըլլայ, միաժամանակ իրականացնելով բազմազան իղձեր, երազանքներ ու փափաքներ։
Պէտք է նաեւ աւելցնել, որ ամանորը ժողովուրդներու համար երջանկութեան եւ բարօրութեան, առողջութեան եւ յաջողութեան ի խնդիր ձօնուած բիւրաւոր մաղթանքներու տօնական օր մըն ալ է։ Բոլորն ալ, ինքնածին, յոյսերով լեցուն իրենց ակնարկները երկարած են թէ՛ երկինք եւ թէ՛ այս «եկուոր»ին վրայ։
Իսկ գալով մեզի, մեր մօտ Կաղանդը, յստակ ու տարբեր նշանակութիւն ունի: Դարերէ ի վեր ունեցած է։ Ան, մեր ընտանեկան երջանկութեան եւ նոյնիսկ սրբութեան մաս կը կազմած է։ Այլ խօսքով, հաւաքական խրախճանք, եթէ կ’ուզէ՛ք, գեղեցիկ օրերու շարանի իր մաղթանքներով։ Յոյսը ապրեցնելու եւ իրագործելու պատեհ առիթ։ Ամէն լաւ «բաներու» ակնկալութիւն։
Ու այս բոլորը՝ հարուստ եւ մաքուր, մեր հիներէն մեզի ժառանգ ինկած, բարի եւ անմեղ կտակ մըն է։ Կտակ մը, որ ազգովին բոլորս ալ անոր ժառանգորդներն ենք, անխտիր։ Չխամրող զգայնութիւն։
Նորութիւն չէ: Կ’ապրինք սփիւռքի մէջ, եւ չենք գիտեր մինչեւ երբ: Մեր մաշումը յստակ է: Ժամանակները գերազանցապէս նիւթականացած են: Բոլոր արժեւորումներու հետ մեր չափանիշներն ալ փոխուած են: Տեսակաւոր հայեր դարձած ենք: Մէկը կը մեռնի իր ծնած տեղը, ուրիշ մը հայրենի հողին վրայ, եւ ան մէկն ալ՝ հայրենիքէն հեռու: Ցաւալի ու վշտալի է:
Այս բոլորը…որովհետեւ վարանում կայ մեր մտքերուն մէջ, եւ նոյնիսկ պարզ իրականութիւնը չտեսնողներ կան: Իսկապէս տխուր է այս իրականութիւնը: Միւս կողմէ, մեր օրերը մեզի ազգային գիտակցութեան կառչիլ կը թելադրեն: Արդեօք կը գիտակցի՞նք: Ահա անմեղ մաղթանք մը: Գիտակցիլ…
Ամէն տեղ եւ ամէն ատեն, յոյս կը մուրանք եւ հրաշք կը փնտռենք արդարութեան եւ խաղաղութեան կողքին: Արդէն տարիներէ ի վեր պատմական անարդարութեան դէմ կը խօսինք, կը պոռանք, ցոյցեր կը կազմակերպենք, կլոր ու տափակ սեղաններու շուրջ խորհրդածութիւններ կը կատարենք…բայց…
Կը կարծեմ որ նման «բաներու» շարքը բաւական երկար է: Արդ, այս բոլորէն ետք, ամանորեան այս գլխագիր մտահոգութիւններուս հետ, բոլորս ալ այս գալիք նոր տարուան ընթացքին վերանորոգուած հայութեան մը շարունակութիւնը կ’ուզենք տեսնել: Կը մաղթենք…կը ցանկանք…կ’երազենք…: Առաւել…կ’ուզենք ազգային գիտակցութեան հասունութեան կողքին, նաեւ կառչած մնալ հայրենի հողին, եւ ականջալուր ըլլալ անկէ մեզի հասնող լուռ ու խորունկ պատմութեան ձայներուն:
Բայց, ինչ որ ալ ըլլան մտածումներուս, ապրումներուս եւ անկնկալութիւններուս երկար կամ կարճ, դրական կամ բացասական սահմանները…
Բարի Ամանոր մաղթանքիս կողքին …
Նաեւ՝
Շնորհաւոր Նոր տարի… բոլորիս եւ բոլորիդ:

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button