ԳլխաւորՅօդուածներ

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ  ԽԼԱՑՆՈՂ ԱՂՄՈՒԿԻՆ ՄԷՋ Ի՞ՆՉ ԼՍԵԼ,  Ի՞ՆՉ ԸՍԵԼ ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ

Յ. Պալեան

            Ազգային համարուած  քաղաքական բազում զիրար հակասող կարծիքներ կան, որոնց բեմ են լրատուամիջոցները. տպագիր, ձայնասփիւռ,  համացանց: Խառնակի վկայութիւն: Անոնք հանրութիւնը չեն լուսաբաներ, զայն շուարումի կը մատնեն, կիրքեր կը հրահրեն, ճամբացոյց չեն, քանի որ բազմաթիւ են եւ զիրար կը հակասեն: Ինչպէ՞ս ընտրութիւն կատարել, ցորենը զատել որոմէն: Այդ ընող աստուածատուր շնորհով (՞) օժտուածներ կան բոլոր զուգահեռականներու եւ միջօրէականներու տակ սփռուած հայ կեանքի մէջ:

            Բազմակարծութիւնը ժողովրդավարական ըմբռնում է, իրարու բախուող տակառներու աղմուկ չէ, որ անկարելի կը դարձնէ ճիշդը սխալէն ջոկել, կ’ամլացնէ դատողութիւնը : Քննադատութիւնը յաճախ վատաբանութիւն է, անոր հաւատացող եւ անով զուարճացող   միշտ կայ: Կը յանգինք  ներազգային մնայուն պառակտումի:

            Կը հաւատայինք, որ Ցեղասպանութիւնը եւ Հայրենահանումը մեր անցեալի եւ ներկայի միտքերու եւ դիրքորոշումներու առանցքին կը գտնուէին, այլազան կարծիքներ չկային անոնց եղած եւ չեղած ըլլալու մասին,  անոնք անվիճելի  ազգային միշտ տեւող աղէտ էին: Կ’ուրանան եւ կը մոռնան անոնք որոնք ազգի ըմբռնում   եւ յիշողութիւն չունին, աքսորի ճամբաներուն վրայ անշիրիմ մնացած  մեծ հայր եւ մեծ մայր չեն ունեցած  անհիւրընկալ քաղաքի մը մէջ, մանուկ տարիքին,  կորսուած եւ գտնուած, հիմա յիշատակ դարձած մայր չեն ունեցած: Լսուած եւ որպէս կտակ ստացուած հոգեխոցեր՝« trauma»՝ չունին:

            Հայը Հայրենիքի կորուստի  ցաւը կը զգայ, երբ խօսուի ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման մասին, կը հասկնայ որ այդ ի՛ր պատմութիւնն է, երբ կ’ըսուի, կը լսէ, որ վանեցի, սասունցի, մշեցի, սսեցի, տիգրանակերտցի է, կրկնելով անունները Հայաստանի անթիւ քաղաքներուն եւ գիւղերուն, ուր եղած են բնիկ նախնիներ, որոնք ունեցած են տուն, արտ, եկեղեցի եւ գերեզմաններ:

            Այս ինքնութեան տարրերը երբ կը փոխարինուին նիւթապաշտութեամբ եւ դիրքապաշտութեամբ, հայը սպառողական քաղաքակրթութեան գերի կը դառնայ, նախահայրերու յիշատակ, կտակ, ինքնութիւն եւ իրաւունք կը ջնջուին, կը մնան արտադրող եւ սպառող անսկիզբ եւ անհասցէ արարածներ: Հայը յաճախ կրկնած է «ուր հաց հոն կաց»ի ապազգային «փուճ իմաստութիւն»ը, աւելի խելօքներ այդ սահմանած են որպէս «համաշխարհային ազգ»ի վիճակ, չեն ըսած վաչկատունի, որ հոն ուր իր վրանը զարնէ, այդ վայրը հայրենիք կը համարէ:

            Եթէ պատահի,  որ որպէս զբօսաշրջիկ կամ ուխտաւոր  գտնուինք  այն Աշխարհին մէջ, զոր կը կոչենք Պատմական  Հայաստան, Անիի արեւէն տաքցած պարիսպին կռթնինք, կը զգանք եւ կը հակնանք ԶՐԿԱՆՔը: Այդ պարիսպը սոսկ քար չէ, ան ազգի դարաւոր բարձրագոչ   հետք է:  Եթէ տեսնենք մեծ հայրերու տուները եւ պարտէզները, եւ մտածենք, որ անոնց տէրերը ՄԵՆՔ պիտի ըլլայինք, զաւակներ եւ թոռներ, հիմա միայն կրնանք տեսնել եւ նկարել, դիտել եւ պատմութիւն լսել, կը հասկնանք թէ ի՞նչ են հայրենահանում եւ ցեղասպանութիւն:  Եթէ վատսերած չենք, կրնա՞նք մոռնալ եւ ուրանալ, որ ըլլալով հանդերձ պարտուած, եւ խեղճացած, միշտ ժառանգներ ենք… Ինչպէ՞ս չտեսնել եւ չհասկնալ, որ ներխուժողներ տիրացած են մեր նախահայրերու հողին, կառուցած եկեղեցիներուն, եւ ընդունիլ բռնագրաւումները որպէս վերջնական կատարուած իրողութիւն, այդ համարել խաղաղութիւն, չմտածել եւ չըսել, որ այդ բիրտ  ուժի խաղաղեցում է:

            Ո՞վ կառուցած է Աղթամարի Ս. Խաչ տաճարը, այսօր ո՞վ է անոր տէրը: Ինչպէ՞ս հայը կրնայ հաշտուիլ իր իրաւունքի օտարումին հետ եւ այդ անդառնալի համարել:

            Սփիւռքի գունաթափման աւազաններուն մէջ կ’ապրին ցեղասպանուածներու եւ հայրեհանուածներու զաւակները, թոռները, ծոռները, սերունդներ, ոմանք դեռ կ’ուզեն  յիշել, կ’անդրադառնան, որ հոգեբարոյական որբեր եւ տնանկներ են: Հանրապետութեան մէջ ալ,  այդ յիշողութիւնը վառ պահող հայրենահանուածներու ժառանգներ կան: Իրենց փարիայի կացութեան անդրադարձողներ: Ամենուրեք կան մոռցողներ, որոնք ճզմուած են եւ կը հարթուին սպառողական ընկերութեան օտարող   երկանաքարին տակ, հետապնդելով լաւ ապրելու իրաւունք, որմէ անդին այլ իրաւունք «կաղանդ պապա»յի հեքիաթ է: Պատահա՞ծ է, որ Հայաստանի մէջ հանդիպիք մշեցիի, սասունցիի, վանեցիի ժառանգներու… Անոնք կը յիշեն, շարունակութեան երաշխաւոր են, ժողովուրդ են, արմատներէն չեն խզուած: Մենք մեզի մխիթարական պարգեւ կու տանք ասդին անդին եկեղեցի եւ տուն կառուցելով, երբ մեր նախնիներու եկեղեցիներուն եւ տուներուն տէր չենք, հաշտուած ենք տէր չըլլալու կացութեան հետ:  Եւ քանի որ համաշխարհային ազգ ենք, կը բազմապատկենք եկեղեցիները, որոնց ապագան Մատրասի տեղացի բնիկ պահակով ներկայացող ի միջի այլոց շինութիւն մը ըլլալ կը յուշէ, բախտաւոր պարագային՝  «տուրիստ»ական հասցէ:  Իր հողին եւ  ունեցածին տէր ըլլալ եւ մնալ գիտակից մարդու արժանիք է: Առաւել եւս՝ ազգի անդամի:

            Մոռացում-հրաժարումը, որ ինքնադրժում է: Չըլլալ ընդունիլ:

            Վաղը ինչպիսի՞ եւ ին՞չ ինքնութեամբ պիտի ապրինք:

            Պատմութիւնը քաղաքական կամայականութեամբ չի գրուիր: Անոր սկիզբը այսօր չէ: Ան մանկական հէքիաթ չէ,  իմաստաւորուած է եւ ինքնութիւն դարբնած է մաքառումներով, միտքի նուաճումներով, որոնցմով ՀԱՅը յայտնուած է որպէս ինքնուրոյնութիւն, իր դարեր բնակած աշխարհագրական տարածքը ո՛չ միայն սեփականացուցած է, այլ զայն դարձուցած է շարունակութիւն ըլլալու քուրա, ուր, կամրջուած են  նախահայրեր եւ յետնորդներ, եղած են ազգ:

            Ո՛չ միայն  թուրքը եւ ազերին հայ քաղաքական միտքը կ’ենթարկեն ուղեղալուացքի, այլ նաեւ հայ վայ-ղեկավարներ, թուղթ եւ համացանց սեւցնող վայ-հայեր, սրսկելով այն միտքը, որ Հայաստանը այն է միայն որ կայ, որ ան պետութիւնն է որ կայ, Արեւմտեան Հայաստանը Հանրապետութեան արեւմտեան մասն է, չկայ այլ Արեւմտահայաստան:Այսինքն, անցեալ, ինքնութիւն, իրաւունք, նախնիներու կտակ ազգի օրակարգ չեն: Վաղը, հետեւելով Ազրպէյճանի պահանջին,  կը գծուին նաեւ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»ի սահմանը եւ քարտէսը, առաջնորդուելով այն միտքով, որ Հայասատանը Հանրապետութիւնն է որ կայ: Եւ վերջ, օր մըն ալ հաշտուելու համար անոր Վանի, Մուշի, Սասունի եւ Արցախի վիճակին մատնուելու գաղափարին հետ: Եւ կը հասնինք երազային խաղաղութեան, փոխան երազային Հայաստանի: Այս հայու ինքնաստրկացման  քաղաքականութիւն է:

            Մեղանչում ջէ հարց տալ, թէ ի՞նչ պիտի մնայ Մատենադարանի մէջ սեւով ճերմակի վրայ դեռ ինքզինք յիշեցնող հայութենէն:

            Յիշեցի Շաւարշ Նարդունին, որ իմաստութեամբ կրկնած է, որ ԿԱՏՈՒԻՆ ԿԱՏՈՒ ՊԷՏՔ Է ԸՍԵԼ : Այս ըսելու քաջութիւնը այսօ՛ր պէտք է ունենալ: Վաղը  ըսող եւ լսող պիտի չըլլան:

            Միտք մը երբ անդադար կրկնուի, համոզում կը դառնայ: Եթէ կայ, եւ ընդունինք որ կայ Արեւմտեան Ազրպէյճան, ուրեմն ան ունի տարածք  եւ սահման եւ պէտք է գտնուի Ազրպէյճանի մէջ, որպէսզի դրացի երկիրներու միջեւ ցանկացուած խաղաղութիւնը հաստատուի: Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը դեռ չըսաւ թէ, ո՞ւր կը տեսնէ այդ տարածքը, որ պիտի պահանջուի, կամ արդէն պահանջուած է: Եւ ըլլայ սահմանագծում, որուն վարժութիւնը ունինք:

            Հայ քաղաքական  միտքը պէտք է յստակացնէ թէ, հայկական պետութեան եւ հայ ժողովուրդին համար ի՞նչ կը նշանակէ ՀԱՅԱՍՏԱՆ: Ներկայի պահանջներու, զիջումներու եւ պարտութեան ստեղծած անորոշութեան մէջ, Հայկական Պետութիւնը եւ համայն հայութեան քաղաքական միտքը պէտք է գիտնան,  թէ իրապէս ի՞նչ են Հայրենիք, Հայաստան եւ Պետութիւն ըմբռնումները: Ի՞նչ իմաստ կ’ունենան անոնք, երբ կը դիտուին եւ կը սահմանուին պատմութիւն եւ ինքնութիւն անգիտանալով, երբ դեռ  ժողովուրդ մը կայ, որ  ինքզինք միշտ ՀԱՅ ԱԶԳ համարէ:

            Պետութիւնը վարչական ըմբռնում  է, Հայրենիքը ՀԱՅՐԵՐՈՒ կեանքի տարածք եւ յիշողութիւն, այսինքն՝ ինքնութեան քուրա, առանց որուն ԱԶԳ Չ’ԸԼԼԱՐ , ԱԶԳԵՐ ՉԵՆ ԸԼԼԱՐ:

            Այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք իրողութեան մը. մոլորակի վրայ, մարդու չարութիւններէն խուսափած հայու հայրենիքի բեկոր մը կայ, որ հայրենիք է, անոր պաշտպանութիւնը եւ տիրութիւնը վերջակէտ չեն նախահայրերու հայրենիքը եւ անոր յիշողութիւնը ջնջելու համար: Այս ընել մարդու արժանաւորութենէ հրաժարում է, ըլլալ հոգեմտաւոր ստրուկ: Եթէ չենք մոռցած՝ կ’ըսէին՝ ֆլայ, տիմմի:

          Հայրենիքը առեւտուրի ապրանք     չէ, ուրիշ բանով չի փոխարինուիր, ան ինքնութիւն տուող արժէք է: Տեսակէտ պաշտպանելէ առաջ, այս հարցերու մասին պէտք է մտածել, չգինովնալ բարձրագոչ բանավէճի աղմուկով:

            Անմիջականի զսպաշապիկը հանելով, ինչո՞ւ ներկան գերանցող ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԵԱՑՔ չունինք: Պատմութիւնը կը վկայէ, որ փառասիրութիւններու կայսրութիւնները  փուլ եկած են, անոնք Հռոմէական, Լէնկթիմուրեան, Սասանեան, Օսմանեան, Սովետական կամ այլ անուններով էին:             Ժողովուրդներ միշտ պայքարած են լուծ թօթափելու համար:

            Իրաւազրկուած հայ ժողովուրդը այս ըմբռնելով, պատրաստ  պէտք է ըլլայ, որպէսզի բացակայ չըլլայ երբ պատմութեան օղակ փոխելու ժամը հասնի: Այս միտքով առաջնորդուող մտաւորականութեան եւ ղեկավարութեան կարիք ունի ազգը այսօ՛ր,  անոնք պէտք է ընեն այնպէս, որ ուժերու նոր դասաւորումներու  պահուն, որիշներ, ըստ իրենց շահերուն չվճռեն հայուն եւ անոր հայրենիքի ինչպէս լինել-չլինելը:

            Պիտի չյաջողինք տոկալ եւ տեւել  իրարու դէմ նիզակ ճօճելով, թուղթէ եւ եթերի կապարճներու զինանոցի առթած գինովութեամբ: Պիտի յաջողինք, եթէ միացնենք մեր կոտորակուող եւ տարտղնուող նոյնիսկ քիչ ուժերը, առանց տուրք տալու աւեր գործած եւ գործող «ԵՍ-ԵՍ»երու: Կրկին յիշել բանաստեղծի «ԵՍ-ԵՍը» նշդրակող խօսքը. «Մենք թագ ու գահ չենք ունեցել եւ սպայ է ամէն մի հայ»…  Բանաստեղծը՝ Գէորգ Էմին…

            Թուղթէ կապարճով զինուած  սուր ճօճողներու ցանկը կազմող պիտի ըլլա՞յ… Եթէ ամէն մի հայ սպայ է, ո՞վ կայ բանակին մէջ, որ ներկայութիւն կը պահանջէ, ո՛չ կարծիքներու հանում-գումարումով բառերու հրավառութիւն:

            Ֆրանսական պարբերականի մը ընկերային հարցեր վերլուծող յօդուածին մէջ կար ԺԹ. դարու քաղաքական մեծ տեսաբան Ալեքսիս տը Թովքիլէն մէջբերում մը, որ կը վերաբերի ընդհանրապէս պատմական  ներկային, նաեւ  հայկական: Անոր ընթերցումը մտածելու, գործելու եւ բթացումները վերացնելու, գէթ սահմանափակելու կրնայ նպաստել: Ըսուած է. «Բոլոր դարերը ուրեմն նմանա՞ծ են մեր դարուն: Մարդը միշտ աչքի առաջ ունեցա՞ծ է, ինչպէս մեր օրերուն, աշխարհ մը, ուր ոչինչ կը շղթայուի, ուր առաքինութիւնը հանճար չունի, հանճարը պատիւ չունի, ուր կարգը պահելու սէրը կը շփոթուի բռնակալներու ցանկութեան հետ, ազատութեան սրբազան պաշտամունքը օրէնքներու արհամարհանքին հետ, ուր բանականութիւնը կասկածելի լուսաւորում մը կը նետէ մարդկային արարքներուն վրայ, ուր կը թուի թէ այլեւս ոչինչ արգիլուած է, ո՛չ ալ արտօնուած, ո՛չ պարկեշտ է, ո՛չ ամօթալի, ո՛չ ճիշդ, ո՛չ սխալ»:

            Յօդուածը կը վերլուծէր սովորական դարձած սուտի եւ կեղծի սանձարձակ տարածումը, իր սահմանումը գտած եւ ամենուրեք որդեգրուած ամերիկերէն եզրով  «ֆէյք նիուզ»ը, որուն  առջեւ արգելակներ չկան:

            Մովսէս Խորենացի մեր հպարտութիւնը շոյող խօսք ըսած է, որ «մենք փոքրիկ ածու մըն ենք, բայց հոն մեծութիւններ կան»: Եթէ հիմա ապրէր, պիտի աւելցնէր որ կան նաեւ  «ֆէյք նիուզ»ներ, սեւով ճերմակի վրայ, եթերի անպարիսպ անսահմանութեան մէջ: Սովետի օրերու «սեւացրէ՛ք»ը այսօր կը կոչուի «ֆէյք նիուզ», որ կրկնուելով եւ հոլովուելով հետաքրքրասիրութիւն կ’ոոոքէ, որուն միտք բանին դառնութիւններ բաւարարել է, չկայացած փառասիրութիւններու համար: Մեր պարագային, ի լրումն ամէնի, այդ կ’ըլլայ մեր ինքնութեան պատուանդան «ՄԱՅՐԵՆԻ»ն համակարգիչի  անտէր պատուհանին առջեւ մորթազերծ ընելով: Ամբաստանութիւն չէ. քանի որ «… այլեւս ոչինչ արգիլուած է, ո՛չ ալ արտօնուած, ո՛չ պարկեշտ է ո՛չ ամօթալի, ո՛չ ճիշդ, ո՛չ սխալ»:

            Ո՞վ որո՞ւ եւ ո՞ւր պիտի դիմէ: «ֆէյք» մոլոխոտը, ըսե՛լ զազրախօսութիւն,  գիտնալու համար, որ ան ո՞ր  ախտի բալասան է:

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button