Լրահոս

Քոնկրէսի Հայկական Համախմբումը Արցախի Հայութեան Իրաւունքները Պաշտպանելու Կոչը` Ռուպիոյին

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի ղեկավարութիւնը նամակով մը դիմեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին՝ կոչ ընելով անոր՝ անյապաղ պատասխանատուութեան կանչելու Ատրպէյճանի իշխանութիւնները իր պատերազմական ոճիրներուն համար, երաշխաւորելու Արցախէն բռնի կերպով տեղահանուած հայութեան ապահով վերադարձի իրաւունքին պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Պաքուի կողմէ գերի պահուող հայերուն ազատ արձակումը։

Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց այս հարցերը նախարար Ռուպիոյին հասցնելու՝ Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի ղեկավարութեան այս նախաձեռնութիւնը։

Նամակին տակ ստորագրած են Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ՝ Ֆրենք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս, Պրետ Շըրմըն եւ Տէյվիտ Վալատաօ։

Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ շրջանին մէջ մնայուն խաղաղութիւնը կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել միայն ամբողջական հաշուետուութիւն ապահովելէ եւ Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդին իր հայրենիքը վերադարձնելէ ետք։

Անոր մէջ նաեւ կը պահանջուի պատժամիջոցներ որդեգրել Պաքուի եւ ազերի ղեկավարներուն դէմ եւ նպաստել Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման եւ ուժանիւթ ապահովելու ջանքերուն։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button