Հրանդ Մաթէոսեանին Նուիրուած Գիտաժողով՝ Փարիզի Մէջ

ՓԱՐԻԶ․- 9 Դեկտեմբերին, հայ գրականութեան ծանօթ դէմքերէն՝ Հրանդ Մաթէոսեանի ծննդեան 90-ամեակին առիթով, Ֆրանսայի արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին (INALCO) մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը։
Բացման հանդիսութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Ֆրանսայի մէջ Հ․Հ․ դեսպան Արման Խաչատրեան, «Վալերի Պրիւսով» պետական համալսարանի տեսուչ Դաւիթ Գիւրճինեան եւ Ֆրանսայի արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկի փոխնախագահ Ասէն Սլիմ։
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ դեսպան Խաչատրեան շեշտը դրաւ Մաթէոսեանի ստեղծագործական ժառանգութեան համամարդկային արժէքին կարեւորութեան վրայ՝ ընդգծելով, որ գրողին լեզուամտածողութիւնն ու աշխարհընկալումը կը շարունակեն ներշնչման աղբիւր հանդիսանալ նոր սերունդներուն համար։ Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկին եւ գործընկեր կառոյցներուն՝ հայ գրականութիւնը արժեւորելու եւ միջազգային գիտակրթական հարթակներու վրայ ներկայացնելու կարեւոր նախաձեռնութեան համար։
Խօսք առին եւ զեկուցեցին Դաւիթ Գիւրճինեան, «Վալերի Պրիւսով» պետական համալսարանի ուսումնագիտական աշխատանքներու գծով փոխտեսուչ Տոնարա Ղազարեան, «Սորպոն Նուվել» համալսարանի վաստակաւոր դասախօս Ալեքսանտր Սթրոեւ եւ այլ մասնագէտներ։
«Հրանտ Մաթեւոսեանի աշխարհընկալումը․ խօսք, խոհ եւ պատկեր» խորագիրը կրող այս գիտաժողովի ծիրէն ներս, Դեկտեմբեր 10-ին տեղի ունեցաւ Հրանդ Մաթէոսեանի մասին պատրաստուած «Աշնան արեւ» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը։

