Թրքական Յերիւրանք` Մալոյեանի Նահատակութեան Շուրջ
"Տիարպեքիր Վիլայեթի Պատերազմներն Ու Քիւրտերու Դաժանութիւնները՝ Համաձայն Ականատես Վկաներու Տեղեկատուութեան"
Սօսէ Փիլաւճեան
Նշեալ խորագրին տակ յօրինուած յերիւրանքները` թուրքերու կողմէ` պատմութիւնը խեղաթիւրելու փորձ մըն է, որ ձեւով մը` պատասխանատուութենէն խուսափելու եւ իրենց գործած յանցագործութիւնները` այլոց վերագրելով չքմեղանալու միտուած թրքական քաղաքականութեան արտայայտութիւն է, որու ցայտուն ապացոյցը` կը գտնենք վերոյիշեալ գիրքէն առնուած հատուածին մէջ, ուր Մարտինի դաժանութիւնները քիւրտերուն վերագրելու միտուած դրուագը` ստորեւ կը ներկայացնենք թրքերէն բնագրէն` հայերէնի թարգմանութեամբ՚_
Կենսագործման որոշումը իրականացած։
Մարտինի մէջ՝ Լիազօր` (մութասարրիֆ) Պետրետտին, ոստիկանապետ` Մեմտուհ եւ Մարտինի հայոց կոտորածը։
Նահանգապետը քաջալերած էր Պոլսոյ կառավարութիւնը, որովհետեւ միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կուսակցութեան կեդրոնէն ուղարկուած զեկոյցը լիովին իրագործուած էր։ Իրենց «մեծ յաջողութիւններուն» համար որոշեցին Մարտին ուղարկել նամակագրիչ Պետրետտինին եւ ոստիկանապետ Մեմտուհին։ Պետրետտին նշանակուեցաւ մութասարրիֆ՝ փոխարինելով Հիլմիին, որովհետեւ Հիլմին խղճմտանքով մարդ էր եւ կոտորածի հրամանին հետեւելու պատրաստակամութիւն չէր ցուցաբերած, ուստի ան վտարուեցաւ Մուսուլ։ Մեմտուհը նշանակուեցաւ ոստիկանապետ։ Այս երկուքին տրուեցաւ լիակատար իրաւասութիւն եւ արտօնութիւն՝ Մարտինի հայերուն եւ Մարտինէն անցնող Տիարպեքիրի հայոց գաղթի շարասիւներուն զանգուածային բնաջնջումը իրականացնելու։
Պետրետտին եւ Մեմտուհ, առանց մեծ ջանքի, Մարտինի մէջ գործող միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կուսակցութեան կոմիտէի եւ անոնց կողմնակիցներու օգնութեամբ, սատանայական ծրագիր մը կազմեցին։
Ըստ անոր՝ Տարայի եւ Ռաս ուլ-Այնի շրջանի` հին Հռոմէական ժամանակներէն մնացած` դատարկ եւ պատրաստ փոսերը, ստորգետնեայ անցքերը եւ զնտանները պէտք է դառնային Տիարպեքիրի, Մարտինի եւ շրջակայքէն անցնող հայոց գաղթի շարասիւներու գերեզմաններ։
Մարտինի կոտորածներուն հետ կապուած Պետրետտին մութասարրիֆի եւ Մեմտուհ ոստիկանապետի կողքին հետեւեալները ունին գլխաւոր պատասխանատուութիւն` Ապտուլրահման Քաւուաս, քաղաքապետ Հըտըր Չելեպի, Ապտուլրազզաք Շահթանա, Մոհամետ Կապուշօ, Ապտուլլա Հըտըր, հարկային բաժնի պետ Նեճիպ էֆենտի եւ փոխադրումներու պաշտօնեայ Ապտուլքէրիմ էֆենտի… այս մարդակերները իրականացուցած են սատանայական ծրագրեր։
Այս բոլորին քով կային գեղեցիկ կիներ եւ աղջիկներ, որոնք կը սպասէին փրկութեան իրենց օրը։
Աւելի քան 2000 հայ կաթողիկէ եւ մօտ 100 հայ բողոքական ընտանիքներ միայն Մարտին քաղաքին մէջ կոտորուեցան։ Ամէնէն դաժան վայրագութիւնները կատարուեցան քաղաքին հոգեւորականներուն դէմ։ Հայ կաթողիկէ առաջնորդ` Արք. Մալոյեան, հայր՝ Յովհաննէս Պոտուրեան, Տէր Մկրտիչ Գալեանցեան եւ ամբողջ հոգեւոր դասը, ինչպէս նաեւ բողոքական վեր. Սելիմ Ճերճիս՝ սպաննուեցան։ Նոյն բռնութիւնները գործադրուեցան ամբողջ Մարտին նահանգին մէջ բնակող հայերուն։
Ամերիկացի միսիոնարներէն՝ Դոկտ. Թոմ, պարոն Անտրուս, եւ օրիորդ Ֆենանճա, որոնք օգնութիւն կը ցուցաբերէին հալածուող հայ գաղթականներուն, 1915-ի Օգոստոսին, Պետրետտինին կողմէ վտարուեցան։ Միսիոնարներուն քով պահուած էր 7,000 ոսկի, որպէսզի ուղարկուէր Ամերիկայի մէջ գտնուող հայերու հարազատներուն։
Պետրետտին առաւ այդ ամբողջ գումարը եւ միսիոնարները աքսորեց 1915 Օգոստոս 3-ին։ Դոկտ. Թօմ՝ տակաւին Սեբաստիա չհասած, մահացաւ՝ չկարենալով դիմանալ հայերու դէմ իրականացուող վայրագութիւններուն։ Պարոն Անտրուս, եւ օրիորդ Ֆենանճա հասան Ամերիկա։
Ամբողջ Մարտինի մէջ մնացած էր միայն 200 հայ ընտանիք։

