«Մեծ Խաղ» Հարաւային Կովկասի Մէջ – Ինչպէ՞ս Ներքին Եւ Արտաքին Գործօնները Կը Խթանեն Տարածաշրջանի Լարուածութիւնը
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
27 Յունուար 2025
Շար 1/2
haroutchekijian.wordpress.com
Այժմ Թիֆլիս հաստատուած գերմանական Քոնրատ Ատենաուըր Հիմնադրամի շրջանային ղեկավար, Շթեֆան Մալերիուս Stephan Malerius, որ քանիցս Հայաստան այցելած է, 16 Դեկտեմբեր 2024-ին, վերոնշեալ խորագիրով հակառուս միտումով, որ ընդհանրապէս չեմ բաժներ, յօդուած մը հրապարակեց իրենց քաղաքական քառամսեայ տպագիր եւ առցանց հրատարակութեան մէջ (1): Ստորեւ երկու մասով անգլերէնէ կ՚ամփոփեմ յօդուածը, իմ կողմէս ճշդումներ աւելցնելով՝ շեղագիր*.
«Ուքրայինայի եւ Միջին Արեւելքի պատերազմները անմիջականօրէն չեն ազդած այլ տարածաշրջաններու վրայ, որքան՝ Հարաւային Կովկասի: Կարծես անոնք՝ Հայաստանը, Ատրպէյճանն ու Վրաստանը մխրճած են մշտական ճգնաժամային վիճակի մէջ, երբ տարիներ շարունակ «լճացած կայունութիւնը» արդէն ցնցուած էր 2020-ի Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմէն ետք։ Այդ ժամանակէն ի վեր Հարաւային Կովկասը կը գտնուի անհանդարտ վիճակի մէջ։ Պատճառները բարդ են, խաղացողներուն համայնապատկերը շփոթեցնող է, իսկ կանխատեսումներ ընելը կախարդական միջոցներ կը պահանջեն:
![](https://i0.wp.com/hairenikweekly.com/wp-content/uploads/2025/01/28-%D5%85%D5%B8%D6%82%D5%AC%D5%AB%D5%BD-2023-%D5%AB%D5%B6-%D5%BA%D5%A1%D5%B7%D5%A1%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A1%D5%AE-%D4%B1%D6%80%D6%81%D5%A1%D5%AD.jpg?resize=708%2C396&ssl=1)
![](https://i0.wp.com/hairenikweekly.com/wp-content/uploads/2025/01/28-%D5%8D%D5%A5%D5%BA%D5%BF%D5%A5%D5%B4%D5%A2%D5%A5%D6%80-2023-%D4%BC%D5%AB%D5%A2%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%B6%D5%AB-%D5%B4%D5%A7%D5%BB-%D6%81%D5%B8%D5%B5%D6%81.jpg?resize=708%2C385&ssl=1)
- «Սառեցուածէն՝ կիզիչ – Չլուծուած հակամարտութիւններ Հարաւային Կովկասի մէջ:
«2020-ի ամռան Եւրոյանձնաժողովը սկսաւ «Եւրոմիութիւն երկխօսութեան համար» EU 4Dialogue յաւակնոտ ծրագիրը: Ան կ՚անդրադառնար Մոլտովայի Թրանսնիստրիա տարածաշրջանի չլուծուած հակամարտութեան, սակայն բոլորէն առաջ, նուիրուած էր Հարաւային Կովկասին: Այնտեղ տարածքային հակամարտութիւնները գրեթէ 30 տարի սառեցուած կը համարուէին, իսկ միջազգային բանակցային միջոցները գործնապէս ձախողած։ Վրաստանի երկու շրջաններ՝ Աբխազիան եւ Հարաւային Օսէթիան, իրողապէս գրաւուած են Ռուսիոյ կողմէ։ Ատրպէյճանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի միջերկիրը, որ բնակեցուած էր գրեթէ բացառապէս հայերով, միաժամանակ միջազգայնօրէն ճանչցուած էր իբրեւ Ատրպէյճանի մաս*։
*Լեռնային Ղարաբաղը երբե՛ք Ատրպէյճանի մաս կազմած չէ, որ ճանչցուի: Փաստօրէն՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, որ երեք մեծ պետութիւններէ կազմուած էր, ինչո՞ւ միջնորդութիւն կ՚ընէր, եթէ արդէն այդպէս ճանչցած էին: Երկրորդ՝ Աբխազիան եւ Հարաւային Օսէթիան այժմ մասամբ ճանչցուած անկախ հանրապետութիւններ են*:
«Եւրոմիութեան երկխօսութեան նպատակն էր օգնել վերափոխել այս հակամարտութիւնները, նուազեցնել լարուածութիւնը եւ նպաստել տարբեր մարդոց միջեւ տագնապին աւելի լաւ հասկացողութեան: Ո՛չ մէկը Պրիւքսէլի մէջ մտածած էր, որ երեք ամիս ետք, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը պիտի որոշէր յարձակիլ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն վրայ: Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմը, 2020-ի աշնան, տեւեց 44 օր, խլեց շուրջ 7000 զոհ եւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէկ երրորդը գրաւուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ։ Այդ 21-րդ դարու անօդաչու սարքերու առաջին պատերազմներէն մէկն էր, որ յետադարձ ակնարկով, կարծես թէ ծրագիր մըն էր, որուն ականատեսն է աշխարհը շատ աւելի մեծ համեմատութեամբ՝ Ռուսիոյ եւ Ուքրայինակի միջեւ պատերազմին:
«Ռուսիոյ նախաձեռնած 9 Նոյեմբեր 2020-ի, Լեռնային Ղարաբաղի զինադադարը, իրականութեան մէջ երբե՛ք չգործադրուեցաւ։ 12 Սեպտեմբեր 2022-ին Ատրպէյճանը յարձակեցաւ Հայաստանի տարածքին վրայ (եւ գրաւեց շուրջ 200 քառ. քմ. հող*): Երեք օրուան մէջ երկուստեք աւելի քան 300 զինուոր մահացաւ: Ապա Դեկտեմբեր 2022-ին սկսաւ ամիսներ տեւող (տասը ամիս*) Ղարաբաղի չգրաւուած տարածքներուն պաշարումը եւ 19 Սեպտեմբեր 2023-ին միօրեայ լայնածաւալ յարձակումով գրաւեց Ղարաբաղը: Աւելի քան 100 հազար հայեր Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան տեղահանուեցան, որ զարմանալիօրէն, ներքին քաղաքական տեւական ապակայունացում չպատճառեց*»:
*Ահաւասիկ օտարն ալ կը զարմանայ Հայաստանի ժողովուրդի զանգուածին քաղաքական եւ հասարակական իրաւունքի տգիտութեան ու Արցախի գրաւումին, տեղահանութեան եւ ցեղասպանութեան հանդէպ ահաւո՛ր անտարբերութեան*:
«2020-ին սկսած Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը ցոյց կու տան երեք բան: Առաջին՝ ենթադրաբար սառեցուած կամ չլուծուած հակամարտութիւնները կրնան արագօրէն հալիլ եւ վերածուիլ տաք պատերազմներու՝ աննախատեսելի հետեւանքներով: Երկրորդ՝ բռնատէրերը ո՛չ մէկ յարգանք ունին միջազգային իրաւունքին, կամ կարգաւորող հաստատութիւններուն: Բռնութիւնը կամ պատերազմը կը համարեն ընդհարումի լուծման արդիւնաւէտ միջոց: Սա կը յարմարի Իլհամ Ալիեւին եւ Վլատիմիր Փութինին, մինչեւ 2020 եւ յատկապէս անկէ ետք։
«Երրորդ՝ Հարաւային Կովկասի հակամարտութիւնները կը ներկայացնեն միջազգային հանրութեան համապարփակ քաղաքական եւ դիւանագիտական ձախողութիւնը՝ թէ՛ առանձին կողմերուն, կամ պետութիւններուն, թէ՛ ալ միջազգային կազմակերպութիւններուն, ինչպիսին է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ), կամ ՄԱԿ-ը: Հաշուի առնելով, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը, որ հիմնուած էր 1992-ին՝ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի գլխաւորութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորելու նպատակով, գրեթէ 30 տարուան ընթացքին չկրցաւ որեւէ արդիւնքի հասնիլ եւ Ատրպէյճանը որոշեց հարցը լուծել ռազմական ուժով։ Ալիեւի բռնի գործողութիւններուն դէմ միջազգային վճռական արձագանքներու փաստացի բացակայութեանն ալ, իր կարգին, ուշադիր կը հետեւէր Քրեմլինը, որ կրնայ ըլլալ մէկուկէս տարի ետք, ոգեւորեց Փութինի գործողութիւնները Ուքրանիոյ մէջ:
- «Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Ռուսիան կործանարար դեր խաղցած է տարածաշրջանի գրեթէ բոլոր պատերազմներուն եւ ճգնաժամերուն մէջ:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տիրող կացութիւնը կը շարունակէ մնալ անկայուն, հակառակ Ատրպէյճանի կողմէ Ղարաբաղի ամբողջական գրաւումին ու հայերու տեղահանութեան: Հայաստանի մէջ մտավախութիւն կայ, որ Ատրպէյճանը յենելով իր ռազմական գերակայութեան, նոր զիջումներ պարտադրէ, ինչպիսին է դէպի Նախիջեւան հայկական տարածքով ազատ մուտքը: Ալիեւի թշնամական հռետորաբանութիւնը կը պատճառէ այս մտավախութիւնները։ Հայաստանը, որ նախապէս միակողմանի եւ գրեթէ բացառապէս կախեալ էր Ռուսիայէն, կը փորձէ նուազեցնել Ատրպէյճանի բաղդատած իր ռազմական անհաւասարակշռութիւնը՝ այլակերպելով իր զէնքի գնումները, յատկապէս Հնդկաստանէն եւ Ֆրանսայէն: Իր հերթին, մեծ կասկած յառաջացնելով Պաքուի մէջ՝ «լուրջ սպառնալիքի պարագային կարծր միջոցներով կը պատասխանենք» յայտարարութեամբ։
«Հետեւա՞նք՝ Հարաւային Կովկասի մէջ սպառազինութիւններու նոր մրցավազք սկսած է երկու երկիրներուն միջեւ, որոնք արդէն աշխարհի ամենէն ռազմականացուած երկիրներէն են: Միեւնոյն ժամանակ, Պաքուն եւ Երեւանը ամիսներ շարունակ կը փորձեն բանակցիլ խաղաղութեան պայմանագիրի մը շուրջ՝ վերջին շրջանին որոշ յառաջընթաց ունենալով այնպիսի հարցերու, ինչպիսիք են տարածքներու փոխանակումը* եւ սահմանագծումը»:
* Որեւէ փոխանակում տեղի չունեցաւ, այլ մի՛այն Հայաստանի կողմէ միակողմանի յանձնում:
«Սակայն այս չի նշանակեր, որ շուտով համաձայնութիւն պիտի ստորագրուի: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բանակցութիւնները ելեւէջի մէջ են, հաւանաբար Ռուսիոյ ժխտական դերակատարութեամբ: Կը թուի, որ Ալիեւը Մոսկուայի կողմէ կը դրդուի չստորագրել, կամ՝ կարելի եղածին չափ ուշացնել համաձայնութիւնը: Նոյնիսկ ենթադրութիւններ կան, որ Ռուսիան կը փորձէ ճնշում բանեցնել Ատրպէյճանի վրայ Հայաստանի դէմ հետագայ ռազմական գործողութիւններու, որպէսզի Մոսկուան եւ Պաքուն վերահսկեն հարաւային Հայաստանի փոխադրութեան ուղիներուն վրայ՝ միաժամանակ տկարացնելով Հայաստանի իշխանութիւնը, որպէսզի Ռուսիան Հայաստանի մէջ վերականգնէ իր աւելի մեծ քաղաքական ազդեցութիւնը: Մոսկուան Հայաստանէն իր դժգոհութիւնը չծածկեր, որ այլ գործընկերներու կը մօտենայ, եւ բացայայտ կերպով Երեւանի իշխանութեան բազմիցս կը սպառնայ ուքրանական դիպաշարով»*։
*Հեղինակը Ռուսիոյ սպառնալիքներուն մասին որեւէ փաստ չներկայացներ, այլ մի՛այն ենթադրութիւններ*
«Այժմ, Հայաստանն ու Ատրպէյճանը գաղտնի բանակցութիւններ կը վարեն, որ կը նպաստէ գործին։ Եթէ նոյնիսկ մօտ ապագային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւն գոյանայ, տակաւին չերաշխաւորեր կայուն խաղաղութիւն։ Սակայն, եթէ համաձայնագիրը համապարփակ ըլլայ, կրնայ միջնորդի մը օգնութեամբ, որ պէտք չէ Ռուսիան ըլլայ, կարեւոր հիմք կը ծառայէ քաղաքական, տնտեսական եւ անձնական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ զգոյշ վստահութեան հաստատման։
- ««Խանգարողը»
«Վրաստանի հակամարտութիւնները բարդ չեն թուիր, քան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ անկանխատեսելի վիճակը։ Սակայն անոնք ունին մէկ կաղապար, որ կը բնութագրէ Հարաւային Կովկասը 1990-ականներու սկզբէն: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Ռուսիան կործանարար դեր խաղացած է տարածաշրջանի գրեթէ բոլոր պատերազմներուն եւ ճգնաժամերուն՝ բացայայտ կամ անուղղակի կերպով: Վրաստանի մէջ հակամարտութիւնը սկսաւ 1992-1993-ի Վրաստան-Աբխազիա* պատերազմին եւ անոր յաջորդած քաղաքացիական պատերազմին՝ երկրին այլ շրջաններուն մէջ: Ռուսիան 30 տարի համակարգուած կերպով զինած է երկու կողմերը եւ աշխուժութեամբ խանգարած է հաւանական համաձայնութիւն մը Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան։ Այն տրամաբանութեամբ, որ եթէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հաշտուին, կամ Վրաստանը վերահսկողութիւն ստանայ իր տարածքին վրայ, Ռուսիան կը կորսնցնէ տարածաշրջանի իր «ազդեցութեան լծակը»»։
* Ռուսիոյ սահմանակից Աբխազիան յար եւ նման Լեռնային Ղարաբաղին՝ «ինքնավար մարզ» էր եւ արդէն Վրաստանի մաս չէր կազմեր, Ռուսիոյ օգնութեամբ անկախ պետութիւն դարձաւ: Երանի թէ Ղարաբաղն ալ Ռուսիոյ սահմանակից ըլլար*:
«Վրաստանը ներքին քաղաքական ճգնաժամի մէջ է՝ «Օտարերկրեայ գործակալի օրէնքին» եւ հոկտեմբերի խորհրդարանական ընտրութիւններուն պատճառով։ Կառավարութեան կողմէ ընտրութիւններուն կեղծումը* կ՚ենթադրէ Ռուսիոյ թափանցումը պետական հիմնական մարմիններ, որ հանգեցուց այն վարկածին, որ Արեւմուտքը կը փորձէ Վրաստանը ներքաշել Ռուսիոյ հետ պատերազմի: Այս դիպաշարը օգտագործուած է կառավարութեան կողմէ՝ Ռուսիոյ Ուքրայինա ներխուժումէն ետք երկրին մէջ զգացումները հրահրելու համար:
«Ընտրութիւններուն արդիւնքը հաւաստի չէ* եւ վրացիներուն կամքը չարտացոլացներ*։ Սակաւապետի մը միջոցով ռուսական ազդեցութիւնը պատճառած է անկախութենէն ի վեր ծանրագոյն ներքին քաղաքական ճգնաժամերէն մէկուն։ Հարաւային Կովկասը նաեւ հաւանական երկարաժամկէտ ճգնաժամեր կ՚ապրի՝ ճնշիչ մենատիրական, եւ միւս կողմէ՝ ազատ-ժողովրդավար պետութիւններու համակարգային մրցակցութեամբ:
* Քանի որ Վրաստանը կը վերադառնայ ազգայնական, ընդդէմ ապազգային Արեւմուտքի, հակա Սորոս ուղիին, ընտրութիւններուն արդիւնքը կը զայրացնէ Արեւմուտքը, եւ կը քաջալերէ Վրաստանի բողոքի ցոյցերը: Իսկ նոյն ժամանակ, Հայաստանի մէջ հակա իշխանութիւն ցոյցերը եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումն ու ոստիկանական բիրտ վարմունքը բոլորովին կ՚անտեսուին:
«Յստակ նպատակը Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական հանգոյցի ստեղծումն է, որ համակողմանիօրէն պիտի ենթարկուի Ռուսիոյ, Իրանի եւ Չինաստանի՝ անկարելի դարձնելով Արեւմուտքի կողմէ ապրանքներու տեղաշարժին հետեւիլը կամ արգիլելը*: Սա յատկապէս կարեւոր է ռազմական բեռներու փոխադրութեան, որ 2022-էն Կասպից ծովու վրայով Ռուսիան իրանական անօդաչու թռչող սարքեր ստացաւ*։
* Արեւմուտքը ի՞նչ գործ ունի Կասպից ծովուն մէջ, կամ վերեւ արգիլելու դրացիներու միջեւ առեւտուրը: Այսինքն, ըստ հեղինակին, բոլոր աշխարհը պէտք է ենթարկուի Ամերիկեան ապօրինի եւ միակողմանի պատժամիջոցներո՞ւն: Միթէ Ռուսիա՞ն է որ կը «խանգարէ» արեւմուտքին ազդեցութիւնը իր դրացի երկիրներուն մէջ, թէ՞ արեւմուտքը կը միջամտէ իր հողամասերէն հեռու երկիրներուն մէջ, պարզապէս վնաս հասցնելու Ռուսիոյ եւ ո՛չ թէ օգտակար դառնալու այդ երկիրներուն, ինչպիսին է Հայաստանն ու Վրաստանը:
* Լուսաբանութիւնները, ընդգծումներն ու լուսանկարները հեղինակին: