Լրահոս

Պոսթընի Մէջ․- «Նաղաշ» Համոյթի Ելոյթը՝ Մարտ 15-ին

Շաբաթ, Մարտ 15ին, Պոսթընի հանրածանօթ Պըրքլի երաժշտանոցի սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 8-ին, ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանէն ժամանած «Նաղաշ» համոյթը, որ բազմիցս ելոյթներ ունեցած է եւրոպական քաղաքներու մէջ եւ 2023-ին ալ, իր առաջին հիւսիսամերիկեան շրջապտոյտը կատարած է։

Այս փեռնարկը կազմակերպած է Global Arts Live-ը, գործակցաբար Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկին (Friends of Armenian Culture Society) հետ, որ տարեկան դրութեամբ, կը կազմակերպէ «Պոսթըն Փոփս»-ի հայկական յատուկ երեկոն, հանրածանօթ «Սիմֆընի Հոլ» սրահին մէջ:

«Նաղաշ» համոյթի ղեկավարն է այժմ Հայաստան փոխադրուած ամերիկահայ երգահան Ճան Հոտեան, որ նաեւ խումբի դաշնակահարն է։ Խումբը կը բաղկանայ երեք առաջնակարգ երգչուհիներէ՝ Յասմիկ Բաղդասարեան, Տաթեւիկ Մովսիսեան եւ Արփինէ Տէր Պետրոսեան, եւ երեք նոյնքան տաղանդաւոր երաժիշտներէ՝ Յարութիւն Չքոլեան (դուդուկ, շվի, պկու, զուռնա), Արամայիս Նիկողոսեան (ուտ) եւ Տիգրան Յովհաննիսեան (դհոլ, դափ եւ թմբուկ)։

Մարտ 11, 2023-ին, Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ «Քերնըկի Հօլ»-ի «Զէնքըլ» սրահին մէջ, «Նաղաշ»-ն է, որ կատարեց Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորած «Միւզիքըլ Արմինիա» ծրագրի 38-րդ տարեկան համերգը։

«Նաղաշ»-ի բոլոր գործերը նկատելի են հայկական աւանդական երաժշտութեամբ, ներդաշնակօրէն միահիւսուած արդիական եղանակով եւ կշռոյթով։

Անոնց գործերը, միջնադարեան բանաստեղծներ՝ Մկրտիչ Նաղաշի եւ Կոստանդին Երզնկացիի գործերուն վրայ հիմնուած են եւ պանդխտութեան, ցաւի, սուգի, պատերազմի եւ համաճարակներու մասին իրենց շեշտերով, յատուկ նշանակութիւն ունին մերօրեայ աշխարհի մէջ։

Տոմսերը ստանալու համար․- bit.ly/naghash-boston

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button