ԵՐԵՒԱՆ․- Հայ Գերիներու Ազատ արձակումը Պահանջող Ցոյց՝ Մ․Ա․Կ․-ի Գասենեակին Առջեւ
ԵՐԵՒԱՆ․- Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրը՝ Դեկտեմբեր 10-ին, Մ․Ա․Կ․-ի գրասենեակին առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը, Հ․Յ․Դ․ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ։
Ցոյցի նպատակն էր միջազգային կառոյցներու ուշադրութիւնը հրաւիրել Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու ոտնահարուած իրաւունքներուն վրայ, պահանջելով, որ Մ․Ա․Կ․-ի պատասխանատուները գործուն քայլեր ձեռնարկեն հայ գերիներու ազատ արձակման եւ վերադարձի ուղղութեամբ։
Հ․Յ․Դ․ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Միրօ Սարգիսեան անգլերէնով ուղերձ մը հղեց Մ․Ա․Կ․-ին եւ միջազգային կառոյցներուն։

Հ․Յ․Դ․ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան «Վահան Յովհաննիսեան» ազգային-քաղաքական դպրոցի պատասխանատու Տարօն Ղազարեան յայտարարեց. «Աւելի քան երկու տարիէ ի վեր մեր հայրենակիցները Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինի կալանքի տակ կը մնան, եւ մենք կը պահանջենք Մ․Ա․Կ․-էն եւ միւս միջազգային կառոյցներէն՝ իրապէս հետամուտ ըլլալ մարդկային իրաւունքի կիրարկման եւ պատանդառուած մեր հայրենակիցներու շուտափոյթ ազատ արձակման։ Մենք հետեւողականօրէն կը շարունակենք հետապնդել այս հարցը, եւ սա մեր առաջին բողոքի ցոյցը չէ։ Մեր պահանջը միայն Մ․Ա․Կ․-ին ուղղուած չէ, այլ նաեւ բոլոր այն միջազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք ունին պատասխանատուութիւն։ Բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցչութիւններուն առջեւ եւ պիտի շարունակուին։ Անոնք այն կառոյցներն են, որոնք ունին պատասխանատուութիւն եւ ամէն առիթով կը խօսին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, հիմնարար ազատութիւններու մասին, ունին բազմաթիւ լծակներ, որոնցով կրնան ճնշում բանեցնել Պաքուի վրայ»։
Ցոյցի աւարտին երիտասարդները իրենց պահանջները ներկայացնող նամակ մը փոխանցեցին Մ․Ա․Կ․-ի գրասենեակի ներկայացուցիչին։

