Լրահոս
Արցախի Ներկայացուցչութեան Մէջ՝ Խորհրդարանական Լսումներ
ԵՐԵՒԱՆ.- Դեկտեմբեր 10-ին, Արցախի ներկայացուցչութեան մէջ տեղի ունեցան Սահմանադրութեան օրուան նուիրուած խորհրդարանական լսումներ:
Արցախի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Աշոտ Դանիէլեան յայտարարեց, որ այս լսումներով պայքարի նոր փուլ մը կը սկսին:
Լսումներու օրակարգին վրայ կային երկու հարցեր՝ վերադարձի իրաւունքը եւ գերիներու հարցը, յայտնեց Արցախի պատգամաւոր Գագիկ Բաղունց: Լսումներուն ներկայ եղան նաեւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու պատգամաւորներ ու արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ:
Թէեւ Հայաստանի իշխանութիւնը փակած է Արցախի հակամարտութեան էջը, սակայն, արցախցիներ վերահաստատեցին, որ Արցախ հաւաքական վերադարձի իրենց իրաւունքէն երբեք չեն հրաժարիր։

