Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
22 Հոկտեմբեր 2024
Այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան պետը՝ Էնթընի Պլինքըն, պայուսակները հաւաքած՝ ճամբայ ինկած է դէպի Միջին Արեւելք, ամերիկեան եւ ՆԱԹՕ-ի գաղտնի սպասարկութեանց քուլիսներէն լուր մը սպրդած է (հաւատալը կամ չհաւատալը, ընթերցո՛ղ, իրաւունքդ է): Կ’ըսուի, թէ Արեւմուտքի զինուորական բազուկը, ի տես բազմահազարաւորներու սպանդին եւ համատարած քանդումին, խղճի խայթ ունեցեր է եւ որոշեր է դաս մը տալ Նեթանիահուի Իսրայէլին, մշակեր է բազմափուլ ծրագիր մը, որուն հիմամբ, նախ Իսրայէլի վերեւ պիտի տարածուի թռիչքներու արգիլման գօտի (միջազգային բառամթերքին մէջ ծանօթ No Fly Zone անունով), եթէ ատիկա արդիւնք չտայ՝ բազմազգեան ուժեր պիտի անցնին կայծակնային գործողութիւններու (պատերազմներու բառարանին մէջ Blitzkrieg անունով ծանօթ), որպէսզի նախճիրները վերջ գտնեն:
Այս մտածումը աննախընթաց բան չէ: Աշխարհը վստահաբար չէ մոռցած, որ աւելի քան 23 տարի առաջ, (Յունուար 1991), արեւմտեան ուժերը, ամերիկացիներու սարքած ծրագիրին հիմամբ, յարձակման անցան Իրաքի վրայ, պատժելու համար Քուէյթը գրաւելու ելած Սատտամ Հիւսէյնը: Այդ յարձակումը տեղի ունեցած էր իրաքեան բանակներուն Քուէյթ ներխուժումէն՝ Օգոստոս 1990-էն հազիւ 5 ամիս ետք (մոռցէք, որ հոն ինչպիսի՜ սարքովի բաներ կային): Աւելի ուշ, բազմազգեան ուժերը Իրաքի վերեւ հաստատեցին թռիչքներու արգիլեալ գօտիներ: Մնացեալը արդէն պատմութիւն է (պատերազմի օրերուն Իրաքի կողմէ դէպի Իսրայէլ հրթիռարձակումներ եւ հակադարձութիւններ, Սէուտական Արաբիոյ սահմաններէն ներս յարձակումներ, «Փէթրիըթ»ներու գովազդներ, մինչեւ… «Արաբական գարուն» եւ Սատտամ Հիւսէյնի սպանութիւնը): Տարբերակը գործադրուեցաւ Լիպիոյ մէջ եւ այլուր: Քորէան եւ Վիեթնամը, քիչ մըն ալ Աֆղանիստանն ու այլք հիմա մոռցուած են:
Իսկ եթէ յիշողութիւնները քիչ մըն ալ պեղենք, կը հասնինք 1956, երբ Սուէզի տագնապին օրերուն, նոյն Միացեալ Նահանգները հակադրուեցաւ Իսրայէլի եւ իր դաշնակիցներէն Բրիտանիոյ ու Ֆրանսայի, որպէսզի Ապտըլ Նասըրի կողմէ պետականացուած ջրանցքը անցնի եգիպտական գերիշխանութեան տակ (հոն ալ պատմութիւնը ծանօթ է):
***
…Ինչ որ «տրամաբանական» էր 1956-57 տարիներուն, հիմա կը թուի անհաւատալի ու անհաւանական: Հիմա Ուաշինկթըն իր գրպանին մէջ ունի ո՛չ միայն Եգիպտոսը, Ֆրանսան, Բրիտանիան ու եւրոպացի դաշնակիցները, այլ ունի նաեւ «արդարութիւն հետապնդելու» բոլորովին այլ՝ աղճատուած վարքագիծ: Ան մէկ կողմէ զէնքի հսկայական մթերքներ կը հասցնէ ջարդարար ու ցեղասպան Իսրայէլին, իսկ միւս կողէ, բերանացի զգուշացումներ կ’ուղղէ եւ պատուիրակներ կը ղրկէ Միջին Արեւելք, իբրեւ թէ պատերազմն ու սպանդը դադրեցնելու նախանձախնդրութեամբ: Մարդիկ չեն հասկնար, թէ որքա՛ն ծիծաղելի (եւ ողբերգականօրէն ծիծաղելի) կը դառնան, երբ նախագահ Պայտըն Նեթանիահուի մէկ ամիս պայմանաժամ կու տայ, որպէսզի կազացիներուն տրամադրուող մարդասիրական օժանդակութիւններու դէմ արգելքները վերցնէ, այլապէս կը սպառնայ… զէնք չղրկել: Այլ խօսքով, ան առնուազն մէկ ամիսով կ’երկարաձգէ իսրայէլեան սանձարձակութիւնները (իսկ եւրոպացի դաշնակիցները կը մնան լուռ հանդիսական եւ մեղսակից), մտածելով, որ տրուած պայմանաժամին լրումէն առաջ, իր պաշտօնավարութիւնը իրողապէս վերջ գտած պիտի ըլլայ ընտրութիւններուն ճամբով: Գիտնականները եւ մտային հաւասարակշռութիւնը պահող քաղաքական մարդիկը հիմա հարց դրած են, թէ արդեօք Պայտըն (եւ համախոհները) արդեօք իրենց երակներուն մէջ կը կրե՞ն… Ֆրանսայի Լուի 15-րդ թագաւորին արեան հետքերը: Ծանօթ է, չէ՞, որ ան 18-րդ դարու կէսերուն միջազգային ասոյթներու ցանկին վրայ արձանագրեց իր նշանաւոր՝ «Ինձմէ ետք ջրհեղեղ» խօսքը… (այս խօսքին համահեղինակ կը սեպուի «հոյահամբաւ» Մատամ Փոմփատո՜ւրը…)
***
Եւ ի՜նչ «սքանչելի՜» զուգադիպութիւն: Նոյն Պայտընը այս օրերուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութեան գլուխը բազմածներուն ուղղած է նամակներ, փափաք կը յայտնէ, որ նոր թափ տան դէպի խաղաղութիւն իրենց վազքին, կը յորդորէ, որ պատրաստ ըլլան… զիջումներու: Վերոյիշեալ աղբիւները կը հաւաստեն, որ եթէ այս կոչը անտես առնուի, երեք ամիս ետք Պայտըն… ոտքերը գետին պիտի զարնէ (եղեր), ու ինքզինք պիտի արդարացնէ (եղեր) ըսելով՝ որ ինք ասկէ աւելին ի՞նչ կրնար ընել: Իսրայէլի պէս, Ատրպէյճանն ալ իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան, որովհետեւ ազերիները ամէն օր կը յայտարարեն, թէ հայկական կողմն է չարը, ռազմատենչը, «ռեւանշիստ»ը:
Պէտք ունի՞նք երկար-բարակ մեկնաբանելու այս բարեմի՜տ յորդորը: Եթէ մեր յիշողութիւնը պրպտենք, պիտի տեսնենք, որ նման խարատներ յաճախ եկած են քիչ մը ամէն տեղէ, Հայաստանի վարչախումբին պետն ու մանկլաւիկները բոլորանուէր կերպով կ’ընդառաջեն ԱՄԷՆ ՏԵՍԱԿ զիջումի, Արցախէն մինչեւ Հայաստան ընդարձակ հողեր կու տան, պատրաստ են նոր տարածքներ յանձնելու (զիջումներու ծայրը չ’երեւիր, եթէ տեսնող կայ՝ թող ըսէ), իսկ Ատրպէյճան ո՛չ միայն զիջումի կողմը չի նայիր, այլ իր հին ու նոր դաշնակիցներուն կռթնած՝ «տո՛ւր, աւելի՛ն տուր»ով իր էշը առջեւ կը քշէ, այդ իշուն վրայ կրկին ու կրկին նստելու կը հրաւիրէ «ուսապարկախումբ»ը: Նորագոյն ապացո՞յցը. այսպէս կոչուած՝ սահմանազատումի օրէնքը վաւերացնելու իշխանականներուն վազքը, մինչդեռ Ազրպէյճան կը մտածէ, թէ իր ինչո՞ւն է պէտք նման համաձայնութիւն, երբ առանց անոր ալ, ինք կը խլէ այն, ուր իր ձեռքը կը հասնի, մի՛շտ դաշնակիցներուն աղաղակող կամ լուռ մեղսակցութեամբ:
***
…Հայաստանի «կոյրերու աշխարհ»-ին մէջ, միականիներուն աչքն ալ կ’ուզեն հանել: Խե՜ղճ Արտաւազդը աշխարհէն հեռացող աշխարհակալ հօրը գանգատեր է. «Ես աւերակներու վրայ ինչպէ՞ս թագաւորեմ»: Իսկ կոյրերու վրա՞յ…